Լրահոս

ՄԱՀԱԶԴ

ՎԱՉԻԿ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Օգոստոս 15, 1934)

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Վաչիկ Խաչատրեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2-ին։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 17-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Սուրբ Ստեփանոս (38 Elton Avenue, Watertown, MA) եկեղեցւոյ մէջ, ապա թաղումը՝ Westview Cemetery (Lexington, MA) գերեզմանատան մէջ։

Սգակիրներ․-
Այրին՝ Լիւսի Խաչատրեան
Զաւակը՝ Արմէն եւ Պելա Խաչատրեան
Դուստրը՝ Ռուզան եւ Սեւակ Աբրահամեան
Թոռները՝ Նայիրի եւ Աւօ Չոլաքեան
Անի Խաչատրեան եւ նշանածը՝ Սեւակ Խաչատուրեան
Էմին եւ Մարալ Աբրահամեան
Եղբօր զաւակը՝ Զարեհ Խաչատրեան եւ տոքթ. Արփի Չալեան եւ դստերք՝ Սիրան եւ Գայիանէ
Եղբօր զաւակը՝ Արա Խաչատրեան
Եւ համայն Խաչատրեան, Ջանեան, Աբրահամեան, Գրիգորեան եւ Աղապապեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները։

Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ կամ Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանին (47 Nichols Avenue, Watertown, MA)

***

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ

Ընկեր ՎԱՉԻԿ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆի մահուան տխուր առիթով,  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն, «Հայրենիք» հաստատութիւնն ու Պոսթընի Հ․Յ․Դ․ «Սարդարապատ» կոմիտէութիւնը իրենց խորին ցաւակցութինները կը յայտնեն ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն:

 

 

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button