Յուլիս 27-ին Արամ Մանուկեանի յուշարձանին դիմաց Հ.Յ.Դ. Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը կազմակերպեց ոգեկոչման ձեռնարկ` նուիրուած Լիզպոնի գործողութեան 5 հերոսներուն` Վաչէ Տաղլեանին, Սեդրակ Աճէմեանին, Սիմոն Եահնիեանին, Արա Քրճըլեանին եւ Սարգիս Աբրահամեանին անձնազոհութեան 41-րդ տարելիցին:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդաց Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Սեւակ Նազարեան անդրադարձաւ Լիզպոնի գործողութեան կարեւորութեան, անոր պարունակած խորհուրդին եւ ներկայ սերունդին փոխանցած պատգամին: Ան շեշտեց, որ 41 տարի առաջ Լիզպոնի մէջ կատարուած գործողութիւն տուեալ ժամանակաշրջանին մէջ իր տեսակով եղաւ բացառիկ եւ կրցաւ շրջադարձային կշիռ ունենալ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Անկէ ետք եւ մինչեւ օրս սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ կ՛ոգեկոչուի նուիրեալ հինգ տղոց յիշատակը, նոյնիսկ մտաւորականներ Հայաստանի մէջ անդրադարձած են անոնց ներկայացուցած արժէքին:
Ս. Նազարեանի դիտել տուաւ, որ զինեալ պայքարի պատմութեան մէջ Լիզպոնի գործողութիւնը ունի իր ինքնուրոյնութիւնը, որովհետեւ մարմնաւորումը եղաւ զոհաբերութեան գագաթնակէտին, երբ Հայաստանը չտեսած, սակայն իրենց ստացած դաստիարակութեամբ Հայաստանով ապրած 5 հայ երիտասարդներ իրենց ամէնէն թանկագին կեանքը նուիրեցին հայութեան եւ Հայ դատին: Ան շեշտեց, որ նոյն այդ զոհաբերութեան ոգին է, որ երիտասարդներ առաջնորդեց Արցախ` ազատագրելու զայն, պայքարելու սուրբ հողին համար: Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը անդրադարձաւ մերօրեայ կեանքին ու պայմաններուն` դիտել տալով, որ այսօր եւս մեծ թիւով երիտասարդներ` Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, կը ներշնչուին ու ազգային դաստիարակութիւն կը ստանան Լիզպոնի հերոսներու գաղափարներէն ու գործած արարքէն: Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան ունի իր պայքարի ձեւերը, այսօր եւս երիտասարդութիւնը կոչուած է ամէնէն լաւ ու ճիշդ ձեւը գտնելու, որպէսզի արժանի ժառանգորդները ըլլայ նուիրեալ բազմաթիւ հայորդիներու, յատկապէս Լիզպոնի տղոց, որոնց գաղափարներով պէտք է զօրանալ եւ շարունակել անոնց ուղին` մնալով պահանջատէր, հաւատարիմ հայութեան եւ Հայ դատին:
Ձեռնարկին ընթացքին հնչեց Լիզպոնի գործողութեան նահատակ տղոց յիշատակի` «Ահա այսպէս արշաւեցիք, Լիզպոն զոհուած լաւ ընկերներ» երգը, ապա ցուցադրուեցաւ Լիզպոնի գործողութիւնը ներկայացնող տեսերիզ:
Նշենք, որ նոյն օրը առաւօտեան Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ Լիզպոնի հերոսներուն: