“ԳՐԱ­ԿԱՆ ԳՈ­ՀԱՐ­ՆԵՐ ԵՒ ԳԻ­ՆԻ“ – ԺԱ­ՄԱ­ՆԱ­ԿԱ­ԿԻՑ ԿԻՆ ԳՐՈՂ­ՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ԳՈՐ­ԾԵ­ՐԸ Կ՛ԸՆ­ԹԵՐ­ՑԵՆ ՆԻՒ ԵՈՐ­ՔԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:6 Minute, 53 Second
Ձախէն աջ` Լօ­լա Գուն­տաքճ­եան, Նո­րա Ար­մա­նի, Լու­սին Գաս­պար­եան, եւ Այ­տա Զի­լել­եան-Սի­լաք

Հինգ­շաբ­թի Ապ­րիլ 12ին, Հայ Կեդ­րո­նի սրա­հին մէջ չորս ար­դի գրող­ներ իրենց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին Հա­մազ­գա­յին Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան  Նիւ Եոր­քի մաս­նա­ճիւ­ղիԳրա­կան Գո­հար­ներ եւ Գի­նի ծրագ­րի ըն­թաց­քին: Այս ան­գամ, սա­կայն, աւան­դա­կան չէր բո­վան­դա­կու­թիւնը, քան­զի առա­ջին ան­գամն էր, որ ար­դի գրող­ներ կը ներ­կա­յա­նա­յին հա­մայն­քին:

Նո­րա Ար­մա­նի, Լու­սին Գաս­պար­եան, Լօ­լա Գուն­տաքճ­եան եւ Այ­տա Զի­լել­եան-Սի­լաք ընթեր­ցե­ցին իրենց իմաս­տա­լից, մարդ­կա­յին հո­գե­վի­ճա­կի բար­դու­թիւն­նե­րը բա­ցա­յայ­տող ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը: Հա­ւա­քա­կան ար­դիւն­քը սփիւռ­քա­հա­յի ու կամ ընդ­հան­րա­պէս մար­դու տա­րա­տե­սակ կեան­քի խո­հա­կան ար­տա­ցո­լումն էր:

Իր բաց­ման խօս­քի մէջ գրա­կա­նու­թեան նուիր­եալ Արե­ւիկ Գաբրի­էլ­եան նշեց. Պայ­ման չէ, որ այս գրող­նե­րը ճա­նաչ­ուեն հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րից դուրս, որ­պէս­զի պար­ծան­քի առար­կայ նկատ­ուեն մեր ժո­ղո­վուր­դի հա­մար: Առա­ւել, մեծ սխալ է ակն­կա­լել, որ սփիւռ­քում ծնուած 3րդ կամ 4րդ սերն­դի գրող­ներն ան­պայ­ման հա­յե­րէ­նով ստեղ­ծա­գոր­ծեն: Հա­մազ­գա­յի­նը հա­ւա­տա­րիմ կը մնայ իր առա­քե­լու­թեա­նը` պահ­պա­նե­լու եւ տա­րա­ծե­լու ազ­գա­յին ար­ուեստն ու գրա­կա­նու­թիւնը, մի­ա­ժա­մա­նակ պէտք է քայլ պա­հի ժա­մա­նա­կի ու սփիւռ­քի ան­խու­սա­փե­լի փո­փո­խու­թիւն­նե­րի հետ: Հե­տե­ւա­բար, Միու­թիւնս ող­ջու­նում է ժա­մա­նա­կա­կից Հայ հե­ղի­նակ­նե­րին:  Գրողնե­րուն ներ­կա­յաց­նե­լէ ետք, ան շեշ­տեց. Ազ­գի իւ­րա­յա­տուկ ինքն­ութիւնը նրա ար­ուեստն ու գրա­կա­նու­թիւնն են, որոնց պահ­պա­նու­մը եւ զար­գա­ցու­մը ան­չա­փելի­օ­րէն կա­րե­ւոր են առ­հա­սա­րակ, ի մաս­նա­ւո­րի` սփիւռ­քում“:

Դե­րա­սա­նու­հի, գրող ու շար­ժա­պատ­կեր­նե­րու հե­ղի­նակ Նո­րա Ար­մա­նի կար­դաց իր ան­տիպ եւ հրա­տա­րակ­ուած (“In Our Own Words: A Generation Defining Itself“) գոր­ծե­րէն, նա­եւ հատ­ուած մը տա­կա­ւին անա­ւարտ վէ­պէն` աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րը ցրուած քոյ­րե­րու մա­սին: Վեր­ջա­ւո­րու­թեան ձայ­նագ­րու­թիւն մը նուա­գեց, որուն բա­ռե­րը առն­ուած էին տե­ղա­հա­նու­թեան մա­սին գրուած բա­նաս­տեղ­ծու­թե­նէ մը:  Ի մի­ջի այ­լոց եւ ի գի­տու­թիւն ըն­թեր­ցո­ղաց, 2012 Քան­նի Փա­ռա­տօ­նին ան ներ­կա­յա­ցուց իր “Moving Stories“ կարճ շար­ժա­պատ­կե­րը, իսկ աշ­նան հան­դէս պի­տի գայ CBS հե­ռա­տե­սի­լի կա­յա­նի փորձ­նա­կան (pilot) “Golden Boys“ ծրագ­րին մէջ:

Գրող, թղթա­կից եւ տա­ղան­դա­ւոր քա­ղա­քա­կան ծաղ­րան­կա­րիչ Լու­սին Գաս­պար­եան կար­դաց եր­կու կարճ պատմ­ուածք­ներ: Առա­ջի­նը` “A Subway Tautology“ ըն­կե­րա­յին ու փի­լի­սո­փա­յա­կան խո­րին երես­ներ բա­ցա­յայ­տեց, մինչ երկ­րոր­դը` “Elixir In Exile“  հայ գեր­դաս­տա­նի մը Տիգ­րա­նա­կեր­տէն բեր­ուած “մո­գա­կան“ ըմ­պելիի մը բա­ղադ­րիչ­նե­րու որոն­ման ժա­մա­նա­կագ­րու­թիւնն է: Սա­կայն այս յու­զիչ, եր­բեմն ալ զա­ւեշ­տա­կան պատ­մու­թիւնը ոչ այլ ինչ է, քան խլուած Ծննդա­վայ­րի հան­դէպ ան­հուն կա­րօտ, հայ­րե­նա­կան օջա­խի որո­նում:  Սոյն պատմ­ուած­քը պի­տի հրա­տա­րակ­ուի rkvry Literary Journal-ի մէջ: Լու­սի­նի վեր­ջին հրա­տար­ակու­թիւնը ման­կա­կան պատ­կե­րա­զարդ գիրք մըն է “The Greedy Sparrow“, որը հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան հէք­իա­թի վե­րա­պա­տումն է, որ պի­տի ներ­կա­յաց­ուի մա­նուկ­նե­րու գրա­կան հան­դէս­նե­րու եւ գիր­քի փա­ռա­տօ­նի առիթ­նե­րով:

Բա­նաս­տեղծ եւ ար­ուես­տա­գէտ Լօ­լա Գուն­տաքճ­եան քա­նի մը գոր­ծեր կար­դաց հա­յե­րէ­նով ու անգ­լե­րէ­նով, նե­րառ­եալ Գա­լով անց­եա­լինևՄա­զերդ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը, որոնք կար­տա­ցո­լեն սի­րե­լի­նե­րու հետ ան­ցու­ցած թանկ պա­հեր: “In Search of Rilke at the Metropolitan Museum of Art“ խո­հա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնը գե­ղե­ցիկ յե­տա­դարձ հայ­եացք մըն էր, մինչ Անոնք Մե­ռան գոր­ծը պա­թե­թիկ բո­ղոք-յի­շա­տա­կում է‘ ի յար­գանս տար­բեր եղեռն­նե­րու զո­հե­րուն:  “The Armenian Artists In New York City“ ձօն­ուած է Ար­շիլ Կորքիի, Ռու­բէն Նաք­եա­նի եւ Մար­կոս Գրի­գոր­եա­նի յի­շա­տա­կին: Ու վեր­ջա­պէս իր ոգե­շունչԽրատ Հայ Բա­նաս­տեղ­ծինվեր­նագ­րով բա­նաս­տեղ­ծութ­իւնը կոչ մըն է գրի­չը վար չդնե­լու, որ յատ­կա­պէս կա­րե­ւոր կը նկա­տենք: Լօ­լա­յի հրա­տա­րակ­ուած հա­ւա­քա­ծո­յի խո­րա­գիրն է “The Accidental Observer“  ներ­կա­յիս մատ­չե­լի գրա­խա­նութ­նե­րէն: Հարկ է նշել, որ Լօ­լան հիմ­նա­դիրն է Dead Armenian Poets Society-ի եւ Armenian Poetry Project-ի, որը դա­սա­կան ու ժա­մա­նա­կա­կից հայ բա­նաս­տեղծ­նե­րու գոր­ծեր եւ այլ գրու­թիւն­ներ կը ներ­կա­յաց­նէ հայ­կա­կան նիւ­թե­րու վե­րա­բեր­եալ:

Նիւ Եոր­քաբ­նակ գրող եւ խմբա­գիր Այ­տա Զի­լել­եան-Սի­լաք անգ­լե­րէ­նով կար­դաց կարճ մատմ­ուածք “He՛s the One For Her“, որ կը նկա­րագ­րէ բո­լո­րիս սրտա­մօտ իրա­վի­ճակ, երբ հայ օրի­որդ մը կը նկրտի հա­յա­խօս ու գե­ղա­դէմ հայ երի­տա­սար­դի մը սիր­տը գրա­ւել: Այս սքանչելի­օ­րէն գրուած պատ­կեր-պատմ­ուած­քը հրա­տա­րակ­ուած է Արա­րատ պար­բե­րա­կա­նի մէջ: Այ­տա­յի գոր­ծե­րէն լոյս տե­սած են “Pen Pusher“, “Slushpile“, “Wilderness House Literary Review“ ու այլ պար­բե­րա­կան­նե­րու մէջ: Իր “Hollowing Moon“ վէ­պը 2011ին հինգ լա­ւա­գոյն գոր­ծե­րու մէջ դաս­ուե­ցաւ “Mercer Street Books Fiction Prize“ի կող­մէ: Այ­տան շա­րու­նա­կա­բար “Boundless Tales“ անու­նով գրա­կան ըն­թեր­ցում­նե­րու շարք կը կազ­մա­կեր­պէ Քուինզ շրջա­նի մէջ:

Վե­րո­յիշ­եալ գրող­նե­րու հետ կա­րե­լի է կապ­ուիլ եւ իրենց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն ծա­նօ­թա­նալ հե­տեւ­եալ կայ­քէ­ջե­րու մի­ջո­ցաւ www.noraarmani.com, www.lucinekasbarian.com, www.lolakoundakjian.com, www.aidazilelian.com

Խրա­խու­սուած այս ձեռ­նար­կի յա­ջո­ղու­թե­նէն, ապա­գա­յին “Հա­մազ­գա­յին“ի Նիւ Եոր­քի մաս­նա­ճիւ­ղը յոյս ու­նի ըն­թեր­ցա­սա­նու­թեան շարք մը եւս կազ­մա­կեր­պել, լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով ժա­մա­նա­կա­կից հայ գրող­ներ:

 

Թղթա­կից

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles