ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆ­ԴԸ ԵՒ “ՏԱ­ՍԸ ՀԱՅ ՆԿԱ­ՐԻՉ­ՆԵ­ՐՈՒ ԿՏԱ­ԿԸ“

0 0
Read Time:6 Minute, 18 Second
Ձա­խէն աջ` Նա­տին Ար­եան, Ալ­պերթ Առա­քել­եան, Անի Գաս­պար­եան, Ռու­տիկ Պետ­րոս­եան, Շո­ղակ Յո­վան­նէս­եան (ցու­ցա­հան­դէ­սը նա­խա­ձեռ­նող), Տոքթ. Ցո­լի­նէ Քո­ճա­օղ­լան­եան, Լի­լի Սար­գիս­եան

Ամե­րի­կա­յի Հա­յոց Արե­ւել­եան Թե­մի Առաջ­նոր­դա­րա­նը սկսած է վե­րա­դառ­նալ իր անց­եա­լի աւան­դոյ­թին` դառ­նա­լով որ­պէս Հայ մշա­կոյ­թի կեդ­րոն:

Այս տար­ուան Ս. Ծննդեան տօ­նը, Յուն­ուար 6, նշուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. Պա­տա­րա­գով եւ ջրօրհ­նէ­քով: Պա­տա­րա­գիչն էր Թե­մա­կալ Առաջ­նորդ Գերշ. Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սամ­եան: Սրբա­զան եր­գե­ցո­ղու­թիւնը կա­տա­րեց Ս. Վար­դան Մայր Տա­ճա­րի դպրաց դա­սը` ղե­կա­վա­րու­թեամբ խմբա­վար Խո­րէն Մէյ­խա­նէճ­եա­նի եւ դաշ­նա­մու­րի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Ֆլո­րէնս Աւագ­եա­նի: Հա­ւա­տաց­եալ­նե­րու յոգ­նա­խուռն բազ­մու­թիւն մը ներ­կայ գտնուե­ցաւ Ս. Պա­տա­րա­գին եւ շա­տեր խոս­տո­վա­նան­քի մաս­նակ­ցե­ցան ու Ս. Հա­ղոր­դու­թիւն ստա­ցան: Օր­ուան պատ­գա­մը տուաւ պա­տա­րա­գիչ Սրբա­զան Հայ­րը: Ջրօրհ­նէ­քի կնա­քա­հայրն էր Առաջ­նոր­դա­րա­նի Թե­մա­կան Խոր­հուր­դի ան­դամ Տոքթ. Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան:

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի` Հայկ եւ Ալիս Գա­վուքճ­եան հան­դի­սաս­րա­հին մէջ կազ­մա­կերպ­ուած էր հիւ­րա­սի­րու­թիւն: Նախ` տե­ղի ու­նե­ցաւ տնօրհ­նէ­քի արա­րո­ղու­թիւն եւ ներ­կա­նե­րը ստա­ցան օրհն­ուած նշխար­ներ:

Ալեք­սէյ եւ Ալե­սանտ­րա Յա­կոբ­եան­ներ (Տէր եւ տի­կին Տոքթ. Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եա­նի թոռ­նե­րը) որոնք փո­խան­ցե­ցին, այս ցու­ցա­հան­դէ­սին գո­յա­ցած գու­մա­րին քա­ռա­սուն առ հա­րիւ­րը` ``Սուրբ Վար­դան`` Շա­բա­թօր­եայ դպրո­ցին, ներ­կա­յու­թեամբ տնօ­րէ­նու­հի Շա­քէ Քա­տէճ­եա­նի եւ Հայր Մար­տի­րոս Շեւ­եա­նի

Այս առ­թիւ, Առաջ­նոր­դա­րա­նի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եւ տա­սը նկա­րիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, Առաջ­նոր­դա­րա­նի հա­մա­լի­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նկար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէս մը` որուն պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րեց Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը Յուն­ուար 5-ի երե­կոյ­եան: Ցու­ցա­հան­դէ­սին նա­խա­ձեռ­նողն ու կազ­մա­կեր­պիչն էր ար­ուես­տի գոր­ծե­րու ծա­նօթ “խնա­մա­տար“ Տի­կին Շո­ղակ Յով­հան­նէս­եա­նը:

Կը ցու­ցադր­ուէ­ին գոր­ծե­րը Վազ­գէն Գա­լայճ­եա­նի եւ Ռո­տիկ Պետ­րոս­եա­նի, որոնք ներ­կայ էին, ինչ­պէս նա­եւ ֆրան­սա­հայ նկա­րիչ Ասա­տու­րի, շի­քա­կո­յաբ­նակ Շահ­նու­րի, եւ հայ­րե­նի ար­ուես­տա­գէտ­ներ Սար­գիս Հա­մալ­պաշ­եա­նի, Համ­լէթ Յով­սէփ­եա­նի, Մար­ի­ամ Խա­չատր­եա­նի, Վա­հան Ռու­մէլ­եա­նի, Արա­րատ Սարգս­եա­նի եւ Ար­թիւր Սարգս­եա­նի: Թիւով 72 գոր­ծեր ցու­ցադր­ուած էին:

Այս ցու­ցա­հան­դէ­սի հա­սոյ­թին քա­ռա­սուն տո­կո­սը տրա­մադր­ուե­ցաւ Ս. Վար­դան Շա­բա­թօր­եայ դպրո­ցին: Յի­շենք նա­եւ որ անց­եալ տար­ուան Հոկ­տեմ­բե­ր  29-ին կազ­մա­կերպ­ուած ցու­ցա­հան­դէ­սի հա­սոյ­թին մէկ մա­սը տրա­մադր­ուած էր Մայր Տա­ճա­րի Տիկ­նանց Օժան­դակ Յանձ­նա­խում­բին:

Համ­լէթ Յով­սէփ­եան այս ցու­ցա­հան­դէ­սին կը մաս­նակ­ցէր ալիւ­մի­նեու­մով, պրոն­զով եւ իւ­ղան­կա­րով ներ­կա­յաց­ուած գոր­ծե­րով, իսկ մնաց­եալ նկա­րիչ­նե­րը` պաս­տա­ռի կամ թուղ­թի վրայ գծուած գոր­ծե­րով: Ան­շուշտ` Ասա­տուր ար­դէն վար­պետ նկա­րիչ է եւ անոր ար­ուես­տի գոր­ծե­րը մի­ջազ­գա­յին շու­կա­նե­րու մէջ կը գնա­հատ­ուին բարձր ար­ժէ­քով: Հայ­րե­նի գե­ղար­ուես­տի աշ­խար­հին մէջ տա­կաւ բարձ­րա­ցող հե­ղի­նա­կու­թիւն մըն է Սար­գիս Հա­մալ­պաշ­եա­նը, որ իր սրբա­պատ­կե­րա­յին իւ­ղան­կար­նե­րով լուրջ հե­տաքրք­րու­թիւն գրա­ւել սկսած է: Մինչ Արա­րատ Սարգս­եա­նի խաչ­քա­րե­րը ու­շագ­րաւ նո­րու­թիւն եղան ներ­կա­նե­րուն հա­մար, սա­կայն միւս կող­մէ` ար­դէն անոր գոր­ծե­րը տա­րած­ուած են Հա­յաս­տա­նի մէջ: Սփիւռ­քա­հայ նկա­րիչ­նե­րէն Վազ­գէն իր շատ իւ­րա­յա­տուկ ոճո­վը վա­ւե­րա­կան նկա­րիչ մըն է, իսկ Շահ­նու­րի գոր­ծե­րը գե­րար­դի նկար­չու­թեան հետ­քե­րով կազմ­ուած եւ իր ոճը գտած լուրջ նկա­րիչ մըն է, որ իր ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւնը տա­կա­ւին չէ գտած ամե­րի­կա­հա­յու­թեան մօտ: Իսկ նիւ ճըրզ­ի­աբ­նակ, սա­կայն ղա­րա­բաղցիի ար­մատ­նե­րով Ռու­տի­կին գոր­ծե­րը ու­նին հայ­րե­նի հո­ղին եւ գոյ­նին գրաւ­չու­թիւնը եւ սկսած է սիր­ուիլ եւ յարգ­ուիլ արու­ես­տա­սէր շրջա­նա­կին կող­մէ: Մար­ի­ամ անու­նով ծա­նօթ նկար­չու­հին ներ­կա­նե­րուն հա­մար եղաւ նո­րու­թիւն մը:

Շնոր­հա­ւո­րե­լի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը, որ ան­շուշտ առանց նա­խա­ձեռ­նո­ղին` Շո­ղակ Յով­հան­նէս­եա­նին դժուար թէ կա­րե­նար յա­ջո­ղու­թեամբ պսակ­ուիլ:

Հայ­կա­կան  Ս. Ծնուն­դի օրե­րուն հա­ւա­տաց­եալ­ներ եւ ար­ուես­տա­սէր­ներ հարս­տա­ցու­ցին իրենց ներ­քին հո­գե­կան աշ­խար­հը թէ Ս. Պա­տա­րա­գին մաս­նակ­ցե­լով եւ թէ Հայ տա­ղան­դա­ւոր նկա­րիչ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը վա­յե­լե­լով:

 

ՆԵՐ­ԿԱՅ ՄԸ

 

Ձա­խէն աջ` Նա­տին Ար­եան, Ալ­պերթ Առա­քել­եան, Անի Գաս­պար­եան, Ռու­տիկ Պետ­րոս­եան, Շո­ղակ Յո­վան­նէս­եան (ցու­ցա­հան­դէ­սը նա­խա­ձեռ­նող), Տոքթ. Ցո­լի­նէ Քո­ճա­օղ­լան­եան, Լի­լի Սար­գիս­եան

 

Ալեք­սէյ եւ Ալե­սանտ­րա Յա­կոբ­եան­ներ (Տէր եւ տի­կին Տոքթ. Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եա­նի թոռ­նե­րը) որոնք փո­խան­ցե­ցին, այս ցու­ցա­հան­դէ­սին գո­յա­ցած գու­մա­րին քա­ռա­սուն առ հա­րիւ­րը` “Սուրբ Վար­դան“ Շա­բա­թօր­եայ դպրո­ցին, ներ­կա­յու­թեամբ տնօ­րէ­նու­հի Շա­քէ Քա­տէճ­եա­նի եւ Հայր Մար­տի­րոս Շեւ­եա­նի

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles