“Քուէ.- Միակ ապրանքը, որ կարելի է վաճառքի հանել, առանձ որեւէ արտօնագրի“ (“Vote: The only commodity that is peddleable without a license”)
Մարք Թուէյն (1835-1910)
Սպասողական շաբաթներէն ետք, օրերն ալ անցած են եւ ժամեր ու սլաքներ մնացած են Մայիս 6-ի Հայաստանի Խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Հետաքրքրական երեւոյթ է այս գծով իշխողին, ընդդիմադիրին, դիտորդին եւ պարզ մասսային մօտ տիրող այն մթնոլորտը թէ, այս անգամուայ ընտրութիւնները պիտի ըլլան հեզասահ, օրինակելի եւ համապատասխան` միջազգային չափանիշերուն:
Վերջապէս, համաշխարհայնացման գործօնն ալ իր ակամայ դերը կատարած է: Առ այդ, ո՛չ թէ միայն ընտրապայքարի, այլ ընդհանրապէս մօտեցման ոճն ալ փոփոխութեան ենթարկուած է, քայլ պահելով Արեւմտեան Աշխարհի կերտած այդ կեղծիքին հետ, որոնք կը բացատրուին թափանցիկ ընտրութիւններ, վարդագոյն յեղափոխութիւն, ազատ ու արդար ընտրարշաւ եւ այլ ցայտուն եւ բազմիցս չափազանցուած փաղաքշանքներով:
Ասոր կողքին, իշխանութեան դիրքերը կուսակցական շահերու ծառայեցնելու եւ ընտրապայքարի լծակներու վերածելու այդ անընդունելի գործելաձեւը բազմիցս նկատելի է: Միթէ քաղաքակիրթ աշխարհը պիտի չնկատէ՞ թէ մէկ կողմէն, իշխանութիւնները կը փորձեն ներկայացնել ու հրամցնել միջազգային չափանիշերու համապատասխան ընտրապայքար եւ…միւս կողմէն անուղղակիօրէն, ժողովուրդէն կը խլեն ազատ եւ արդար ընտրութիւն կատարելու հնարաւորութիւնը:
Աւելին, խաբկանք է չնկատել եւ չսաստել թէ Հայաստան հեռու կը մնայ “Պետութիւն եւ Օրէնք“ հասկացողութենէն, որ ամէն բանէ վեր կը դասուի, հեռու մնալով, տնտեսական եւ քաղաքական մենաշնորհներու վրայ հիմնուած այդ համակարգային կառոյցէն:
Հոս տեղին է հարցադրել թէ շտապ փոփոխութեան կարի՛քը կայ եւ որուն իրագործման միակ ազդեցիկ լծակն է հաւատքը: Որքա՜ն հաւատքը խոր արմատ ստանայ, այդքա՜ն կը տարածուի փոխելու, յեղաշրջելու այդ կիրքն ու կամքը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, յանձինս իր համամասնական ընտրացուցակին կ՛ահազանգէ թէ ժողովուրդը ամբողջովին յուսախաբութիւն է որ կ՛ապրի, յաչս ներկայ իշխանութիւններուն հետեւողական սխալներուն:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար ժամը հնչած է, օրէնքի ճամբով իսկական յեղափոխութիւն իրագործելու եւ հետեւաբար քուէի ուժով պոռթկացող յեղափոխութեան կայծը արձակելու, մանաւանդ որ ներկայիս որեւէ թերացում կամ մեղք, կը բեռցուի շարունակ այդ անմեղ ժողովուրդին վրայ:
ՀԱՅՐԵՆԻՔ