ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՖՈՆՏ

0 0
Read Time:1 Minute, 37 Second

 Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտի հիմնադրութիւնը, որուն նպատակը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելն է Սուրիոյ մէջ հայկական վարժարաններուն:

Սուրիոյ մէջ զարգացող ցաւալի դէպքերը բնականաբար խանգարած են կեանքի բնականոն ընթացքը: Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը հաւատայ, որ վարժարաններու բնականոն գործունէութեան ապահովումը կարեւորագոյն երաշխիքն է հայ մատղաշ սերունդի առօրեան բնականոն հունի մէջ պահելու“,- յայտարարեց Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զեփիւռ Է. Րէիսեանը:

 

Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանը

Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգի Մարաշլեանը յաւելեալ բացատրութիւն տուաւ ծրագրի մասին շեշտելով, որ միութիւնը ժամանակ մը առաջ անդրադարձած էր, որ Սուրիոյ դէպքերու հետեւանքով տեղի հայութիւնը ընկերային եւ տնտեսական դժուար պայմաններու մէջ կրնայ յայտնուիլ: Յետ քննարկումներու, Կեդրոնական վարչութիւնը յարմար նկատած էր Հ.Օ.Մ.-ի օժանդակութիւնը կեդրոնացնել սուրիահայ վարժարաններուն վրայ շեշտելով, որ այդ օժանդակութիւնը յատկացուի կարիքաւոր աշակերտներու կրթաթոշակներու“: Այդպիսով թէ՛ կարիքաւոր սուրիահայ ընտանիքներու բեռը կը թեթեւնայ, թէ՛ վարժարաններու գործունէութեան շարունակականութեան նպաստած կ’ըլլայ Հ.Օ.Մ.-ը:

Մեծապէս գնահատելի է Կեդրոնական վարչութեան այսօրինակ ֆոնտի մը առաջացման որոշումը“,- յայտնեց Ս.Օ.Խ.-ի ատենապետ Աննա Տէր Յակոբեանը: Երկրի դիմագրաւած տնտեսական ծանր տագնապը ազդած է նաեւ հայ համայնքին վրայ եւ Ս.Օ.Խ.-ի խնամատարական յանձնախումբէն նպաստ ստացող ընտանիքներու եւ կրթական ֆոնտի սաներու թիւը կրկնապատկուած է անցնող տարեշրջանին: Համոզուած ենք, որ մինչեւ յառաջիկայ Սեպտեմբեր Հ.Օ.Մ.-ի աշխարհատարած միաւորները իրենց անկարելին կարելի պիտի դարձնեն առաւելագոյն օժանդակութիւնը ցուցաբերելու սուրիահայ կրթական օճախներուն եւ այդ ճամբով` սուրիահայութեան: Կասկած չունինք, որ այլ կարիքներու պարագային եւս աշխարհասփիւռ հայութիւնն ու Հ.Օ.Մ.-ի համահայկական ընտանիքը դարձեալ մեր կողքին պիտի կանգնին, դուրս գալու այս ճգնաժամէն“,-եզրակացուց ան:

Սուրիահայ վարժարաններու օժանդակութեան ֆոնտին նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Հ.Օ.Մ.-ի բոլո՛ր տեղական մասնաճիւղերուն ու շրջանային պատասխանատու մարմիններուն ճամբով: Բոլոր նուիրատուութիւնները պիտի կեդրոնանան Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան մօտ եւ 2012-2013 դպրոցական տարեշրջանի նախօրեակին փոխանցուին Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին, անոր տնօրինումով յատկացուելու համար տեղի հայկական վարժարաններուն, թեթեւցնելու համար սուրիահայ ծնողքին բեռը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles