ՀԱԼԷՊ․- Հ․Օ․Մ․-ի Արեւելեան Ամերիկայի Միաւորի ներդրումով, Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը նախաձեռնեց «Լոյս Մը» ծրագիրը եւ «Քարէն Եփփէ».ճեմարանի 9-րդ եւ 12-րդ կարգի աշակերտութեան բաշխեց արեգակնային համակարգով գործող լուսատու սարքեր։
Արդարեւ, Հինգշաբթի Սեպտեմբեր 26-ին, կատարուեցաւ յիշեալ լուսաւորման սարքի բաշխումը ձեռամբ Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ.Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, ներկայութեամբ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչ` Սիրան Ամպարճեանի, ինչպէս նաեւ ճեմարանի 9-րդ եւ 12-րդ կարգի դաստիարակներուն։
Սուրիոյ Օգնութեան,Խաչի ատենապետ ընկհ. Զեփիւռ Գէորգեան, խօսք առնելով, շնորհաւորեց Հ․Օ․Մ․-ի Արեւելեան Ամերիկայի միաւորի ընկերուհիներուն, յատկապէս նկատի առնելով Սուրիոյ մէջ տիրող տնտեսական տագնապն ու ելեկտրականութեան սահմանափակ մատակարարումը; Ան անդրադարձաւ թէ՝ սոյն մտայղացումը կու գայ պարտաւորեցնելու միջնակարգի եւ երկրորդականի պետական քննութիւններու պատրաստուող իւրաքանչիւր աշակերտի իր կարելին ի գործ դնելու, որպէսզի այս յատկանշական տարեշրջանը աւարտէ յաւելեալ պատասխանատուութեամբ, հեզասահ եւ առանց խոչընդոտներու. ապա հրաւիրեց Սրբազան Հայրը, որ իր օրհնութիւնն ու հայրական խրատները փոխանցէ այս առթիւ։
Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Վարչութեանս իրագործած այս ծրագիրը եւ խրախուսեց աշակերտները, որպէսզի այս ուսումնական հանգրուանը շրջանցեն լաւագոյն արդիւնքներ ձեռք բերելով եւ իրենց յաջողութիւններն ու նուաճումները ի գործ դնեն օգտակար դառնալով իրենց ազգին ու միջավայրին։