ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ 45-ԱՄԵԱԿԸ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ
Քառասունըհինգ տարիներէ ի վեր արդէն բաց է Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ վարժարանը: Դիւրին չեղաւ անոր ծնունդը, դիւրին չեղաւ մանաւանդ անոր երթը եւ գիտենք նաեւ որ դիւրին չէ, այսօր ալ, անոր ներկան: Դպրոցը դէմ հանդիման կը գտնուի իր առօրեայ տնտեսական տագնապներով, համայնքին այլասերումի հեռանկարներով, այս ափերը հաստատուած երրորդ սերունդին անտարբերութեամբ: Եւ այս ամէնքէն ետք, մանաւանդ տակաւին այն ամերիկահայերու պնդումներուն թէ հայ դպրոց ունենալը անհրաժեշտ չէ հայապահպանման համար, թէ հայերէն լեզուն կարեւոր չէ ամերիկահայութեան անսասանութեան համար:
Սակայն, հիմա գանք ու գրենք դրական ա՛յն աշխատանքին մասին զորս մեր ամէնօրեայ վարժարանը կատարեց ու տակաւին կը կատարէ մեր համայնքէն ներս: Այդ մեր հպարտութիւնն է. եւ այդ շնորհիւ վարժարանի նուիրեալ տնօրէնուհիին` Տիկին Զարմինէ Պօղոսեանին: Դպրոցը այլեւս դարձած է անոր առաջին տունը: Կազմակերպեալ ու որակեալ հայապահպանման ամրոցի մը վերածած է Զարմինէն Ամէնօրեայ վարժարանը, որուն շրջանաւարտները կը շարունակեն պահել ամէն հետաքրքրութիւն իրենց մայր վարժարանին նկատմամբ եւ անոնցմէ ոմանք գուրգուրոտ խնամքով ալ կ՛աջակցին դպրոցին:
Հայախօս մթնոլորտ մը կը տիրէ վարժարանէն ներս: Տնօրէնուհին գիտակից է թէ օտար այդ մթնոլորտին մէջ հայերէն լեզուի պահպանութիւնը կը պահանջէ մեծ ջանք եւ անոր համար ալ կը դիմէ մեր մշակոյթին` երգին, թատրոնին, պարին, որպէսզի պատանին սիրելով սորվի մեր մայրենին … եւ ի վերջոյ արդարանայ Պարոյր Սեւակի սա խօսքը. “մեր ժառանգութեան մեծագոյն գանձը մեր լեզուն է“:
Երաժշտական բարձրորակ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ Յունուար 28, Շաբաթ երեկոյեան Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ (Օքլընտ Կարտընզ) մէջ, մասնակցութեամբ` քաղաքիս հանրածանօթ արուեստագէտներու:
Կոկիկ յայտագիր մը, այսպէս. Վարժարանի երգչախումբը ղեկավարութեամբ` Անահիտ Պօղոսեանի երգեց Կոմիտասի “Ով Մեծասքանչ“ը, Ա. Հեքիմեանի “Մեսրոպաշունչ“ը եւ “Գարունն է ժպտում“ը: Հայկական գեղեցիկ ու մաքուր առոգանութեամբ երգեցողութիւն մը ներկայացուցին մեր ուսանողնեըը:
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր օտար դասական եւ հայկական երգացանկ: Պարիթոն Վաղարշակ Օհանեան երգեց Ալպերթ Մալօթի “Տէրունական Աղօթք“ը եւ Է. Յովհաննէսեանի “ԱրփաևՍեւան“ը, լիրիք սոփրանօ Անուշ Պարքլին` Փուչինիի “Լա Րոնտին“ եւ Տոլուխանեանի “Ծիծեռնակ“ը, իսկ մեցցօ սոփրանօ Յասմիկ Մէյխանէճեան` Վերտիի “Էլ թրուպատոր“ը եւ Ն. Գալանտարեանի “Արդեօք ու՞ր ես“ը: Յիշենք որ Անուշին եւ Յասմիկին զաւակները ուսանող են մեր վարժարանէն ներս:
Թանիա Գաբրիէլեան դաշնակի վրայ հրամցուց Ռախմանինովի “Երկու էթիւտներ“ը եւ Ա. Խաչատուրեանի “Պոէմա“ն, իսկ վարժարանի 1987ի շրջանաւարտուհի եւ ժամանակակից երգչուհին` Յուշեր երգեց Կոմիտասի “Երազ“ը եւ Յ. Պատալեանի “Սարերի հովին մեռնեմ“ ծանօթ երգը: Իսկ Տիանա Վասիլեան ջութակի վրայ սքանչելիօրէն ներկայացուց Ալպանէզի “Թանկօ“ն եւ Կոմիտասի “Ծիրանի ծառ“ը:
Բոլոր արուեստագէտները սիրայօժար մասնակցութիւն բերին բովանդակ յայտագրին մէջ:
Աւարտին երրեակ երգեցողութեամբ հրամցուցին Էրնէսթօ տէ Գըրլիսի “Նոն թի սքորտար տի մի“ ծանօթ երգը:
Պէ՛տք է շեշտել որ հաճելի յայտագրի դասաւորում մըն էր ներկայացուածը եւ եկեղեցւոյ աքուստիքը, կարծէք այդ օր, լաւագոյնս ծառայեց արուեստագէտներուն համար տալու իրենց լաւագոյնը: Գոհ էր հանդիսատէսն ու արուեստագէտը:
Տնօրէնուհի Տիկին Զարմինէ Պօղոսեանի բարի գալուստի խօսքը կու գար աւելցնել. “Մեր վարժարանէն ներս, սերունդներ կը սնանին ազգային բարձր արժէքներու գիտակցութեամբ եւ հմտութեամբ: Բազմազան ձեռնարկներով, դասարանային եւ արտադասարանային աշխատանքներով իւրաքանչիւր աշակերտին տեսադաշտը կ՛ընդլայնի զանոնք առաջնորդելու իրենց երազներու իրականացման: Վստահ ենք որ անոնք անպայմանօրէն պիտի դառնան վաղուան առաջնորդները“: Անոնցմէ շատեր արդէն իսկ սկսած են ծառայելու մեր համայնքի զանազան հաստատութիւններէն ներս:
Փակման խօսքը կատարեց Եղիշէ Արք. Կիզիրեան, որ մեր մշակոյթը դրաւ համամարդկային բարձրունքին վրայ, որպէս հազարամեայ բայց ապրող մշակոյթ:
Յայտագրի աւարտին, ներկաները եկեղեցւոյ “Գալուստեան“ սրահ հրաւիրուեցան շէմփէյնևընդունելութեան, ուր ներկաներ վերահաստատեցին հին ծանօթութիւններ եւ բարեկամութիւններ: Տնօրէնուհիին կողքին անպայմանօրէն երախտագիտութեամբ ողջունելու ենք հոգաբարձութեան կազմը, վարժարանի կրթական յանձնախումբը եւ բարեկամներու յանձնախումբը, որոնք օրն ի բուն աւիշ ու յոյս կը ներարկեն դպրոցին: Ապրի՛ն բոլորը:
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Լուսանկարներ՝ Ռոպերթ Կարապետեան