ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ.- ՆՈՒ­ՊԱՐ ՔԻՒ­ՓԷԼ­ԵԱ­ՆԻ ԵՒ ՍԻԼ­ՎԱ ՏԷՐ ՍՏԵ­ՓԱՆ­ԵԱ­ՆԻ “ՈՒ­ՍՈՒ­ՑՈ­ՂԱ­ԿԱՆ ԲԱ­ՌԱ­ՐԱՆ ԵՒ ԽՕ­ՍԵ­ԼԱ­ՎԱՐ­ԺՈՒ­ԹԻՒՆ“

0 0
Read Time:3 Minute, 30 Second

 Հա­կա­ռակ որ ար­դէն կ՛ընէ աւե­լի քան հնգամ­եակ մը որ Սիլ­վա Տէր Ստե­փան­եա­նը պաշ­տօ­նա­պէս հե­ռա­ցած է Նիւ Եոր­քի Ամե­րի­կա­յի Հա­յոց Առաջ­նոր­դա­րա­նի անձ­նա­կազ­մէն, ուր ան տնօ­րէ­նու­հին էր Առաջ­նոր­դա­րա­նի Հայ Դպրոց­նե­րու Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Կե­դրո­նին, սա­կայն ան կը շա­րու­նա­կէ չամ­բող­ջա­ցու­ցած իր ծրա­գիր­նե­րը ի գործ դնել, մա՛­նա­ւանդ` Հա­յաս­տա­նի կրթա­կան հա­մա­լի­րէն ներս ներ­դաշ­նա­կե­լով զա­նոնք սփիւռք­եան փոր­ձա­ռու­թեամբ:

Ու­նի հա­րիւր­եակ մը, մեծ ու փոքր, հա­յե­րէն դա­սա­գիր­քե­րու շարք մը, որ տա­կա­ւին կը գոր­ծած­ուի հայ­կա­կան դպրոց­նե­րու մէջ, ըլ­լան անոնք Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ թէ այ­լուր:  Սա­կայն, այս մէ­կը ու­շագ­րաւ հրա­տա­րա­կու­թիւն մըն է եւ տա­րի­նե­րու վրայ եր­կա­րող աշ­խա­տան­քի մը ար­դիւն­քը, որ օգ­տա­կար պի­տի ըլ­լայ հա­յե­րէն լեզ­ուին ծա­նօ­թա­նալ եւ հա­յե­րէն պարզ ու գոր­ծա­ծա­կան նա­խա­դա­սու­թիւն­ներ սոր­վիլ փա­փա­քող պա­տա­նի թէ չա­փա­հաս հե­տաքրք­րուող­նե­րուն հա­մար:

Այս աշ­խա­տան­քին մէջ առիւ­ծի մաս­նակ­ցու­թիւնն ու ներդ­րու­մը բե­րաւ ան­կաս­կած, մե­ծա­պէս օգ­տա­կար ըլ­լա­լով Առաջ­նոր­դա­րա­նի Հայ­կա­կան Բա­ժան­մուն­քի եր­կա­րամ­եայ պա­տաս­խա­նա­տուն` Նու­պար Քիւ­փէլ­եա­նը: Մեծ համ­բե­րու­թեամբ եւ բծախնդ­րու­թեամբ անոնք լոյս աշ­խարհ բե­րին պատ­ուա­բեր հրա­տա­րա­կու­թիւն մը այս անգ­լե­րէ­նէ հա­յե­րէն Ու­սու­ցո­ղա­կան Բա­ռա­րանը: Նշենք որ, բա­ռա­րա­նի գոր­ծա­ծու­թեան եւ տա­ռա­դար­ձու­թեանց հա­մար որ­դեգր­ուած իւ­րա­յա­տուկ եւ պարզ դրու­թեան եւ խօ­սե­լա­վար­ժու­թեան մա­սին անհ­րա­ժեշտ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը, ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րը եւ ու­ղե­ցոյ­ցը տրուած են յա­ռա­ջա­բա­նին մէջ:

766 էջե­րէ բաղ­կա­ցած գիր­քին 664ը` կ՛ընդգր­կէ բա­ռա­րա­նի մա­սը, իսկ մնաց­եալ էջե­րը` անգ­լե­րէն-հա­յե­րէն խօ­սե­լա­վար­ժու­թեան բա­ժի­նը. ինչ­պէս` բա­րե­ւե­լու ձե­ւեր, մաղ­թանք­ներ, ծա­նօ­թաց­ման եղա­նակ­ներ, կեն­ցա­ղա­գի­տու­թիւն, թիւեր-չա­փեր-կշիռ­ներ, հիմ­նա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, խնդրանք­ներ, տնա­յին եւ խո­հա­նո­ցա­յին խօ­սակ­ցու­թիւն …: Այս­պէս 40 տար­բեր բա­ժին­ներ, որոնց վեր­ջի­նը կապ­ուած է եկե­ղեցի­ին եւ կրօ­նին:

Գիր­քը հրա­տա­րա­կու­թիւնն է Ամե­րի­կա­յի Հա­յոց Առաջ­նոր­դա­րա­նին եւ պատ­ուէ­րո­վը` Առաջ­նորդ Խա­ժակ Արք. Պար­սամ­եա­նին: Ու­րախ ենք որ այս հրա­տա­րա­կու­թիւնը իրա­կանա­ցաւ շնոր­հիւ Իր­մա Հ. Տէր Ստե­փան­եա­նի եւ քրոջ Սիլ­վա­յին հետ այս բա­ռա­րա­նը ձօ­նած են անոնք յի­շա­տա­կին` իրենց ծնո­ղաց` Միհ­րան եւ Ալիս Տէր Ստե­փան­եան­նե­րուն:

Շնոր­հա­պարտ ըլ­լա­լու դարձ­եալ իրա­ւունք տրուե­ցաւ հայ դպրո­ցով հե­տաքր­քիր մեր կրթա­կան մշակ­նե­րուն եւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, որով­հե­տեւ այս հրա­տա­րա­կու­թիւնը կու գայ բաց մը եւս գո­ցել մեր կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րէն ներս:

Կը շնոր­հա­ւո­րենք մեր զոյգ սի­րե­լի հե­ղի­նակ­նե­րը այս պատ­ուա­բեր հրա­տա­րա­կու­թեան հա­մար:

 

Նիւ Եորք

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles