ԵՐԵՒԱՆ․- Արցախցիներու ընկերային-տնտեսական իրաւունքներու հարցով Ազգային Ժողովի քննիչ յանձնաժողով պիտի չստեղծուի, «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը մերժեց ընդդիմութեան առաջարակութիւնը։
«Մենք կարծում ենք, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնն իր պատգամաւորական գործառոյթների շրջանակներում օժտուած է բոլոր լիազօրութիւններով եւ լծակներով, որ անի հարցադրումներ, փորձի գտնել այն բոլոր փաստերը կամ տեղեկութիւնները, որոնք մտահոգում են այս գործընթացների հետ կապուած», յայտնեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանընշած է Կոնջորեանը։
«Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը ըսաւ․- «Իշխող մեծամասնութեան կողմէ սա փորձ է հրաժարելու սահմանադրական պարտականութիւններու կատարումէն։ Ուզում եմ յիշեցնել, որ քննիչ յանձնաժողովի կարեւոր առաքելութիւններից մէկը հենց պառլամենտի վերահսկողական գործառոյթի ներկայացումն է»։