Բեղուն եւ անմոռանալի շաբաթավերջ մը բոլորեց Րոտ Այլընտի հայ գաղութը:
Շաբաթավերջ մը որ սկսաւ Հինգշաբթի Մայիս 17-ին: Արդարեւ, Շուշիի քսանամեակին առթիւ կազմակերպուած այս ձեռնարկներուն ամենէն աւելի յիշատակելին նշուեցաւ այդ օր, երբ Րոտ Այլընտի ներկայացուցչական Տունը, իր նիստին, յատուկ քուէարկութիւն կատարելով, բանաձեւ մը որդեգրեց, պահանջելով որ Ա.Մ.Ն. կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը:
Այս յատուկ նիստին, Ուաշինկթընի իր կեդրոնատեղիէն ժամանած էր Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մօտ Արցախի հանրապետութեան ներկայացուցիչ Պրն. Ռոպերթ Աւետիսեանը, որ ամենայն գոհունակութեամբ, քուէարկութեան աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Րոտ Այլընտի Ներկայացուցիչներու Տան, այս բանաձեւին որդեգրման համար:
Բազմաթիւ հայորդիներ ներկայ էին այս բանաձեւի որդեգրման նիստին: Բացման խօսքի ընթացքին, խորհրդարանի Նախագահ` Կորտըն Ֆոքս, բարի գալուստ մաղթեց տեղւոյն գաղութի ներկայացուցիչներուն, որոնք ժամանած էին պարոն Ռոպերթ Աւետիսեանի հետ: Անոնց շարքին էին` Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ` Անի Հարոյեան, Րոտ Այլընտի Հայ Մշակութային Հաստատութեան ներկայացուցիչ Յակոբ Տօնոյեան, Հայ Երիտասարդաց Միութեան ներկայացուցիչ Լեւոն Աթթարեան եւ Սուրբ Վարդանանց Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամ Ստեփան Էլմասեան:
Բանաձեւին մէջ կը նշուի թէ, Արցախի պետութիւնը, հետեւողական ձեւով կը գործէ իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն եւ շարունակ ճիգ կը թափէ միջազգային մակարդակի վրայ Արցախի հիմնահարցի խաղաղ լուծման համար:
“Այս բանաձեւը կը քաջալերէ ազատ եւ անկախ Արցախի ցանկութիւնը եւ կը յուսամ որ, այս խորհրդարանի յանձնառու կեցուածքը մարդկային իրաւունքներու եւ արդարութեան սկզբունքներուն նկատմամբ տիպար օրինակ մը պիտի դառնայ այլ խորհրդարաններու մօտ, Միացեալ Նահանգներու մէջ թէ այլուր…“, ըսաւ ան:
Նշենք թէ ներկայացուցիչ Աւետիսեան, յառաջիկայ քանի մը օրերուն, պիտի շարունակէ իր հանդիպումները Րոտ Այլընտի մէջ, Արցախի տնտեսական գործակցութիւն կատարելու համար:
Միեւնոյն ժամանակ, “Քեփիթըլ Հիլ“ի մէջ, Ծերակուտականներ Ճէյմս Լանժըվին եւ Տէյվիտ Սիսիլինի հանդէս եկան, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով Արցախի ժողովուրդին: “Քսան տարի առաջ, Արցախի ժողովուրդը պայքարեցաւ եւ զոհուեցաւ իր անկախութիւնը վերականգնելու` Ազերիներու ճնշումէն եւ խտրականութենէն: Կը միանամ Արցախի ժողովուրդին, այսօր ոգեկոչելու համար անկախութեան քսանամեակը, Հանրապետութեան Բանակի ստեղծումը, եւ Շուշիի ազատագրումը“, ըսաւ Սիսիլինի: Իսկ Լանժըվին յայտնեց.- “Փափաքս է թէ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը կրնայ իրականանալ առանց յաւելեալ զոհերու:…Հիմնական է որ, ներկայիս Միացեալ Նահանգները պահեն իրենց սկզբունքային դիրքորոշումը, շրջանի խաղաղութեան առնչութեամբ“:
Նշենք թէ, վերջերս քոնկրէսական Էտըմ Շիֆի առաջնորդութեամբ տարուած ջանքերուն շնորհիւ, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Պետական եւ արտաքին գործողութիւններու յատկացումներու ենթայանձնախումբը վաւերացուցած էր առաջարկներ, որոնց շնորհիւ` Արցախի տրամադրուելիք օժանդակութիւնը կրնայ երկու միլիոնէն հինգ միլիոն տոլարի բարձրանալ:
Րոտ Այլընտի ներկայացուցչական Տան քուարկութենէն ետք, յատուկ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ, Պրն. Աւետիսեան այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան ի յիշատակ կառուցուած “Ժառանգութեան Այգի“ն: Ապա, Պրն. Աւետիսեան ժամանեց տեղւոյն Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահը, ուր տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, ապա տեսակցութիւն եւ հարց-պատասխան, տեղւոյն գաղութին հետ: Ան շեշտեց թէ Արցախ-Սփիւռք փոխ-յարաբերութիւնները տեսականօրէն բազմազան են եւ կ՛ընդգրկեն ազգային-պետական կեանքի բոլոր ոլորտները, սկսելով քաղաքական կառոյցէն մինչեւ մշակոյթ, ամբողջացնելով ազգային նկարագրի պահպանմամբ մտահոգուած սփիւռքահայու ներաշխարհն ու յոյզերը: Այսուամենայնիւ, ան շեշտեց թէ այս փոխյարաբերութիւնները ցայսօր կանոնաւորուած ու համակարգուած չեն:
Զրոյց-տեսակցութիւններու ընթացքին, նաեւ շեշտուեցաւ թէ Արցախ-Սփիւռք համագործակցութեան կարեւորագոյն բնագաւառը կը մնայ վերաբնակեցման ոլորտը: Ան մանրամասնեց վերաբնակեցման գաղափարի քարոզչութեան եւ աջակցութեան կազմակերպման գործընթացը:
Ան աւելցուց թէ, Արցախ-Սփիւռք կապերու խորացումը եւ որակական ընդլայնումը հնարաւոր է ոչ թէ միայն աւանդական կառոյցներուն աշխուժութեան կոչ յղելով, այլ բազմաթիւ գործակցութեան յարաբերութիւններու հաստատմամբ:
Տնտեսական գործակցութեան զարկ տալու համար, կատարուեցան կարգ մը այցելութիւններ, որոնց կարգին յատկապէս շրջանէն ներս մեծ համբաւ վայելող
“Alex and Ani“ հաստատութեան հետ, որ մասնագիտացած է ոսկերչութեան մարզէն ներս: Նաեւ, զբօսաշրջութեան զարկ տալու համար, տեղի ունեցան հանդիպումներ, զանազան հիմնարկներու հետ:
Կիրակի, Մայիս 20-ին, կազմակերպութեամբ Փրովիտէնսի Հ.Յ.Դ. “Քրիստափոր“ կոմիտէութեան, Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ կանգառին մէջ, տեղի ունեցաւ խնճոյք մը` նուիրուած Շուշիի ազատագրման քսանամեակին: Այս առթիւ, իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիգրան Խալիկեան: