Օրերէ ի վեր, Երեւանի մէջ կատարուած խափանարարական արարք մը, ցունամի մը ստեղծած է հայրենի քարոզչական բնագաւառէն ներս, այնքան մը` որ նոյնինքն պայթումէն շատ աւելի մեծ տարողութեամբ պայթուցիկ եւ թունաւոր մթնոլորտ մը կը տիրէ:
Խափանարարական արարքին ետին կանգնող յանցապարտներուն գրաւը վճառող անձերուն վրայ բեռցնել բոլոր յանցանքը…բնականաբար անընդունելի եւ անհասկնալի է:
Սակայն, երբ այդ անձերը Հ.Յ.Դաշնակցութեան անդամ են եւ աւելի՛ն քաղաքական բնագաւառէն ներս ծանօթ դէմքեր…ահաւասիկ մեղր ու կարագ “փափարացի“ներուն համար, որոնք կուշտ ու կուռ, կրնան ամէն տեսակի քննադատութիւն կատարել:
Նախընտրական օրերուն, քաղաքական առաջադրանքներուն ծիրէն ներս, շարունակ անօրինականութեան ու բռնութեան առաջնորդող դէպքերը դատապարտող Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը լայնածաւալ ու մանրամասն “փլաթֆորմ“ով նպատակադրեց ստեղծել օրէնքի առջեւ հաւասարութիւն բոլոր քաղաքացիներուն, խօսքի եւ գաղափարներու եւ արտայայտութեան ազատութիւն բոլոր անհատներուն:
Եւ այս մէկը, պարզապէս թուղթի վրայ գրութիւն մը չէր, այլ մանրամասն “առ ի գիտութիւն“:
Աւելի՛ն, ընկերվար միջազգայնականին անդամ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան ծրագրին մէջ յստակօրէն նշուած է, որ կը հետապնդէ ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան նուիրագործում, ինչպէս նաեւ ընկերային արդարութեան հաստատում:
Եւ այդ այլ ռումբին պայթումը կամ աւելի ճիշդը` այդ արարքին մասին լրատուակա՛ն պայթումը, կը կատարուի ժամանակաշրջանի մը` “թայմինկ“ի մը ընթացքին, երբ դեռ նոր աւարտած են Խորհրդարանի անթափանց “թափանցիկ ընտրութիւններ“ը:
Եւ դեռ հարցին ամբողջական քննարկումը կատարելու փոխարէն, մաս մը կամ մասնիկ մը միայն ունենալ իբրեւ կիզակէտ եւ խոշորացոյցի տակ առնել միայն ու միայն այդ մասնիկը:
Ե՛ւ դեռ շարունակել ցեխարցակումներն ու մեղադրել ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ ազատութիւններու ջահակիր Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, եւ վերագրել անհանդուրժողութիւն, ընկերային անիրաւութիւն, փոքրամասնութիւններու հանդէպ անարդարութիւն:
Ե՛ւ դեռ շարունակ մեղաւոր ու մեղադրեալ…Մեղա՜յ:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ