Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկին Հայկական Բաժանմունքը Տեղեկատուական Թեքնաբանութեան Եւ Լեզուի Ոլորտի Խորհրդատու Կը Փնտռէ.

  Աւելի քան տասը տարի է որ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կ՚աջակցի հայերէնի վերաբերեալ արհեստագիտական գործիքներու ստեղծումին, որպէսզի հայերէնը համատեղելի մնայ ոլորտին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն հետ: Բաժանմունքը...

ՄԱՀԱԶԴ

ՎԱՉԻԿ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ (Ծնեալ՝ Օգոստոս 15, 1934) Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Վաչիկ Խաչատրեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2-ին։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի...

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով Նիւ Եորքէն ժամանեց Փրաւիտընս (Ռոտ Այլընտ), ուր դիմաւորուեցաւ քահանայ հօր ու ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Նոյն օրը երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը...

Լոնտոնի Մէջ Կայացաւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Երիտասարդական Համաժողովը

Հոկտեմբեր 4-6-ին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի երիտասարդական համաժողովը, որ նախաձեռնութիւնն էր Հ.Յ.Դ. Լոնտոնի «Խանասոր» Երիտասարդական Միութեան: Համաժողովին մասնկցեցան Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւններու անդամ աւելի քան 60 երիտասարդներ, 7 երկիրներէ...

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԹՐՈՅԻ ՄԷՋ

  Կիրակի, Սեպտեմբեր 29-ին, Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին առթիւ, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց Թրոյի (Նիւ Եորք) Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առթիւ։ Քարոզին՝ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ տօնի պատմականին, եւ շեշտեց...

Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Շրջանի Հայ Օգնութեան Միութիւնը Կը Հովանաւորէ Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի «Լոյս Մը» Ծրագիրը

  ՀԱԼԷՊ․- Հ․Օ․Մ․-ի Արեւելեան Ամերիկայի Միաւորի ներդրումով, Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը նախաձեռնեց «Լոյս Մը» ծրագիրը եւ «Քարէն Եփփէ».ճեմարանի 9-րդ եւ 12-րդ կարգի աշակերտութեան բաշխեց արեգակնային համակարգով գործող լուսատու սարքեր։...

Ատրպէյճանէն Հաշուետուութիւն Կը Պահանջեն Վաթսուն Քոնկրէսականներ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրէսի Հայկական համախմբումին ատենապետ Ֆրենք Փալոնի եւ Էտ Մարքիի նախաձեռնութեամբ, վաթսուն քոնկրէսականներ նամակով մը կոչ ըրած են, որ Մ․Ա․Կ․-ի COP29 կլիմայական համաաժողովի նախաշեմին,...

«Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը  Մերժեց Արցախցիներու Իրաւունքներու Հարցով Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնաժողով Ստեղծելու Առաջարկը

ԵՐԵՒԱՆ․- Արցախցիներու ընկերային-տնտեսական իրաւունքներու հարցով Ազգային Ժողովի քննիչ յանձնաժողով պիտի չստեղծուի, «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը մերժեց ընդդիմութեան առաջարակութիւնը։ «Մենք կարծում ենք, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնն իր պատգամաւորական գործառոյթների շրջանակներում օժտուած է բոլոր...

ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆԷՔ ԵՒ ՍՈՒԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՎԵՐՕԾՈՒՄ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28-ին Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը, իսկ Կիրակի օր, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեան, կատարուեցաւ Սուրբ Էջմիածինի մայր տաճարի վերօծումը: Մայր տաճարի վերօծման արարողութեան ընթացքին Ամենայն հայոց...
Social profiles