ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ – Ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան՝ Արծաթէ Մետալակիր

  Փարիզի 2024-ի Ողիմպիականի 33-րդ խաղերուն Հայաստան շահեցաւ արծաթէ մետալ մը, շնորհիւ յունահռոմէական ոճի (97 քլկ.) ըմբշամարտիկ Արթուր Ալեքսանեանի, որ  աւարտական մրցումին, 4-1 հաշիւով պարտուեցաւ իրանցի իր մրցակից՝ Մոհամատատի Սարաւիէն։...

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հայաստան Վերադառնալուն Օրուան Առիթով` Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինը 34 տարի առաջ Դաշնակցութեան Հայաստան վերադառնալուն առիթով, Օգոստոս 8-ին հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.- 34 տարի առաջ, այս օրը, 1990 թ. Օգոստոսի 8ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն յայտարարեց Հայաստան...

Արցախի Հատրութի Շրջանի Մոխրենես Գիւղը Բնաջնջուած

2022-ին, բաւական մը գրուեցաւ Արցախի Հատրութ շրջանի Սորբ Սարգիս եկեղեցւոյն քանդումին մասին։ Այսօր, տարբեր է կացութիւնը։ Արդարեւ, հիմնուելով արբանեակային լուսանկարներու ներկայացուցած փաստերուն վրայ՝ Ատրպէյճան քանդած ու գրեթէ բնաջնջած է Արցախի...

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ.Օ.Մ.-ի Պատրաստած Արեւմտահայերէն Տեսանիւթերը

Հայ Օգնութեան Միութեան (Հ.Օ.Մ.) Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ պիտի սկսի հրապարակել՝ իր նախաձեռնութեամբ պատրաստուած արեւմտահայերէն տեսանիւթերու հերթական շարքը, որուն մէջ ներառուած են «Մեր լեզուն» դասագիրքի...

Ռուս Սահմանապահները Հեռացան «Զուարթնոց» Օդակայանէն

ԵՐԵՒԱՆ․- Ռուս սահմանապահները այսօր հեռացան Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն, ուր տեղի ունեցաւ հրաժեշտի պաշտօնական հաւաք: Ռուս սահմանապահները «Զուարթնոց»-ի մէջ տեղակայուած էին 1992 թուականէն: Անցեալ Մարտին  հայկական կողմը դիմած է ռուսականին եւ...

Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հինգերորդ Հանդիպում

Յուլիս 30-ին, սահմանային Մարգարա-Ալիճան անցման կէտին վրայ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչները՝ Հ․Հ․ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան եւ թուրք դեսպան Սերտար Քըլըչ ունեցան իրենց հինգերորդ հանդիպումը։...

Զանգեզուրի Միջանցքը Կը Մտահոգէ Իրանը

  ԹԵՀՐԱՆ․- Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի երդման արարողութեան մասնակցելու նպատակով Իրան ժամանած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումներ ունեցաւ Փեզեշքեանի եւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սայետ Ալի Խամենէիի հետ։...

Պոսթըն․- Լիզպոնի 41-Ամեակի Ոգեկոչում

Շաբաթ, Յուլիս 27-ին, կազմակերպութեամբ Պոսթընի Հ․Յ․Դ․ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան,  շրջանի «Բաբգէն Սիւնի» ամումբին մէջ, ներկայութեան յիսուն հայորդիներու, նշուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 41-ամեակը: Բացման խօսքը կատարեց Վարանդ Չիլոյեան։ Նախապէս պատրաստուած տեսերիզով, խօսք առին յաջորդաբար Յակոբ Բագրատունի (Լիբանանի Կեդրոնական...

Երեւանի Մէջ.- Լիզպոնի Գործողութեան 41-Ամեակի Նշում

Յուլիս 27-ին Արամ Մանուկեանի յուշարձանին դիմաց Հ.Յ.Դ. Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը կազմակերպեց ոգեկոչման ձեռնարկ` նուիրուած Լիզպոնի գործողութեան 5 հերոսներուն` Վաչէ Տաղլեանին, Սեդրակ Աճէմեանին, Սիմոն Եահնիեանին, Արա Քրճըլեանին եւ Սարգիս Աբրահամեանին անձնազոհութեան...
Social profiles