1
0
Read Time:17 Second
ԵՐԵՒԱՆ․- Ռուս սահմանապահները այսօր հեռացան Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն, ուր տեղի ունեցաւ հրաժեշտի պաշտօնական հաւաք: Ռուս սահմանապահները «Զուարթնոց»-ի մէջ տեղակայուած էին 1992 թուականէն:
Անցեալ Մարտին հայկական կողմը դիմած է ռուսականին եւ տեղեկացուցած, որ Հայաստանը բաւարար կարողութիւններ ունի` ինքնուրոյն իրականացնելու սահմանի հսկողութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանապահ զօրքերու հրամանատար Էտկար Յունանեան շնորհակալութիւն յայտնեցին ռուսական կողմին 32-ամեայ միացեալ ծառայութեան համար: