Յունիս 29ին, սփիւռքի նախարարուհի՝ տիկ. Հրանուշ Յակոբեան, իր Պոսթըն այցելութեան առթիւ, տուաւ մամլոյ ասուլիս մը Թէքէեան կեդրոնի գրասենեակէն ներս: Ներկայ էին The Armenian Mirror Spectator, Armenian Weekly, Հայրենիք եւ Պոսթընի Հայկական Անկախ Ձայնասփիւռի կայանէն լրագրողներ:
Խօսելով սփիւռքի նախարարութեան հիմնական դերակատարութեան մասին, Յակոբեան նշեց թէ այս նախարարութեան կարեւորագոյն նպատակներն են կամրջել Հայաստանն ու սփիւռքը, հայապահպանումը, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մարդուժի օգտագործումը հայրենիքի ու հայութեան ամրապնդման ու զարգացման համար: »Ան սփիւռքի ձայնն ու խօսքն է Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս«, ըսաւ նախարարուհին: Յակոբեան նաեւ աւելցուց թէ պէտք է համահայկական մտածելակերպ մը զարգացնել եւ հայրենիքը դարձնել ամէն ինչի կեդրոն եւ նկատի ունենալով որ »Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքն է®բոլոր հայերը պէտք է զբաղին Հայստանով«:
Անցեալի եւ ներկայ ծրագիրներուն մասին հարցումներուն պատասխանելով, Յակոբեան նշեց թէ հայրենադարձութեան ծրագիրը »վերադարձ քո արմատին, քո հայրենիքին«, նախարարութեան կարեւորագոյն ծրագիրներէն մին է, որուն միջոցաւ հայ պատանիներ, ուսանողներ եւ երիտասարդներ Հայաստան այցելելով աւելի լաւ կը հասկնան հայրենիքի աւանդական սովորութիւններն ու ապրելակերպը: Ան աւելցուց թէ, նախարարութիւնը ինքնուրոյն որոշումներ չառներ սփիւռքի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ առնչուած. »Պէտք է համագործակցիլ եւ ոչ թէ յանձնառարել. մենք երկխօսում, բանավիճում եւ որոշում ենք: Միայն նախարարութիւնը չէ որ պէտք է դա կատարի, այլ թէ° սփիւռքը եւ թէ° Հայաստանը«:
Զանազան խորհրդաժողովներու ծրագրերուն անդրադառնալով, Յակոբեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ճարտարապետներու Ա. խորհրդաժողովին նկատմամբ: Յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին սփիւռքի նախարարութիւնը ծրագրած է եօթ մասնագիտական խորհրդաժողովներ բազմազան մարզերու մէջ:
Պատասխանելով Ռուսիոյ մէջ սփիւռքի հայ գաղութի իրավիճակին մասին հարցումին, նախարարուհին իր մտահոգութիւնը յայտնեց ըսելով թէ, Ռուսիոյ մէջ ցուլումի հարց կայ, հետեւաբար պէտք է ամրացնել հայերու միութեան հիմքերը, իրականացնելով միօրեայ դպրոցներու, Հայ եկեղեցւոյ եւ հանրային բնակարաններ կերտելու ծրագիրները: Խօսելով սփիւռքի նկատմամբ տպաւորութիւններուն մասին ան հարց տուաւ. »Ի՞նչն է որ հայը հայ կþապրի դրսում: Ինչպէ՞ս կարելի է հարիւրաւոր տարիներ հայ մնալ սփիւռքում: Երեւի մեր հինգ հազար տարուան մշակոյթը, եկեղեցին եւ ընտանեկան աւանդութիւնները կը ստիպեն հայերը որ վերադառնան իրենց արմատներուն: Շնորհակալութեան արժանի է այն ինչ որ կատարւում է սփիւռքում«:
Երիտասարդական ծրագիրներուն անդրադառնալով, նախարարուհին նշեց »Առի Տուն« ծրագիրը, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած բանակումներու եւ ճամպարներու կարեւորութիւնը, ուսանողներու համար յատուկ մասնագիտական կրթական ծրագիրները, ինչպէս նաեւ աշխատանքը՝ ստեղծելու քոյր համալսարաններ եւ դպրոցներ սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ:
Վերջապէս, Յակոբեան ըսաւ թէ սփիւռքահայերը »մեր դեսպաններն են դրսում« եւ սփիւռքի նախարարութիւնը պատրաստ է անոնց յատուկ առաջարկները ծրագրելու եւ իրականացնելու:
Read Time:1 Minute, 47 Second