Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28-ին Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ Միւռոնօրհնէքի արարողութիւնը, իսկ Կիրակի օր, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեան, կատարուեցաւ Սուրբ Էջմիածինի մայր տաճարի վերօծումը: Մայր տաճարի վերօծման արարողութեան ընթացքին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ըսաւ.- «Պատմական անբեկանելի ճշմարտութիւն է, որ մարտնչիլ Սուրբ Էջմիածինի դէմ կը նշանակէ մարտնչիլ հայոց ինքնութեան եւ գոյութեան դէմ, հարուած հասցնել հայոց պետականութեան եւ հայ կեանքը պարպել ազգային ու հոգեւոր բովանդակութենէ»:
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս իր պատգամը ուղղեց վարչապետի ներկայութեան` առանց յստակութիւններու, թէ որո՛ւն ուղղուած է իր յայտարարութիւնը: «Սուրբ Էջմիածինի առաքելութիւնը արժեզրկելու որեւէ քայլ կը նշանակէ փորձել տկարացնել մեր ազգը, խարխլել հիմքերը անկախ ու ինքնիշխան կեանքի, որուն ջատագովն ու պաշտպանն է հայոց եկեղեցին: Ս. Էջմիածինի հանդէպ աշխարհասփիւռ հայութեան որդիական ջերմ սիրով ու նախանձախնդրութեամբ ամուր է մեր հայրենիքը, զօրեղ եւ անկոտրում` միաբանութիւնը մեր ժողովուրդի», ընդգծեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
Վեհափառը նաեւ յորդորեց` «զերծ պահենք մեր պատմութիւնը կեղծիքներէ ու խեղումներէ»: