ՃԱՄԲՈՒ ՔԱՐՏԷՍԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ…ԶԻՋՈՒՄ ԵՒ ՅՈՌԵՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 7 Second

Հայթրքական յարաբերութիւններու «առանց նախապայմանի» բնականոնացման առաջնորդելու կոչուած ճամբու քարտէսին ստեղծած  քաղաքական եռուզեռն ու վերջին օրերու անցուդարձերը այնպիսի ընթացք մը ստացած են, որ…իր կարգին առանց նախապայմանի կը մտահոգէ հայորդին:

Այո° մտահոգ ենք պատահածներով եւ այդ միշտ կրկնելով ու քաջատեղեակ ըլլալով թէ, ազգային շահերն ու ազգային անվտանգութիւնն է որ կը հարուածուին եւ կը ստեղծեն ահազանգային բարդ իրավիճակ:
Մտահոգիչ է այն երեւոյթը, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ճիգերը ամէն գնով կ°ենթարկուին մոռացութեան:
Մտահոգիչ է նաեւ թէ Արցախի հարցի առնչութեամբ, դէպքերու իրադարձութիւնները կ°ընթանան ի նպաստ Ատրպէյճանի:
Մտահոգիչ է նոյնինքն այդ ճանապարհային քարտէսի խօսակցութիւնները դիւրացնելու համար, թրքամէտ, կամ աւելի ճիշտը հայատեաց բանագնաց Ֆիլ Կորտընի  նշանակումը պետական քարտուղարութեան կողմէ:
Շարունակենք մտահոգութիւնները…Այո՝, մտահոգիչ է որ Հայաստանի մօտ դեսպան Մարի Եովանովիչ, Ամերիկահայ գաղութներէն ներս կատարած իր այցելութեան ընթացքին, ամէնայն ճկունութեամբ կրցաւ խոյս տալ «Ցեղասպանութիւն» բառը գործածելէ…Աւելի°ն, անոր բերնէն նոյնիսկ նախագահ Օպամայի բացագանչած Մեսրոպաշունչ «Մեծն Եղեռն» բառն ալ կարելի չեղաւ լսել:
Մտահոգիչ է մէկ այլ երեւոյթ…Արդարեւ, Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ, Երեւան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, չայցելեց Ծիծեռնակաբերդի համալիր…եւ դեռ աւելին տեղւոյն ղեկավարութիւնն ալ, ո°չ մէկ աշխատանք տարաւ մղելու, հրաւիրելու եւ ճնշում բանեցնելու, որ Տէր Զօրի անապատէն ոչ շատ հեռու բնակութիւն հաստատած եւ Եղեռնի մասին քաջատեղեակ այս Միջին Արեւելքի քաղաքական աշխարհի կեդրոնական անձնաւորութիւնը կատարեր այդ կարեւոր այցելութիւնը:
Այս բոլոր անցուդարձերուն դիմաց…անարդար զիջումն է որ կը տիրապետէ արդար պահանջատիրութեան վրայ…դուռ բանալով անել յոռետեսութեան:

About Post Author

admin

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles