
Ա.Ա.
Ընտրութիւններու արդիւնքներու վիճարկման դիմում՝ Սահմանադրական դատարանին
«Պատիւ Ունեմ», «Հայաստան» եւ «Զարթօնք» դաշինքները որոշեցին դիմել սահմանադրական դատարան եւ վիճարկել խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն արդիւնքները։
«Պատիւ Ունեմ» դաշինքի բանբերը յայտնեց,որ սահմանադրական դատարան պիտի դիմեն, որովհետեւ կասկածներ ունին, որ ընտրութիւններուն արդիւնքները կեղծուած են։ Հինգ ամբողջ երկու առ հարիւր քուէները ստացած դաշինքը թէեւ չանցաւ անցողիկ շեմը, սակայն սահմանադրութեան պահանջով մտաւ խորհրդարան, որովհետեւ ազգային ժողովին մէջ առնուազն երեք ուժ իր պատգամաւորները պէտք է ունենայ։ Ընդդիմութիւնը պէտք է ընդհանուր աթոռներուն մէկ երրորդէն ոչ պակաս աթոռ պէտք է ունենայ։
«Պատիւ Ունեմ»-ի բանբեր Սօս Յակոբեան նշեց, որ կան լուրջ կասկածներ՝ վարչական աղբիւրներու օգտագործման, զինուորներու ուղղորդման եւ այլ խախտումներու, որոնք արդիւնքները կասկածի տակ կ՛առնեն։
Սահմանադրական դատարան պիտի դիմէ նաեւ «Հայաստան» դաշինքը, որ ընտրութիւններուն ստացած է մօտաւորապէս 269 հազար քուէ եւ քսանինը երեսփոխաններով ազգային ժողով պիտի մտնէ։հայաստան դաշինքի ներկայացուցիչ արամ վարդանեան եւս խօսեցաւ զինուորներու ուղղորդման, վարչապետի պաշտօնակատարին կողմէ պաշտօնէական դիրքի շահագործման եւ վարչական աղբիւրներու օգտագործման մասին։
Սահմանադրական դատարան դիմող երրորդ դաշինքը «Զարթօնք»-ն է, որուն վարչապետի թեկնածու Արա Զոհրապեան յայտնեց, որ սահմանադրական դատարան պիտի դիմեն, ոչ թէ դաշինքին ստացած ձայներուն համար, այլ որովհետեւ կասկածներ ունին քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան ստացած 688 հազար քուէներուն նկատմամբ։
Ռուսական ներկայութեան ամրապնդում՝ Հարաւային Կովկասի մէջ
Պաշտօնական երեւան եւ Մոսկուա բանակցութիւններու սկսան՝ հայաստան գտնուող ռուսական ռազմակայանի ընդարձակման ծրագրին շուրջ։ Բանակցութիւններուն մասնակցելու նպատակով Մոսկուա մեկնեցան հայաստանի արտաքին գործոց, տարածքային կառավարման, պաշտպանութեան եւ ենթակառոյցներու նախարարութիւններէն, ինչպէս նաեւ՝ սպայակոյտի, հայեւռուսական միացեալ խմբաւորման եւ կալուածներու արձանագրութեան գործակալութեան ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց ռուս պաշտօնակիցներուն հետ ռուսական ռազմակայանի ընդարձակման աշխատանքներուն եւ ծրագրերուն հարցերը պիտի քննարկեն։
Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի որոշումը կ՛ըսէ։ «Հայաստանի տարածքին ռուսական ռազմակայանի տեղակայման եւ գործառնման նպատակով տարածքներու եւ անշարժ գոյքի փոխանցման հայեւռուսական միջպետական յանձնախումբի տասներեքերորդ նիստին մասնակցելու նպատակով Ռուսիա մեկնեցաւ հայկական պատուիրակութիւնը, որ մինչեւ Յուլիս 1, մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ պիտի կատարէ»։
Տասնչորս անդամներէ բաղկացած հայկական պատուիրակութեան նախագահը պաշտպանութեան նախարարութեան շինարարութեան եւ զօրքերու բնակեցման վարչութեան պետ, միջպետական յանձնախումբի հայկական մասի նախագահ Արմէն Աւետիսեանն է։ Հայկական պատուիրակութեան անդամներուն կէսէն աւելին պաշտպանութեան նախարարութենէն են։Ըստ ռուսական լրատու աղբիւրներու, հայեւռուսական միջպետական յանձնախումբի նիստը մինչեւ Յուլիս 1 հանդիպումները պիտի շարունակուին։
Մօտաւորապէս ամիս մը առաջ, Մայիս 27-ին կառավարութիւնը որոշեց Սիւնիքի մարզին մէջ շուրջ երեքուկէս հեքթար հողամաս մը յատկացնել Ռուսիոյ ապահովութեան դաշնակցային ծառայութեան Հայաստանի մէջ տեղակայուած սահմանապահ ուժերու վարչութեան։ Ռուս սահմանապահներու տրամադրութեան տակ դրուած հողամասը կը տարածուի Կապանի Շիկահող գիւղին, Մեղրիի Շուինաձոր, Կարճեւան եւ Նռնաձոր գիւղերուն եւ Տեղ համայնքին մէջ։ Կառավարութեան հիմնաւորմամբ, Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութենէն ետք անհրաժեշտ էր ամրացնել Հայաստանի հարաւարեւելեան սահմանները։Այս նպատակին համար ալ անհրաժեշտութիւն դարձած էր հողամասերու յատկացումը։ Տեղին է նշել, որ արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք հայեւատրպէյճանական սահմանին որոշ հատուածներուն մէջ ռուս սահմանապահներ հսկողութիւն կը կատարեն։
Ամենայնդէպս պէտք է մտի ունենալ, որ Գիւմրիի ռուսական ռազմակայանը ընդարձակելու ծրագիրը նորութիւն մը չէ։ Յայտարարութիւններու մակարդակով այս մասին խօսակցութիւնները ընթացք առին արցախեան պատերազմէն անմիջապէս ետք։ Պատերազմին ընթացքին ալ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան յաջողեցան ուժ կեդրոնացնել եւ յաղթել, իսկ Ռուսիա ձեռնածալ դիտեց։
Արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին նաեւ բաւական ակնյայտ դարձաւ, որ թէ՛ հայեւռուսական միացեալ զօրախումբը եւ թէ՛ Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան Հայաստանի անդամակցութիւնը արդիւնք չտուին, մանաւանդ երբ ատրպէյճանական ուժերը Հայաստանի հանրապետութեան մէջ թիրախներ հարուածեցին։ Իսկ թրքական օդուժն ալ, ըստ հայկական կողմին, Հայաստանի օդային տարածքին մէջ խոցեց Սու-25 մը, որ հայկական օդուժին կը պատկանէր։Աւելի՛ն։ Ատրպէյճանական զօրամիաւորումներ ներխուժեցին Հայաստան եւ մինչեւ այսօր կը հրաժարին հեռանալէ։
Եւրոպական ազդու միջամտութիւն մը
Աւստրիոյ եւրոպական եւ միջազգային հարցերով նախարար Ալեքսանտր Շալենպըրկ, եւ Ռումանիոյ եւ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ՝ Պոկտան Սուրեսքու եւ Կապրիելուս Լենտսպերկիս Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ եզրափակեցին Հարաւային Կովկաս իրենց շրջապտոյտը, որուն ընթացքին անոնք հանդիպումներ ունեցան Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ։
Թիֆլիսի մէջ կայացած եզրափակիչ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սուրեսքու յայտնեց, որ շնորհաւորած են Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը, անոր գլխաւորած Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան արձանագրած ընտրական յաղթանակին համար։ Ան նաեւ ըսաւ,որ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները լաւ կազմակերպուած էին, ինչ որ նշուած է միջազգային դէտերու կողմէ։ «Կոչ ըրինք՝ շինիչ ոգիով վերակերտելու վստահութիւնը, որուն կառուցման մէկ մասը գերեվարուած բոլոր անձերուն վերադարձն է, իսկ միւս մասը՝ ականապատման քարտէսներուն յանձնումը», ըսաւ ան եւ յայտարարեց ,որ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ խոր քննարկումներ կատարած են՝ ներկայ իրավիճակին եւ ապագայ ծրագրերուն շուրջ։
Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութիւն պատրաստ է աջակցելու հոլովոյթին, որ կրնայ խնդիրներու լուծման նպաստել՝ բանակցութիւններու միջոցով։ Ան ըսաւ,որ հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներուն միջեւ հաշտութիւնը կարեւոր, բայց ջանքեր պահանջող երկար հոլովոյթ մըն է, բայց եւ այնպէս այլընտրանք չունի։
իր կարգին, Աւստրիոյ եւրոպական եւ միջազգային հարցերով դաշնակցային նախարար Ալեքսանտր Շալենպըրկ յայտարարեց, որ նման այցելութիւն աննախընթաց է եւ կը փոխանցէ Եւրոպական Միութեան յստակ պատգամը, թէ եւրոպացիք Հարաւային Կովկասը քաղաքական այլ դերակատարներու պիտի չձգեն։ Ան նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւններուն հետ կատարուած քննարկումներուն մասին եւ նշեց, որ արցախեան պատերազմին վէրքերը տակաւին բաց են։ «Ամենէն պահանջուածը վստահութիւնն է, որ բացակայ է։ Մեր նպատակն է վստահութեան առաջին սերմերը ցանել։մենք հասկցանք, որ կողմերը կը գիտակցին հաշտութեան կարեւորութեան։ Եւրոպական Միութիւն պատրաստ է աջակցելու հաշտութեան հոլովոյթին», ըսաւ ան։
Իսկ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարը յոյս յայտնեց, որ պատերազմական գերիները կը վերադարձուին Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ եւ ականապատուած տարածքներու քարտէսները ատրպէյճանի կը յանձնուին։
Սակայն եւրոպացի նախարարներուն այս բաւական հաւասարակշռուած յայտարարութիւնները ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վրայ, որ բանակին հրամանատարական կազմին հետ իր հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի բանակին թիւը պիտի բարձրանայ, ինչպէս նաեւ նոր զինատեսակ պիտի ապահովուի։
Ալիեւ նշեց, որ պէտք է ճիշդ կերպով վերլուծել ղարաբաղեան պատերազմին արդիւնքն ու ընթացքը։ «Ասիկա անխուսափելիօրէն պիտի առաջնորդէ ատրպէյճանական բանակին թիւին բարձրացման եւ նոր զինատեսակներու ձեռքբերման», ըսաւ ան։