ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2008 – 2009 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ

0 0
Read Time:3 Minute, 18 Second

Տնօրէնուհի Պոյամեան կը պատուէ տիկին Արտեմիս Մկրտիչեանը
Տնօրէնուհի Պոյամեան կը պատուէ տիկին Արտեմիս Մկրտիչեանը
Սբ. Ստեփանոս Ազգ. Վարժարանը յաջողութեամբ բոլորեց իր 25րդ դպրոցական տարեշրջանը: Մանկապարտէզի Ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 18ին, իսկ Նախակրթարանի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 19ին, ներկայութեամբ մեծ թիւով ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանի հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներուն:
Երկու հանդէսներուն, տնօրէնուհին՝ տիկին Հուրի Պոյամեանը ծանրացաւ դպրոցի յաջողութիւններուն վրայ, ի մասնաւորի Աւարտական Դասարանի Հայաստան Այցելութեան եւ Պաշտօնական Քննութիւններուն մեր Բ. եւ Դ. Կարգերու աշակերտներու արձանագրած յաջողութեանց վրայ:
Այս տարի մեր Դ. կարգի աշակերտներու ընթերցանութեան, լեզուի եւ թուաբանութեան ընդհանուր միջինը եղած է Ամերիկայի ամբողջ տարածքին ստացուած ամենէն բարձր 18 առ հարիւրին մէջ, իսկ Բ. Կարգի ընդհանուր միջինը նոյն նիւթերուն մէջ եղած է ամենէն բարձր 21.5 առ հարիւրին մէջ:
Տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց Ուսուցչական Կազմին, Գրասենեակի Անձնակազմին, Ծնողական Յանձնախումբին, Դպրոցի Խնամակալութեան եւ Յանձնախումներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք կը նպաստեն դպրոցի վերելքին, ի մասնաւորի Մայրաք ընտանիքին հինգ տարիներու ընթացքին իրենց կատարելիք 200.000 տոլարի նուիրատուութեան համար:
Յունիս 18ին, տիկին Պոյամեան պատուեց չորս ուսուցիչներ իրենց երկար տարիներու ծառայութեան համար: Տիկին Մարալ Օրջանեանը եւ տիկին Աննա Քիւփէլեանը ստացան դպրոցի Արծաթեայ Զարդասեղը, իրենց տասը տարուայ ծառայութեան համար, իսկ տիկին Արաքսի Փօլատեանը եւ տիկին Մարալ Տէրտէրեանը ստացան դպրոցի ոսկեայ զարդասեղը, առաջինը՝ 15, երկրորդը 18 տարիներու ծառայութեան համար:
Յունիս 19ին, տիկին Պոյամեանը պատուեց տիկին Արտեմիս Մկրտիչեանը Դպրոցի Արծաթեայ Զարդասեղով, նախակրթարանի Ա.Ե. կարգերու մէջ իր տասը տարիներու ուսուցչական ծառայութեան համար: Տնօրէնուհին, ապա պատուեց մասնաւոր յուշանուէրով մը Շարիստեան Մելքոնեանը ութը տարիներ Կրթական Մարմնի մէջ եւ մէկ տարի ալ Տնօրէն Խորհուրդի մէջ ծառայած ըլլալուն համար: Տիկին Պոյամեան մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստի ուսուցչուհի տիկին Ալիք Արզումանեանին եօթը տարիներու ծառայութեան համար, իսկ տիկին Անի Չէնկէլեանին վերջին երկու տարիներուն դպրոցի տարեգրքի պատրաստութիւնը յանձն առած ըլլալուն համար:

st st IMG_1577[1]
Յունիս 18ին Մանկամսուրի տնօրէնուհին, տիկին Մարալ Օրջանեանը ներկայացուց հանդէսի թեման, որն էր հայերը Միացեալ Նահանգներու մէջ: Մանկամսուրի եւ Մանկապարտէզի աշակերտները ներկայացուցին հայկական պարեր եւ երգեր Հաուայիի, Քալիֆորնիոյ, Թէքսասի, Լուիզիանայի եւ Նիւ Եորքի Նահանգներու իւրայատուկ պարերու եւ երգերու կողքին:
Յունիս 19ին, Նախակրթարանի հանդէսը նուիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանի Ծննդեան  140րդ Տարեդարձի եւ Սէրգէյ Փարաճանովի ծննդեան 85րդ տարեդարձին: Նախակրթարանի բոլոր՝ կարգերը բաժին ունէին հանդէսի յայտագրին մէջ, որը հմտօրէն մշակուած էր տիկին Արտեմիս Մկրտիչեանի կողմէ:
Իրենց փակման խօսքին մէջ, Սբ. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը, պրն. Ճոն Տաղլեան եւ Սբ. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տէր Անդրանիկ Ա. քհնյ. Պալճեանը իրենց գնահատանքը յայտնեցին տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին անոնց տարած նուիրեալ աշխատանքին համար:
Յունիս 18ին հետեւեալ 19 աշակերտներ վկայական ստացան Մանկապարտէզէն, Նարեկ Ապոյեան, Արեգ Ատուրեան, Անդրանիկ Աթինիզեան, Իզապէլլա Պալեան, Պերճ Չէքիճեան, Անի Դաւիթեան, Լորի Կանճեան, Անճելինա Հաիպեան, Անի Յարութիւնեան, Շանթ Գարամուսայեան, Քնար Գրաֆեան, Էլիզապէթ Քրմզեան, Քարինա Մելքոնեան, Լիլիթ Միքայէլեան, Վահան Նաճարեան, Անի Ուրֆալեան, Կարէն Սահակեան, Կասիա Ոսպիկեան եւ Իզապէլլա Եղիայեան:
Յունիս 19ին, հետեւեալ 15 աշակերտները վկայական ստացան նախակրթարանէն, Մելինէ Աֆթանտիլեան, Շանթ Արոյեան, Դաւիթ Պապիկեան, Թինա Պարսումեան, Գօգօ Պոյաճեան, Ցոլին Ղահրաման, Թէնի Գրիգորեան, Անի Հաքէթ, Գէորգ Համբարեան, Անդրանիկ Քէչէճեան, Վարագ Մուրատեան, Ճոնըթըն Օրջանեան, Լորի Սահակեան, Պարգեւ Թերզեան եւ Անի Վեհապետեան:

st st IMG_1879[1]
Վկայականներու բաշխումէն ետք տնօրէնը բաժնեց 20082009 տարեշրջանի մրցանակները.

1. Հայերէն դասընթացքներու մրցանակներ. ստացան
 Ազգ. Առաջնորդարանի Մրցանակը՝ Թէնի Գրիգորեան, Դաւիթ Պապիկեան, Վարագ Մուրատեան, Ճոնըթըն Օրջանեան:
 Դպրոցի մրցանակը՝ Լորի Սահակեան, Անի Վեհապետեան, Անդրանիկ Քէչէճեան, Գօգօ Պոյաճեան
 Հայ Օգնութեան Միութեան մրցանակը՝ Ցոլին Ղահրաման:
 Կրթական Յանձնախումբի մրցանակը՝ Մելինէ Աֆթանտիլեան, Շանթ Արոյեան, Թինա Պարսումեան, Անի Հաքէթ, Գէորգ Համբարեան, Պարգեւ Թերզեան:

2. Նախագահական մրցանակներ ստացան
 Ուսման մէջ Գերազանցութեան՝ Թէնի Գրիգորեան եւ Դաւիթ Պապիկեան
 Ուսման մէջ Իրագործման՝ Մելինէ Աֆթանտիլեան, Ցոլին Ղահրաման, Անի Հաքէթ, Լորի Սահակեան, Գէորգ Համբարեան եւ Անդրանիկ Քէչէճեան

3. Վարքի մրցանակ ստացան
Շանթ Արոյեան, Թէնի Գրիգորեան, Անդրանիկ Քէչէճեան, Ճոնըթըն Օրջանեան

4. Նշան եւ Արշալոյս Նաճարեան Կրթաթոշակ ստացան
 Արուեստի մէջ հետաքրքրութեան համար՝ Ալէքսըս Քորմիր եւ Կարօ Պազարպաշեան
 Երաժշտութեան մէջ հետաքրքրութեան համար՝ Քաթարինա Նալպանտեան եւ Թաթիանա Մովսէսեան իւրաքանչիւրը ստացան 200 տոլարի կրթաթոշակ:

5. Հայ Օգնութեան Միութեան Շարադրական մրցումին
 Ե. Կարգէն  հայերէն շարադրութեան համար
Ա. մրցանակ՝ Լորի Սահակեան, Գ. մրցանակ՝ Թինա Պարսումեան
Անգլերէն Շարադրութեան համար
Բ. մրցանակ՝ Անդրանիկ Քէչէճեան, Գ. Մրցանակ՝ Մելինէ Աֆթանտիլեան
 Դ. Կարգէն հայերէն Շարադրութեան համար
Բ. մրցանակ՝ Սարինէ Աշճեան

6. Անթերի Ներկայութեան մրցանակ
 Մանկապարտէզէն՝ Պերճ Չէքիճեան, Անի Դաւիթեան
 Ա. Կարգէն՝ Արա Չէնկէլեան, Կրէկըրի Քորմիր
 Դ. Կարգէն՝ Թաթիանա Մովսէսեան, Լորի Շիրինեան
 Ե. Կարգէն՝ Անի Հաքէթ

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles