ՊՈՍԹԸՆԻ ՀԱՅՈՑ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԱՅԳԻԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:2 Minute, 15 Second

Տասնամեակ մը շարունակ, հետեւողական աշխատանք տանելէ եւ զանազան արգելքներ դիմագրաւելէ ետք, ի վերջոյ Մասաչուսէցի հայութեան երազը իրականացաւ եւ կատարուեցաւ Հայոց Ժառանցութեան Այգիի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը, մասնակցութեամբ տեղւոյն քաղաքի հայ թէ օտար եւ Հայաստանէն ժամանած բարձր պատուիրակութիւններուն:

Բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ Երեքշաբթի Մայիս 22, 2012-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, քաղաքի կեդրոնական շրջանին մէջ, մասնակցութեամբ հարիւրաւոր հայորդիներու, որոնք հակառակ աննպաստ օդին, ժամանած էին հաւաքատեղին, ներկայ ըլլալու այս հանդիսութեան: Խօսք առին Պոսթընի քաղաքապետ Թոմ Մընինօ, Մասաչուսէցի կառավարիչ Տիվէլ Փաթրիք, Ներկայացուցիչ Էտուըրտ Մարքի եւ Հ.Հ. Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան: Անոնք նշեցին թէ, պատմական օր մըն է այս օրը թէ՛ Պոսթընի եւ թէ՛ Պոսթընահայութեան համար: Մընինօ դրուագներ ներկայացնելով իր անցեալի փորձառութենէն, յայտնեց թէ այս իւրայատուկ քաղաքէն ներս, որքան ներդրում կատարած են տեղւոյն ամերիկահայերը: Փաթրիք, իր կարգին շեշտեց թէ քաձատեղեակ է հայոց պատմութեան եւ ինքն ալ գաղթականի զաւակ ըլլալով, կը զգայ թէ ինչ դժուար պայմաններու տակ, տեղւոյն ամերկահայութիւնը կրցած է գործել եւ ի վերջոյ կառուցել այս ժառանգութեան այգին: Շատ աւելի ազդեցիկ կերպով, ներկայացուց Մասաչուսէցի հայութեան վիճակն ու գործունէութիւնը` ներկայացուցիչ Մարքի, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր, ամենայն համերաշխութեամբ եւ եռանդով կը գործէ բազմաթիւ հայորդիներու հետ: Ան անգամ մը եւս շեշտեց թէ պատմութիւնը կարելի չէ կեղծել եւ շեշտեց թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է որ պատշաճօրէն ճանչցուի Սպիտակ Տան կողմէ:

Փիթըր Գութուճեան Միտըլսեքս շրջանի “շերիֆ“ եւ Մասացչուսէցի Ներկայացուցիչներու Տան նախկին պատգամաւոր, իր կարգին խօսք առաւ եւ նշեց թէ այս ժառանգութեան այգիին մտայղացումն ու աշխատանքը կը պատկանի ամէն մէկ հայորդիի: Ան աւելցուց թէ տարբեր գաղափարի կազմակերպութիւններ, հիմնարկներ, միութիւններ ու կուսակցութիւններ միասնաբար գործած են եւ քրտինք թափած այս յուշակոթողը կառուցելու համար:

Այս ժառանգութեան այգիի հիմնարկի գլխաւոր պատասխանատուներէն` Ճէյմս Գալուստեան, աւելի խօսեցաւ պատմութիւն կերտած Պոսթընահայերու մասին, թուելով ծանօթ անուններ, որոնց կարգին Արշիլ Կորքի, Ալըն Յովհաննէս, եւայլն:

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, յատկապէս կեդրոնացաւ գոյութիւն ունեցող հայկական գաղութներու հզօրացման մասին: Ան յայտնեց թէ Հայաստանի բնակչութեան թիւէն աւելի հայորդիներ կ՛ապրին զանազան գաղթօճախներէ ներս, եւ այս իւրայատուկ երեւոյթ մըն է որուն համար աշխատանք կայ կատարելիք, պահելու համար ազգային կապուածութիւնն ու պատկանելիութիւնը:

Հայկական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ Ուաշինկթընի մօտ Հ.Հ. դեսպան` Թաթուլ Մարգարեան:

Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի երկու Առաջնորդներն ալ` Ամէնայն Հայոց Խաժակ Արք. Պարսամեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Օշական Արք. Չօլոյեան իրենց կարգին խօսք առին եւ կատարեցին պատարագ:

Այս ձեռնարկի աւարտէն ետք, հայրենի պատուիրակութիւնը այցելեց կարգ մը հաստատութիւններ, որոնց կարգին Սուրբ Ստեփանոս ամենօրեայ վարժարան, ուր խօսք առաւ տնօրէնուհի Տիկին Հուրի Պոյամեան եւ աշակերտնեռն ալ ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:

Նշենք թէ, օր մը առաջ, կազմակերպուած էր ընթրիք մը, մասնակցութեամբ աւելի քան չորս հարիւր հայորդիներու: Այս առթիւ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարգեւատրեց Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն երեք հայորդիներ` Հրանդ Մարգարեան (“Համազգային“ի նախկին Կեդրոնական Վարչութեան անդամ), Նուպար Պէրպէրեան (“Թէքէյեան“ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան քարտուղար) եւ Պոսթընի ժառանգութեան այգիի հիմնարկի գլխաւոր պատասխանատու` Ճէյմս Գալուստեան:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles