Լրահոս

ԹԱՏ­ՐՈՆ .- ԿԱ­ՐԵ­ԼԻ ՉԷ ԼՈՒՌ ՄՆԱԼ…ՀՐԱՆԴ ՄԱՐ­ԳԱՐ­ԵԱ­ՆԻ “SILENCE“ԳՈՐ­ԾԻՆ ԲԵ­ՄԱԴ­ՐՈՒ­ԹԵԱՆ ԱՌ­ԹԻՒ

 Մին­չեւ Մա­յի­սի աւար­տը, Դոկտ. Հրանդ Մար­գար­եա­նի բե­մադ­րած վեր­ջին գոր­ծը` “Silence“, պի­տի ներ­կա­յաց­ուի Նիւ Եոր­քի “Shell“ սրա­հէն (West 43rd Street, Manhattan) ներս:

 Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւթն է ան­գամ մը եւս, բե­մադ­րի­չին կի­զա­կէ­տը:

Դէպ­քը տե­ղի կ՛ու­նե­նայ Վա­նի մէջ, 1915-ի Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­ժան եւ ապա անոր յա­ջոր­դող ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին:

 Հայ մայր մը, ամե­րի­կա­ծին մը ըլ­լա­լով, կրցած է վե­րապ­րիլ, վե­րա­դառ­նալ Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ եւ ու­սա­նիլ բժշկու­թիւն: Դժբախ­տա­բար, Ապ­րիլ 23-24, 1915-ին, ան կորսն­ցու­ցած է ար­հես­տով բժիշկ կո­ղա­կի­ցը, որ այլ հա­զա­րա­ւոր­նե­րու նման սպան­ուած է տեղ­ւոյն թուրք ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ: Քա­նի մը տա­րի ետք, վե­րա­դառ­նա­լով Վան, ան կը փնտռէ, այս ան­գամ…իր մանչ զա­ւա­կը, որ եր­կար ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նէ ի վեր կորս­ուած է: Լսած է թէ, հայ պա­տա­նի­ներ ու մա­նուկ­ներ տե­ղա­հան­ուած ու ող­ջա­կիզ­ուած են, սա­կայն թուրք խղճա­միտ բժիշկ մը, կրցած է օգ­նու­թեան հաս­նիլ եւ փրկել քա­նի մը երի­տա­սարդ հո­գի­ներ: Արդ­եօ՞ք, անոնց շար­քին չէր կրնար ըլ­լալ այս հայ մօր անգ­տա­նե­լի զա­ւա­կը…:

Աւե­լի քան եր­կու ժամ տե­ւող այս գոր­ծը, աթո­ռին կառ­չած, կը գա­մէ հան­դի­սա­տե­սը:

Միշտ ալ լե­ցուն են այս լուռ եւ լուրջ գործին ներ­կա­յա­ցում­նե­րը: Յի­շա­տա­կե­լին այն է թէ օտար հան­դի­սա­տես­ներն ալ մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ կը հե­տե­ւին այս բե­մադ­րու­թեան: Նշենք թէ, այս գոր­ծը կը ներ­կա­յաց­ուի անգ­լե­րէն լե­զուով:

Այս գոր­ծին մէջ, բա­նա­լի դե­րը` ամերի­կա­հայ մօր դերն է, որ ամե­նայն հա­րա­զա­տու­թեամբ կը ներ­կա­յաց­նէ դե­րա­սան-երգ­չու­հի Լօ­րէն Սրապ­եան: Նոյն­քան յա­ջո­ղու­թեամբ, իրենց դե­րե­րը ստանձ­նած են Էնտ­րու Ռա­յա (զա­ւա­կը), Թոտ Լի­սէ­ան (թուրք բժիշ­կը) եւ  Չարլզ Քա­րէ­լը (թուրք բժիշ­կին հայ­րը):

Նշենք թէ, այս ձեռ­նար­կին ապա­հո­ված շա­հը, պի­տի փո­խանց­ուի Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րու վե­րա­նորոգ­ման հիմ­նադ­րա­մին:

Այս ձեռ­նար­կի ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին հա­մար, կա­րե­լի է կապ հաս­տա­տել.- SmartTix.com or 212-868-4444.

 

Թղթա­կից

 

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button