Կիրակի, Սեպտեմբեր 29-ին, Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին առթիւ, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց Թրոյի (Նիւ Եորք) Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առթիւ։
Քարոզին՝ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ տօնի պատմականին, եւ շեշտեց այն ճշմարտութիւնը, թէ Վարագայ վանքէն հեռու, սակայն Խաչի խորհուրդով եւ հայրենիքի անմար սիրով լեցուն հոգիներն ու սրտերը, հաւատարիմ կը մնան մեր քրիստոնեայ հայեցի ինքնութեան։
Քարոզի աւարտին, Սրբազան Հայրը ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոնդակը, որով լանջախաչ կրելու իշխանութիւն կը շնորհուէր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանին, եւ ապա լանջախաչով զարդարեց Տէր Հօր կուրծքը։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ տօնակատարութիւն կոկիկ յայտագրի մը գործադրումով։ Տէր Հօր սեղանի օրհնութենէն ետք, Նանօր եւ Էյմի Գարակէօզեան ու Ճէքի Գուպիքեան հայկական տոհմիկ պարերով հանդէս եկան։ Հայարփի Տայեան դաշնակի վրայ նուագեց զոյգ գործեր՝ Պրամսէն եւ Ե. Աբրահամեանէն։ Լիզա Պարտագճեան ասմունքեց Արմէն Երեմեանի «Եթէ ապրել, ապա…» բանաստեղծութիւնը։ Երէցկին Մակի Գույումճեան մեներգեց «Խաչի Ճամբան» հոգեւոր երգը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Նշան Գույումճեանի։
Այնուհետեւ, Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տիար Յակոբ Մինասեան, հակիրճ կերպով ներկայացնելէ ետք համայնքին գործունէութիւնը, յանուն գաղութին շնորհաւորեց հոգեւոր հովիւը այս նոր պատիւին համար։ Տէր Վահան իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց գաղութի բոլորանուէր գործակցութեան համար, խոստանալով որ այս պատիւը խթան մը պիտի հանդիսանայ իր ծառայութեան։
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց համայնքէն ներս տիրող համերաշխ գործակցութեան, երիտասարդ ուժերու ներգրաւման, յատկապէս հոգաբարձութեան կազմին մէջ, եւ առհասարակ ծխականներու անսակարկ նուիրուածութեան համար։
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով։
*