ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԱՄԵՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 35-ՐԴ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

0 0
Read Time:4 Minute, 58 Second
Հայերէն կ՛երգեն բարձրաձայն եւ ինքնավստահ

Յու­նիս 15,  Ուր­բաթ երե­կոյ­եան, Վուտ­սայ­տի Հայ Կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սուրբ Լու­սա­ւո­րիչ Ամե­նօր­եայ Վար­ժա­րա­նի Ամա­վեր­ջի Հան­դէ­սը:

Ծնող­ներ, մեծ հայ­րեր եւ մեծ մայ­րեր, Խնա­մա­կալ Մարմ­նի ան­դամ­ներ, Հ.Օ.­Մ.-ու­հի­ներ, Հայ դպրո­ցով մտա­հոգ  ան­հատ­ներ եւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ար­դէն լե­ցու­ցած էին սրա­հը: Բե­մը եւ սրա­հը ճա­շա­կով եւ գե­ղեց­կօ­րէն զար­դար­ուած էին, աշա­կերտ­նե­րու ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­նե­րով, շնոր­հիւ` վկայ­եալ ար­ուես­տի ու­սուց­չու­հի` Եա­նա  Մար­տի­րոս­եա­նի:

“Ոսկին“ թատերախաղը: Թագաւորի այցելութիւն աղքատ ամոլին

Աշա­կերտ­նե­րը հան­դէ­սի բա­ցու­մը կա­տա­րե­ցին եր­գե­լով, Ամե­րիկ­եան քայ­լեր­գը, Հա­յաս­տա­նի Օրհ­ներ­գը եւ Վար­ժա­րա­նի  քայ­լեր­գը: Տար­բեր դա­սա­րան­նե­րու աշա­կերտ­ներ ելոյթ ու­նե­ցան կամ առանձ­նա­պէս եւ կամ խմբո­վին ար­տա­սա­նե­լով  Ցտե­սու­թիւն  Դպրոց եւ Ման­կա­պար­տէզ“, “Հրա­ժեշտ Այբ­բե­նա­րա­նին“, “Առաջ, առաջ Հա­յաս­տանեւՄայ­րե­նի Լե­զու“: Նոյն ձե­ւով եր­գե­ցին Կի­լիկ­իա“, “Նու­պա­րի Պո­յը եւ Ալագ­եազ  Ներ­կա­յա­ցու­ցին  նա­եւ Հայ­կա­կան թա­տե­րա­խաղ մը Ոս­կին խո­րագ­րով, հե­ղի­նակ`  Ստե­փան Զօր­եան: Աշա­կերտ­նե­րը ինք­նավս­տահ, անս­խալ, սա­հուն հա­յե­րէ­նով եւ հա­րա­զատ առո­գա­նու­թեամբ ներ­կա­յա­ցու­ցին երաժշ­տու­թեամբ եւ պա­րով հա­մեմ­ուած այս կտո­րը որը իս­կա­պէս կը վկա­յէր Հայ Դպրո­ցի եւ հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան ազ­դե­ցու­թիւնը: Աշա­կերտ­նե­րը եր­գե­ցին նա­եւ անգ­լե­րէն եր­գեր դարձ­եալ սա­հուն եւ տպա­ւո­րիչ:

“Ոսկին“ թատերախաղը: Աղքատ ամոլը անհոգ եւ ուրախ կը պարէ

Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց տնօ­րէ­նու­հին` Քրիս­տի­նա Րի­կը­լօֆ իսկ Ծնո­ղա­կան Յանձ­նա­խում­բի կող­մէ խօսք առաւ Արամ Հէ­քին­եան:

Ս. Լու­սա­ւո­րիչ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ Հո­վիւ, Ար­ժա­նա­պա­տիւ Տէր Մես­րոպ Քհնյ Լա­գիս­եան, բաշ­խեց վկա­յա­կան­նե­րը` Ման­կա­պար­տէ­զէն եր­կու շրջա­նա­ւարտ­նե­րու`  Լու­սի­նէ Շահ­վէրտ­եան եւ Մա­սիս Եո­նան: Յանձ­նեց նա­եւ նուէր­ներ Եկե­ղեց­ւոյ հո­գա­բար­ձու­թեան կող­մէ: Իր փակ­ման խօս­քին մէջ Տէր  Մես­րոպ շեշ­տեց հայ դպրո­ցի կա­րե­ւո­րու­թիւնը Սփիւռ­քի մէջ եւ նշեց որ Հա­մազ­գա­յի­նի Նիւ Եոր­քի մաս­նա­ճիւ­ղի կազ­մա­կեր­պած Աշա­կեր­տա­կան Մրցոյ­թին` Ս. Լու­սա­ւո­րիչ Ամե­նօր­եայ Վար­ժա­րա­նէն մաս­նակ­ցող բո­լոր աշա­կերտ­նե­րը, անս­խալ էին ուղ­ղագ­րու­թեան բաժ­նին մէջ: Դպրո­ցին իրա­պէս պա­տիւ բե­րող ար­դիւնք մը:

Հայր Մեր“: ՏԷր Մեսրոպ Լագիսեան, աշակերտներուն հետ

Ար­ժա­նա­պա­տիւ  Տէր Հայ­րը աւել­ցուց  նա­եւ որ Հ.ՕՄ.ի Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած շա­րադ­րու­թեան մրցոյ­թին, դպրո­ցի աշա­կերտ­նե­րէն` Սի­մոն Փո­մաք­եան ստա­ցած է գնա­հա­տա­գիր: Եր­կու յաղ­թա­նակ եւ եր­կու բա­րե­նիշ մի­ա­ժա­մա­նակ: Ապա Տէր Հօր հրա­ւէ­րով բեմ բարձ­րա­ցաւ Հ.Օ.­Մ.-ի Մայր Մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նա­պե­տու­հին` ընկհ. Անա­յիս Չո­լաք­եան որը շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն նուէր­ներ յանձ­նեց Մաս­նա­ճիւ­ղին կող­մէ եւ նշեց որ Դպրո­ցի հիմ­նադ­րու­թե­նէն մին­չեւ այ­սօր` Նիւ Եոր­քի Հ.ՕՄ.ի Մայր Մաս­նա­ճիւ­ղը, թէ՛ նիւ­թա­պէս եւ թէ՛ բա­րո­յա­պես նե­ցուկ կանգ­նած է այս վար­ժա­րա­նին“:

Շրջանաւարտներ` Լուսինէ Շահվէրտեան, Մասիս Եոնան եւ Հ.Օ.Մ.Ի Շրջանայինէն գնահատագիր ստացած Սիմոն Փոմաքեան, Տէր Մեսրոպ Լագիսեանի հետ

Սրտա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ եւ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ տնօ­րէ­նու­հի` Քրիս­տի­նա Րի­կը­լօ­ֆին, ու­սու­ցիչ­ներ` Զմրուխտ Մար­գար­եա­նին, Գա­յա­նէ Գաբրի­էլ­եա­նին Սթիւըն Հա­նը­քին, Սար­գիս Աբէլ­եա­նին, Եա­նա Մար­տի­րոս­եա­նին եւ Շու­շան Սաւզ­եա­նին: Վեր­ջինս եր­գե­հո­նով ըն­կե­րա­ցաւ աշա­կերտ­նե­րու  բո­լոր եր­գե­րուն:

Հ.Օ.Մ.ի “Մայր“ Մասնաճիւղի ատենապետուհի` ընկհ. Անայիս Չոլաքեան շրջանաւարտներուն եւ Տէր Մեսրոպ Լագիսեանի հետ

Հան­դէ­սէն  ետք Տէր Մես­րոպ Քհնյ Լա­գիս­եան, աշա­կերտ­նե­րով շրջա­պատ­ուած  օրհ­նեց հիւ­րա­սի­րու­թեան  սե­ղա­նը եւ մի­աս­նա­բար աղօ­թե­ցին Հայր Մերը:

Յու­զիչ պատ­կեր մը` որ փակ­ուե­ցաւ այս տպա­ւո­րիչ Ամա­վեր­ջի հան­դէսը:

Որ­քան իմաս­տա­լից են Խո­րե­նացիի ան­մահ բա­ռե­րը` Թէ­պէտ  եւ եմք ածու փոքր:

Ներ­կայ մը

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles