Ծ.Խ.- Այս կիրակի օրուայ Հ.Հ. խորհրդարանական ընտրութիւններու սեմին, կը հրատարակենք հարցազրոյց մը, կատարուած Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-Ի Կ.Կ.-ի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Գասպարեանի հետ:
Հ.- Ընդհանուր առմամբ, ներազգային իմաստով, համեմատած նախկին ընտրութիւններուն, ի՞նչ կարելի է սպասել, այս կիրակի օրուայ` Մայիս 6ի ընտրութիւններուն:
Պ.- Անշուշտ որ պիտի ըլլան, որոշ տարբերութիւններ այս տարուայ եւ նախկին ընտրութիւններու միջեւ, բայց դժբախտաբար տարբերութիւնները խոր կամ հիմնական պիտի չըլլան: Օրինակի համար, նախանշանները այն են որ նոյն անարդար եւ ոչ թափանցիկ գործընթացը կը տիրէ, այսինքն ընտրութիւնները շաբաթներ առաջ չարաշահումներ, յատկապէս ընտրակաշառքներ կը կատարուին վերնախաւին կողմը, որուն միջոցաւ “կը գնուին“ ընտրողներու քուէները: Այո՛, պիտի ըլլան չարաշահումներ, ընտրութեան օրուայ ընթացքին ալ: Սակայն տարիներու ընթացքին այս չարաշահումները բաւական նուազած են, ներկայացնելով այն մակերեսային տպաւորութիւնը, որ երկրի ներքաղաքական վիճակը բարելաւման ընթացքին մէջն է:
Նաեւ կան այլ տարբերութիւններ: Օրինակ` այս անգամ ամենէն ցայտուն եւ բուռն պայքարը տեղի կ՛ունենայ երկու իշխանական կուսակցութիւններու, այսինքն` Հանրապետական եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւններուն միջեւ, իսկ ընդդիմադիր ուժերը, նոյնիսկ Հայ Ազգային Քոնկրէսի ներկայութեամբ կը ներկայացնեն աւելի թոյլ եւ խոցելի վիճակ:
Հ.- Աւելի սեղմելով կարկինը, այս գծով Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ինչպէ՞ս պատրաստուած է: Համեմատած նախանցեալ ընտրութիւններուն որոշ փոփոխութիւններ կա՞ն:
Պ.- Նոյնպէս, կան որոշ տարբերութիւններ: Այս վերջին տարիներուն, երբ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը տակաւին մաս կը կազմէր կառավարութեան, ունէր իր նախարարները, իր մարզպետներն ու աւելին: Այս բոլորը առիթ տուին որոշ լծակներ, որուն միջոցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կրնար ազդել ընտրական ընդհանուր պատկերին վրայ: Նաեւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը ստանար որոշ նեցուկ կամ չնչին օգնութիւն իշխող խաւէն …բան մը, որ այսօր գրեթէ բացառուած է: Ուրեմն Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, աւելի քան առաջ, պէտք է որ ապաւինի իր ուժերուն վրայ, միշտ փորձ կատարելով, որ իր կապերը ամրապնդուին ժողովուրդի տարբեր խաւերու հետ: Այս կը պահանջէ քրտնաջան աշխատանք` հաղորդակցական, նիւթական եւ այլ ոլորտներու մէջ:
Հ.- Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պատրաստած է նախընտրական հռչակագիր մը, որ իր մանրամասնութեամբ եւ բծախնդիր պատրաստութեամբ նախանձելի է: Այս գծով, ընտրողներու որոշ շօշափելի թիւ մը կարելի պիտի ըլլա՞յ ներգրաւել:
Պ.- Այո՛, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը պատրաստած է ոչ միայն հռչակագիր, այլ ամբողջ նախընտրական ընդհանուր ծրագիր մը, որ կ՛ընդգրկէ հիմնական ոլորտներ` քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, արտաքին եւայլն եւ կը ներկայացնէ ներկայ կացութիւնը, խնդիրներ եւ հնարաւոր լուծումներ: Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը բաւական ժամանակ տրամադրած է այս աշխատանքին գծով, եւ երկրի տարբեր շրջաններ հաւաքներ կազմակերպելով, հանրութեան կը ներկայացնեն ծրագիրը:
Դժբախտաբար, այս վերջին տարիներուն, երկրի նախընտրական մթնոլորտն ու մշակոյթը բաւական այլասերուած են: Այսինքն, նախընտրական ծրագիրներ եւ գաղափարներ, որ պէտք է մեծ ազդեցութիւն ունենան ժողովուրդին վրայ, ցաւոք սրտի զիչած են այլ գործօններու – յատկապէս նիւթական բնագաւառէն ներս – որ այսօր տիրական դարձած է: Մէկ խօսքով, ընտրակաշառքներն ու այլ նիւթական ակնկալութիւնները շատ աւելի համոզիչ են, քան թէ սկզբունքային հաստատումներ ժողովուրդին մօտ: Չեմ կրնար ժողովուրդին միանշանակ այպանել, քանի որ շատերը ունին դժբախտ վիճակ եւ կը փնտռեն այլ ելքեր, իրենց կեանքը բարելաւելու համար: Յամենայն դէպս Հ.Յ. Դաշնակցութեան համոզումը այն է թէ, ժողովուրդը արժանի է արդար, թափանցիկ ընտրութիւններու , որոնք կրնան հիմնուիլ մաքուր, առողջ սկզբունքներու վրայ: Յոյսով ենք որ մեր առջեւ նմանօրինակ պատկեր մը բացուի, յառաջիկայ օրերուն: Իսկ ծրագիրը ինքը, բաւական ընդարձակ փաստաթուղթ է, ներառնելով այն հիմնական բարեկարքումները, որոնք այսօր, մեր պատկերացումով անհրաժեշտ են: Օրինակ` տնտեսական բնագաւառէն ներս, օրէնքներ, որ կ՛երաշխաւորեն մրցունակ տնտեսութիւն, եւ կը խթանեն արտահանման քաղաքականութիւնը: Իսկ հասարական կեանքին համար, օրինակ օրէնքներ, որոնք կ՛ապահովեն ազատ արտայայտութեան իրաւունքը, եւ որ կը պաշտպանեն ազատ մամուլի գոյութիւնը եւ անկաշկանդ աշխատանքը: Իսկ զուտ քաղաքական դաշտէն ներս, օրինակի համար յիշատակելի է դատա-իրաւական համակարգի անկախութիւնը, համամասնական ընտրութիւններու գերակայութիւնը եւ ընդդիմութեան երաշխաւորուած դերակատարութիւնը ազգային ժողովէն եւ այլ պետական մարմիններէ ներս: Այս բոլորը կարող էք պրպտել եւ կարդալ Հ.Յ. Դաշնակցութեան նախընտրական կայքէջէն ներս.- www.arf2012.am
Հ.- Վերջերս շարունակ կը կրկնուի, թէ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը չէ կրցած իր շուրջ հաւաքել լայն զանգուած: Ի՞նչ են դրդապատճառները եւ արդեօք փոփոխութիւն պիտի արձանագրուի՞ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Պ.- Դժուար է միանշանակ ըսել, մէկ կողմէն փաստ է որ այսօրուայ վերնախաւը – յատկապէս “Հանրապետական“ եւ “Բարգաւաճ Հայաստան“ կուսակցութիւնները – ամէն ճիգ կը թափեն, որպէսզի այս համակարգը մնայ նոյնը: Այս “ամէն ճիգ“ի դիմաց, շատ դժուարացած է ընդիմադիր ուժերու գործը: Ոչ միայն Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, այլ Ժառանգութիւնը, Հայ Ազգային Քոնկրէսը, եւ ուրիշներ կը ձգտին ապահովել լայն զանգուած: Եւ իրոք, որոշ ժամանակներ կը տեսնենք, որ ժողովուրդը ուշադիր կը հետեւի լուրերուն եւ ասուլիսներուն, փնտռելով այն յոյսի նշոյլները, որ կրնան երկիրը բարելաւել: Եւ սակայն, ուշադիր հետեւիլը մէկ բան է, իսկ քուէարկելը` ուրիշ բան: Յաճախ տեսած եմ պարագաներ, ուր թեկնածուներ շատ լաւ ընդունելութիւն ստացած են, այս կամ այն գիւղին մէջ, սակայն ազդեցութիւնը կ՛անհետանայ երբ քուէաթուղթերը կը բաժնուին:
Հ.- Յատկապէս Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան եւ անշուշտ անոր անդամ ղեկավարութեան կողմէ, շարունակ շեշտը կը դրուի արդար, ազատ թափանցիկ ընտրութիւններու: Որքանո՞վ պիտի կատարուի այս մէկը:
Պ.- Անկեղծօրէն ըսեմ որ ընտրութեան օրերը, Հայաստանի մէջ, շատ աւելի խաղաղ եւ հանգիստ ձեւով կ՛անցնին այսօր, քան առաջ: Առաջուայ միջոցները (ծեծ, սպառնալիք, քուէատուփերու փոխանակում եւայլն) տակաւին գոյութիւն ունին, բայց շատ աւելի նուազ` քան թէ առաջ: Այս նուազման պատճառները բազմաթիւ են` օտար դիտորդներու ազդեցութիւնը, միջազգային կամ օտար պետական ճնշումները, եւայլն: Սակայն ընդհանուր պատկերը, իր էութեամբ, կը մնայ նոյնը. այսինքն` հիմա ընտրակաշառքներով եւ խորամանկ խաղերով, Հայաստանի խուլիկաները կ՛ապահովեն իրենց դիրքերը շատ աւելի խաղաղ եւ “օրինական“ ձեւով, ինչ որ սկսած է նմանիլ այն “կաշառակերութիւն“ը որ կը տիրէ աւելի “քաղաքակիրթ“ երկիրներու մէջ: Անշուշտ ժողովուրդի մեծ մասը կը տեսնէ այս բոլորը եւ այս պատճառաւ, իր վերաբերմունքին մէջ դարձած է աւելի “սինիք“ (լիրբ) վերաբերմունքին մէջ:
Հ.- Անձնական գնահատումով, յառաջիկայ ընտրութիւններուն, Հ.Յ.Դաշնակցութեան հնարաւորութիւնները որքա՞ն են:
Պ.- Գուշակ չեմ, անշուշտ. սակայն կը կարծեմ, որ Հ.Յ.Դաշնացկութիւնը կրնայ հասնիլ 5% չափանիշին, որուն համաձայն իւրաքանչիւր կուսակցութիւն տեղ կը ստանայ Ազգային Ժողովէն ներս: Կը կարծեմ որ յատկապէս համամասնական ընտրութիւններուն Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը համոզէ ժողովուրդին մէկ մասը, նկատի առնելով իր կիրթ, մաքուր պայքարի ուղին ու ոճը: Նաեւ կուսակցութիւնը ունի իր հաւատարիմ քուէարկողները, որ յարգելով մեր կեցուածքը , ազգային քերխնդիրներու շուրջ, կը քուէարկեն: Սակայն այսօր, դժբախտաբար, նկատի առնելով երկրի դժբախտ վիճակը, “ընկերային“ը կը գերիշխէ ազգայինին վրայ: