ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ …ԱՐԴԱՐ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

0 0
Read Time:1 Minute, 17 Second

 Վերընտրուած նախագահ Բակօ Սահակեանը չէր օրուան յաղթականը…այդ օր Յուլիս 19, 2012-ին:

Ո՛չ ալ իր համակիրները…:

Այլ արդարութիւնը, ազատութիւնը, թափանցիկութիւնը…ընդհանրապէս վերջերս լուսանցքի տակ առնուած ու փոշիի մէջ թաթխուած ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՆ էր օրուան մեծ յաղթականը:

Օրինակելի իրողութիւն մը, ընդօրինակելի երեւոյթ մը որ երանի՜ թէ պատահէր քանի մը ամիս առաջ Հայաստանի Խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ անշուշտ…յատկապէս յառաջիկայի նախագահական ընտրութիւններուն:

Այսպէս Արցախցին, անգամ մը եւս իր օրինակելի կեցուածքով իր աշխարհագրական գրաւչութեան նման հմայեց դէտերը, որոնք ժամանած էին շրջան, այն համոզումով եւ ենթադրութեամբ թէ կրնային հանդիպիլ խոչընդոտներու:

Հակառակն է որ պատահեցաւ այս դէտերուն համար, մեծ զարմանք եւ միեւնոյն ժամանակ բարի նախանձ ստեղծելով:

Արեւելեան թէ Արեւմտեան Եւրոպաներէն եւ Ամերիկաներէն ժամանած այս միջազգային դէտերը, իրենց բարձր գնահատականներով եւ “գեր-օրինակելի“ ընտրութիւններ որակելով, քայլ մը եւս առաջ տարին Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը:  Անոնց համար պարզ ու մէկին, ազատ ու արդար ընտրութիւններ կայացած էին եւ ոչ մէկ ոտնձգութիւն կամ զեղծարարութեան առիթն իսկ ստեղծուած էր:

Պարզապէս ազգային գիտակցութի՞ւն, դաստիարակութի՞ւն, պատրաստակամութի՞ւն թէ պարզապէս այս բոլորը ընդգրկող…Արցախահայութիւն:

Այո՛…Արցախի բուռ մը ժողովուրդը, կատարելով ազատ, ժողովրդավար, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններ, ցոյց տուաւ միջազգային ընտանիքին իւրայատուկ Արցախեան այլընտրանք մը` արդար ընտրութիւններ, որոնք ամէնայն հեզասահութեամբ կը մրցին եւ գէթ աւելի…արեւմտեան աշխարհի որեւէ երկրի ընտրարշաւերուն հետ:

Անշուշտ կայ մետալին միւս կողմը…Պաքուի եւ իր մանկլաւիկներուն յանկերգները թէ ինքնին ապօրինի է կազմակերպել ընտրութիւններ, այսպէս կոչուած գրաւուած հողերու մէջ:  Աւելին Պաքու մեղադրած էր թէ միջազգային դէտերու ներկայութիւնն անգամ անբացատրելի ու անհասկնալի էր: Այս վերջիններուն կը մնայ պատասխանել թէ ինչո՞ւ Արցախ կը գտնուէին եւ թէ յատկապէս ինչպէ՞ս ակնածանքով եւ հիացմունքով հետեւեցան ընտրութիւններուն:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Յուլիս 23, 2012

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles