ՇԱՐ­ԺԱ­ՊԱՏ­ԿԵ­ՐԻ “ՈՍ­ԿԷ ԾԻ­ՐԱՆ“ ՓԱ­ՌԱ­ՏՕ­ՆԸ

0 0
Read Time:5 Minute, 28 Second

 Անց­եալ շա­բա­թա­վեր­ջին, Երե­ւա­նի մէջ աւար­տե­ցաւ Ոս­կէ Ծի­րանի ին­նե­րորդ փա­ռա­տօ­նը, որ անգամ մը եւս հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծեց:

Շար­ժան­կար­նե­րուն ցու­ցադ­րու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ Մոսկ­ուա եւ Նա­յի­րի շար­ժա­պատ­կե­րի սրահ­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ Յով­հան­նէս Թու­ման­եա­նի ան­ուան տիկ­նի­կա­յին թատ­րո­նի դահ­լիճ­նե­րուն մէջ:

Այս տար­ուայ նո­րու­թիւնը այն էր թէ փա­ռա­տօ­նին ծրագիրը հա­սա­նե­լի եղաւ նա­եւ բջի­ջա­յին ցան­ցով:

Փա­ռա­տօ­նի մի­ջազգային բա­ժի­նի վա­րիչ Տա­թեւ Մար­տի­րոս­եան յայտ­նեց թէ այս տար­ուան փա­ռա­տօ­նին հա­մար, մշակ­ուած էր յա­տուկ բջի­ջա­յին ծա­ռա­յու­թիւն, որ կ՛ընդգրկէ փա­ռա­տօ­նի ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րուն ամ­բող­ջա­կան ծրագիրը, նե­րառ­եալ` ցու­ցադ­րուող շար­ժան­կար­նե­րուն օրը, ժա­մը, վայ­րը, ինչ­պէս նա­եւ` շար­ժան­կար­նե­րու մա­սին հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն:

Այս տա­րի առա­ջին անգամ ըլ­լա­լով Ոս­կէ Ծի­րան մի­ջազգային փա­ռա­տօ­նի կազ­մա­կեր­պող մար­մի­նը յայ­տա­րա­րած էր հայ­կա­կան շար­ժան­կա­րին վե­րա­բե­րող լա­ւագոյն յօդ­ուա­ծա­շա­րի մրցոյ­թը, որուն պար­տա­դիր պայ­ման­նե­րէն մէ­կը այն է, որ առն­ուազն հինգ նիւ­թէ բաղ­կա­ցած շարք մը ներ­կա­յաց­ուի եւ որոնք պէտք է ըլ­լան ոչ պար­զա­պէս տե­ղե­կատ­ուա­կան, այլ` հե­տա­զօ­տա­կան եւ վեր­լու­ծա­կան բնոյ­թի:

Մրցոյ­թը կը դի­տար­կէ փա­ռա­տօ­նի ըն­թաց­քին եւ աւար­տէն ետք մին­չեւ Յու­լիս 30 հրա­պա­րակ­ուած նիւ­թե­րը: Այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը կը նպա­տա­կադ­րէ առա­ւել աշ­խու­ժաց­նել փա­ռա­տօ­նին մաս­նա­կից հայ­կա­կան շար­ժան­կար­նե­րուն շուրջ հե­տաքրք­րու­թիւնը եւ այդ­պի­սով փոր­ձել առա­ւել զարկ տալ հայ­կա­կան շար­ժան­կա­րի զարգաց­ման: Մրցոյ­թը կը սահ­մա­նէր եր­կու մրցա­նակ, իւ­րա­քան­չիւ­րը` հինգ հա­րիւր տո­լա­րի դրա­մա­կան պարգեւ մը:

Փա­ռա­տօ­նը որ կը կա­տար­ուէր Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան աջակ­ցու­թեամբ, աւար­տե­ցաւ Կի­րա­կի օր, Քան­նի (Ֆրան­սա) 65-րդ փա­ռա­տօ­նի գլխա­ւոր մրցա­նա­կա­կիր Սէր ժա­պա­ւէ­նով: Շար­ժա­պատ­կե­րի ամէ­նէն հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցա­նակ­նե­րէն մէ­կուն` Ոս­կէ Ար­մա­ւի­նի-ի կրկնա­կի մրցա­նա­կա­կիր, աւստր­ի­ա­ցի բե­մադ­րիչ Մի­քա­յէլ Հա­նէ­քէի սի­րոյ եւ հա­ւա­տար­մու­թեան մա­սին պատ­մող ժա­պա­ւէ­նը, դե­րա­սա­նու­թեամբ` աշ­խար­հահռ­չակ դե­րա­սան­ներ` Իզա­պէլ Հիւ­փե­րի, Ժան-Լուի Թրան­թին­եա­նի, Էման­ուէլ Ռի­վա­յի:

Փա­ռա­տօ­նի փակ­ման արա­րո­ղու­թեան, Ոս­կէ Ծի­րա­նի պատ­ուա­ւոր հիւր աշ­խար­հահռ­չակ բե­մադ­րիչ Անի­եց­քա Հո­լանտ, ար­ժա­նա­ցաւ Փա­րա­ճա­նով­եան թա­լեր մրցա­նա­կին:

 

Մրցա­նա­կա­կիր­ներնեն.-

Լա­ւագոյն ժա­պա­ւէն

Ոս­կէ Ծի­րան “In The Fog“, բե­մադ­րիչ` Սերգէյ Լոզ­նի­ցա, (Գեր­ման­իա/Ռու­սաս­տան/Լաթվ­իա/Հո­լան­տա/Պե­լա­ռուս)

Ար­ծա­թէ Ծի­րան“It Looks Pretty from a Distance“, բե­մադ­րիչ` Ան­քա Սաս­նալ, Վիլ­հելմ Սաս­նալ, (Լե­հաս­տան)

Դա­տա­կան Մարմ­նի Յա­տուկ Մրցա­նակ “Summertime“, դե­րա­սան` Խօ­սէ Լուիս Տո­ռէս Լէյ­վա, (Չի­լի)

 

Լա­ւագոյն Վա­ւե­րագրա­կան

Ոս­կէ Ծի­րան“Five Broken Cameras“, բե­մադ­րիչ` Էմադ Պուր­նաթ, (Պա­ղես­տին)

Ար­ծա­թԷ Ծի­րան “The Tundra Book. A Tale of Vukvukai, The Little Rock“, բե­մադ­րիչ` Ալեք­սէյ Վախ­րուշև Ռու­սաս­տան

Դա­տա­կան Մարմ­նի Յա­տուկ Մրցա­նակ“Bakhmaro“, բե­մադ­րիչ` Սա­լո­մէ Ճա­շի, (Վրաս­տան/Գեր­ման­իա)

 

Լա­ւագոյն Հայ­կա­կան Ժա­պա­ւէն

Ոս­կէ Ծի­րան Եթէ Բո­լո­րը, բե­մադ­րիչ` Նա­թալ­իա Պել­ի­աուս­կե­նէ, (Հա­յաս­տան)

Ար­ծա­թէ Ծի­րան յա­տուկ մրցա­նակ Նա­նա, բե­մադ­րիչ` Վա­լէ­րի Մա­սատր­եան, (Ֆրան­սա)

 

Լա­ւագոյն Հայ­կա­կան Վա­ւե­րագրա­կան

Հայ­կա­կան Ռափ­սոտ­իա, բե­մադ­րիչ` Կաս­ի­ա­նա Տէր-Յա­րու­թիւն­եան, Սե­զար Կա­նան­եան, Գա­րի Կա­նան­եան, (Պրա­զիլ­իա)

 

Կարճ ժա­պա­ւէն­ներ

“Ոս­կէ Ծի­րան“` “When We Die at Night“, բե­մադ­րիչ` Էտ­ուար­տու Մու­րու­տօ, (Պրա­զիլ­իա)

Դա­տա­կան Մարմ­նի Յա­տուկ Մրցա­նակ

“Insignificant Details of the Accidental Episode“, բե­մադ­րիչ` Մի­խա­յիլ Մես­տեց­կի, (Ռու­սաս­տան)

 

FIPRESCI-ի Մրցա­նակ

“The First Rains of Spring“, բե­մադ­րիչ` Սա­նօ Շին­ծու, Եռ­լան Նուր­մու­համ­պե­թով, (Ղա­զախս­տան/Ճա­փոն)

 

Էքիւ­մէ­նիք  Մրցա­նակ` “Եթէ Բո­լո­րը, բե­մադ­րիչ` Նա­թալ­իա Պել­ի­աուս­կե­նէ, (Հա­յաս­տան)

Էքիւ­մէ­նիք  յա­տուկ տիտ­ղոս` “Future Lasts Forever“, բե­մադ­րիչ` Օզ­քան Ալ­փեր, (Թուրք­իա)

 

Հա­յաս­տա­նի Ազգային Շար­ժա­պատ­կե­րի Ակա­դեմ­իա­յի Մրցա­նակ

Տա­տի­կին Դաջ­ուածք­նե­րը, բե­մադ­րիչ` Սիւ­զան Խար­տալ­եան, (Շուէտ)

Բրի­տա­նա­կան Խորհր­դի Մրցա­նակ` “Հայ­կա­կան Ռափ­սոտ­իա“, բե­մադ­րիչ` Կաս­ի­ա­նա Տէր-Յա­րու­թիւն­եան, Սե­զար Կա­նան­եան, Գա­րի Կա­նան­եան, (Պրա­զիլ­իա)

 

Հա­յաս­տա­նի Շար­ժա­պատ­կեր Ար­տադ­րող­նե­րու Միու­թեան Մրցա­նակ` “With Fidel Whatever Happens“, բե­մադ­րիչ` Կո­րան Ռա­տո­վա­նո­վիչ, (Սերպ­իա)

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles