ԹՈՂ ՏԱ՛­ՍԸ ՏԱ­ՐԻ ՆՈՒԻ­ՐԵՆՔ ՍԱ­ՅԱԹ ՆՈ­ՎԱ­ՅԻՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 19 Second

 2012 տար­ուան սե­մին, բայց մա­նա­ւանդ տա­րին թե­ւա­կո­խե­լէ աս­դին, Հա­յաս­տա­նէն մին­չեւ Թիֆ­լիս ու սփիւռք­եան օճախ­ներ` զի­րար վա­րա­կե­ցինք գե­ղե­ցիկ գա­ղա­փա­րով մը. 2012 տա­րին հռչա­կե­ցինք Սա­յաթ Նո­վա­յի ծննդեան 300ամ­եակ, ամէ­նու­րէք գե­ղար­ուես­տա­կան ձեռ­նարկ­ներ կը նուիր­ուին մեծ աշու­ղին, պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւն­նե­րով վեր կ՛առ­նենք անոր տեղն ու ար­ժէ­քը` մեր ար­ուես­տի պատ­մու­թեան մէջ:

(Երա­նի թէ մեր բո­լոր մե­ծե­րուն ամ­եակ­ներն ալ նման շքե­ղու­թեամբ նշենք):

Տեղ մը, բան մը սխալ է, սա­կայն: Պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան սի­րոյն, պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ սխա­լը: Եթէ այս տա­րի 300ամ­եակ կը տօ­նենք, կը նշա­նա­կէ, թէ մեծ աշու­ղը պէտք է ծնած ըլ­լայ 1712ին: Հար­ցը ճիշդ հոս է:

Սա­յաթ Նո­վա­յի ծննդեան թուա­կա­նը տաս­նամ­եակ­ներ շա­րու­նակ վէ­ճի նիւթ էր: Սա­յաթ­նո­վա­յա­գէտ­ներ ծննդեան տա­րեթիւը տա­րու­բե­րած են 1712էն մին­չեւ 1725 կամ քիչ մըն ալ աւե­լի ուշ: Բո­լորն ալ յար­գե­լի մտա­ւո­րա­կան­ներ եղած են, հաշ­ուար­կին հա­մար ալ ու­նե­ցած են իրենց բա­ցատ­րու­թիւնը:

Աւե­լի քան 40 տա­րի առաջ, հա­մո­զիչ յստա­կա­ցում բե­րաւ Պա­րոյր Սե­ւակ, որուն “Սա­յաթ Նո­վա“ ու­սում­նա­սի­րու­թեան առա­ջին շուրջ 100 էջե­րը նուիր­ուած են Սա­յաթ Նո­վա­յի ծննդեան թուա­կա­նի առեղծ­ուա­ծի լուծ­ման: Սե­ւակ, ման­րա­դի­տա­կով ու նուրբ նշդրա­կով աշ­խա­տող գիտ­նա­կա­նի մը պէս, տար­բա­ղադ­րած է մինչ այդ գրուած­ներն ու վի­ճե­լի երես­նե­րը, ու առա­ւե­լա­բար հիմն­ուե­լով աշու­ղին տաֆ­թա­րէն բխող բա­ցա­յայտ կամ թա­քուն ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վրայ, տասն­եակ­նե­րով փաս­տար­կում­ներ շա­րած է ու  յան­գած` այն վճռա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ Սա­յաթ Նո­վա ծնած է 1722ին, չէր կրնար ծնած ըլ­լալ ան­կէ առաջ կամ վերջ:

Եթէ Սե­ւա­կի եզ­րա­յան­գու­մը գի­տա­կան ար­ժէք ու­նի, եւ ու­նի՛, պէտք է յար­գենք զայն: Այս­քա­նը` պատ­մա­կան ճշգրտու­թեան հա­մար:

Է՛, հի­մա ի՞նչ ընենք: 300ամ­եա­կին նուիր­ուած ու նուիր­ուե­լիք նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը չեղ­եա՞լ նկա­տենք:

Նման քայլ ան­կա­րե­լի է. մեր նպա­տակն ալ այդ չէ, որով­հե­տեւ լաւ սկսուած գոր­ծի մը վրայ պաղ ջուր թա­փե­լը որե­ւէ բա­րի նպա­տակ չ՛իրա­գոր­ծեր:

Լու­ծո՞ւ­մը:

Եկէ՛ք, հա­մա­ձայ­նինք 2012ով սկսող տաս­նամ­եա­կը, մին­չեւ Սա­յաթ Նո­վա­յի ծննդեան իս­կա­կան 300ամ­եա­կի թուա­կա­նը հռչա­կենք ՍԱ­ՅԱԹ ՆՈ­ՎԱ­ՅԻ ՏԱՍ­ՆԱՄ­ԵԱԿ: Կ՛ար­ժէ՛ որ տա­սը տա­րի նուի­րենք մեծ աշու­ղի յի­շա­տա­կին, Սե­ւա­կին նման պե­ղենք անոր ժա­ռան­գու­թեան գան­ձա­րա­նը: Որով­հե­տեւ Սա­յաթ Նո­վա ո՛չ միայն գա­գաթ մըն է մեր գրա­կա­նու­թեան մէջ, այլ նա­եւ մեծ երա­ժիշտ, բա­նաս­տեղծ ըլ­լա­լու կող­քին` նա­եւ փի­լի­սո­փայ ու ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան հե­տա­մուտ ստեղ­ծա­գործ:

Եթէ Սա­յաթ Նո­վա տի­տան մը եղած չըլ­լար, անոր եր­գե­րը աւե­լի քան 250 տա­րի դի­մա­ցած պի­տի չըլ­լա­յին (մին­չեւ օրս ալ անմր­ցե­լի հա­ճոյ­քով կը լսենք ու կ՛եր­գենք իր եր­գե­րը, թէ­եւ անոնց բա­ռե­րը լի­ո­վին հասկ­նա­լի չեն զանգ­ուած­նե­րուն կող­մէ): Աւե­լին, երբ ըսենք Սա­յաթ Նո­վա, մեր մտա­պատ­կե­րին վրայ բա­նաս­տեղծ-աշու­ղը կը բազ­մի  առա­ւե­լա­բար իր սի­րա­յի՛ն եր­գե­րով, նուազ ժա­մա­նակ կը տրա­մադ­րենք թա­փան­ցե­լու անոր փի­լի­սո­փա­յա­կան աշ­խար­հէն ներս, հպան­ցիկ կեր­պով կ՛անդ­րա­դառ­նանք անոր ար­ծար­ծած ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րուն: Հե­տե­ւա­բար, տա­սը տա­րին լաւ ժա­մա­նակ է` լի­ար­ժէ­քօ­րէն վեր առ­նե­լու Սա­յաթ Նո­վա­յի թո­ղած ժա­ռան­գու­թեան ու ար­ժա­նիք­նե­րուն ամ­բող­ջու­թիւնը:

Իսկ եթէ այս բո­լո­րին զու­գա­հեռ, այս տաս­նամ­եա­կին վե­րար­ժե­ւո­րենք Սա­յաթ Նո­վա­յին պէս տա­ղան­դա­ւոր տի­տան­ներ, ո՞վ կը դժգո­հի…

 

Ս. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷՃ­ԵԱՆ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles