Ատրպէյճանէն Հաշուետուութիւն Կը Պահանջեն Վաթսուն Քոնկրէսականներ

0 0
Read Time:1 Minute, 12 Second

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրէսի Հայկական համախմբումին ատենապետ Ֆրենք Փալոնի եւ Էտ Մարքիի նախաձեռնութեամբ, վաթսուն քոնկրէսականներ նամակով մը կոչ ըրած են, որ Մ․Ա․Կ․-ի COP29 կլիմայական համաաժողովի նախաշեմին, հաշուետուութեան կանչուին Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ ռազմական յանցագործութիւններուն, հայ գերիներ ապօրինի կերպով պահելու եւ Հայաստանի տարածքէն հատուածներ ապօրինի կերպով գրաւուած պահելուն համար:

Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան նշեց, որ Պաքու ցարդ պատասխանատուութիւն չի կրեր Արցախի մէջ իրականացուցած իր ցեղասպանական ցեղային զտումներուն համար եւ աշխարհի ղեկավարները պարտաւոր են COP29 ժողովը օգտագործել՝ պատասխաններ պահանջելու համար Ատրպյէճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու աղաղակող խախտումներուն համար եւ հակազդելու համար ցեղասպան վարչակարգին գործողութիւններուն։ Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին յղուած Հոկտեմբեր 3 թուակիր նամակին մէջ կը շեշտուի հետեւեալը. «COP29-ի գումարումին սեմին, կը խնդրենք արտաքին գործոց նախարարութենէն, որ յատկանշական ճնշում բանեցնէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ատրպէյճանի կառավարութեան վրայ՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պահպանման, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանման եւ միջազգային օրէնքներու պահպանման գծով շօշափելի միջոցներ ձեռնարկելու նպատակով: Կ՛ընդգծենք, որ հակառակ անհերքելի ապացոյցներուն եւ միջազգային դատապարտումին, Ատրպէյճան ցարդ որեւէ նշանակալի հետեւանքներ չէ կրած՝ ցեղային զտումներ եւ այլ յանցագործութիւններ իրականացնելուն համար»:

Օրէնսդիրները նաեւ կոչ կ՛ընեն նախարարութեան՝ ապահովելու բոլոր քաղաքական բանտարկեալներուն, պատանդներուն եւ ռազմագերիներուն, ներառեալ հայերուն անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը՝ հաստատելով, որ Արցախի վրայ 2020-ի մահաբեր յարձակումը, Արցախի 10-ամսեայ շրջափակումը եւ Սեպտեմբեր 2023-ին տեղի ունեցած Արցախի հայաթափումը կոպտօրէն խախտած են միջազգային իրաւունքը եւ յանգեցուցած են զգալի եւ շարունակուող մարդկային տառապանքներու: Քոնկրէսականները նաեւ կ՛ընդգծեն, որ տեղահանուած քաղաքացիները պէտք է ապահով վերադարձի իրաւունք ունենան:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles