Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակը Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբերին շնորհուեցաւ ճափոնցիներէ բաղկացած խմբաւորումի մը, որ կը կոչուի Նիհոն Հիտանքիօ (Nihon Hidankyo): Սա կրճատումն է անուան բազմանդամ կազմակերպութեան մը, որ ունի բաւական երկար անուն՝ «Ճափոնի համադաշնակցութիւն՝ աթոմական եւ ջրածնային ռուբերէ տուժածներու կազմակերպութիւններու» (Japan Confederation of A- and H-Bomb Sufferers Organizations): Այս խմբաւորումը ի մի բերած է Ճափոնի վրայ ամերիկացիներուն կողմէ 79 տարի առաջ արձակուած կորիզային ռումբերէն վերապրողներ ու անոնց հետնորդները, որոնք կը պայքարին աշխարհը կորիզային ուժէ զերծ պահելու ի խնդիր:
Read Time:4 Minute, 57 Second
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
11 Հոկտեմբեր 2024
Սիրելի ընթերցող. հաւանաբար դուն ալ, ինծի պէս, առաջին անգամն է որ կը լսես նման խմբաւորումի մը գործունէութեան մասին: Շատ լսուած է խաղաղասէրներու, կենսոլորտի պաշտպաններու, մինչեւ իսկ կորիզային զէնքերու դէմ պայքարողներու մասին, սակայն յականէ-անուանէ՝ գոնէ ես առաջին անգամն է որ կը լսեմ այս խմբակին անունը: Իմ տգիտութիւնս պատճառ չէ, որ արհամարհանքով եւ կէս-աչքով դիտեմ այդ ազնիւ մարդոց պայքարը, չյարգեմ անոնց արդար նպատակը, մանաւանդ այս օրերուն, երբ…
***
Առաջին այս դիտարկումներէն ետք, եկո՛ւր, ընթերցո՛ղ ճան, դէմ դիմաց նստինք եւ համաձայնինք, որ մրցանակը վճռող մարդիկը այս որոշումը տուած ըլլալու են… գինովութեան մէկ պահու: Այսինքն՝ իրենց ոտքը կտրած են աշխարհէն ու իրականութիւններէն: Ուրեմն, կրնանք ամենայն ինքնավստահութեամբ յայտարարել, թէ իրական աշխարհի եւ զայն խաղալիքի վերածողներու դիտանկիւնէն՝ սխալ որոշում կայացուցեր են:
Իսկապէ՛ս: Եթէ իրական աշխարհի ընդհանուր պատկերը, պատերազմներու սաստկացման, ջարդերու, ցեղասպանական արարքներու, այդ նպատակով ալ զէնքերու հոս-հոն հոսքի մրցավազքը աչքի առջեւ ունենանք, շա՜տ աւելի յարմար թեկնածուներ կային Նոպէլեան Խաղաղութեան այս տարուան մրցանակին:
Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուն անկասկած որ պիտի գրաւէր ցանկին գլուխը: Ահաւասիկ աւելի քան տարիէ մը ի վեր, Կազան դարձուցած է սանձարձակ ջարդի ու քանդումի ընդարձակ դաշտ, երբեմն բաժին կը հանէ Արեւմտեան Ափին, սպանդի ու քանդումի գօտին տարածած է դէպի Լիբանան. «Համաս» ու «Հըզպալլա» կը հետապնդէ պատրուակներով՝ տասնեակ հազարաւոր քաղաքայիններ կը ջարդէ, կը քանդէ անոնց բնակարանները, բռնի գաղթի հանած է միլիոնաւորներ եւ… առատ զէնք կը ստանայ նոյն մտայնութիւնը կրողներէ: Եւ քանի որ Նոպէլեան մրցանակը միայն անձերու չի տրուիր, այլ, ինչպէս ճափոնցիներու այս խմբաւորումին պարագային՝ անոր կ’արժանանան մէկէ աւելի անձեր, կարելի է թեկնածու նկատել Իսրայէլի ամբողջ կառավարութիւնը, ինչո՞ւ չէ նաեւ ընդդիմադիրները, որոնք «լուբիային միւս կէսը» կը կազմեն:
Թեկնածուներու, խմբայի՛ն թեկնածուներու ցանկին վրայ իրաւունք ունին տեղ ունենալու Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի իշխանութիւնները: Մրցանակին լուրը հաղորդող լրատու աղբիւրները նոյնյետայն ըսին, որ այդ երկիրները լծուած են իրենց կորիզային զէնքերը արդիականացնելու արշաւին: Ի՜նչ ապազինում, ի՜նչ զինաթափում…: Ասոնք թերամիտ ու մակերեսային մտածողութեամբ օժտուած՝ բարեմիտներու աշխարհին կը պատկանին: Իրական աշխարհին մէջ, զէնքի, նա՛եւ կորիզային զէնքի արտադրիչները, զանոնք աւելի՛ արդիականացնողնե՛րն են որ կը տնօրինեն դէպքերու ընթացքը: Պէտք չունին «Միլթըն» կամ այլ անուններով մրրիկներու սպասելու, որպէսզի մահ ու աւեր տարածուին աշխարհի արեւելեան կամ արեւմտեան, քիչ մըն ալ միջին ծագերուն: Զէնքի վաճառորդները ի չգոյէ՛ իսկ կրնան պատրեազմներ հրահրել ու… թեկնածու ըլլալ Նոպէլեան մրցանակներու, որովհետեւ ահա ա՛յդ «տրամաբանութիւնն» է որ դարձած է համատարած, կը հրուի իսկապէս խաղաղութիւն ցանկացողներու կոկորդէն վար:
Հապա՞ Գերմանիոյ վարչապետ Շոլցը եւ իր կառավարութեան համախոհները՞: Ճիշդ այն պահուն, երբ կը հրապարակուէր ճափոնցիներուն մրցանակի արժանանալը, ան լա՜յն ժպիտով կը դիմաւորէր Ուքրայինայի Զելենսքին եւ անոր կը խոստանար աւելի քան 650 միլիոն եւրոյի յաւելեան օժանդակութիւն: Եթէ թեկնածուներու խմբակ պիտի կազմուի, բաց ճակատով անոր պիտի միանան Ֆրանսայի Մաքրոնը, Բրիտանիոյ Սթայմըրը, Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ի ջոջերը՝ Քանատայէն մինչեւ Եւրոպայի չորս-բոլորը:
Հապա՞ նոյնինքն Զելենսքին: Ա՞ն ինչով ետ կը մնայ թեկնածութիւնը դնելէ: Չէ՞ որ արդի տրամաբանութեամբ եւ բարձր տրամադրութիւններով դարձեալ ափ առած է արեւմտեան երկիրներու դուռները եւ «զէ՛նք տուէք, զէ՛նք տուէք» մուրալով՝ կը խոստանայ խաղաղութիւն պարտադրել Ռուսիոյ…
Ինչո՞ւ մոռնալ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վարչախումբերը, որոնց «խաղաղասիրութիւնը» առատօրէն կը բաշխուի մեզի՝ հայերուս, քիւրտերուն, յոյներուն, դրացի ու հեռակայ արաբներու, քիչ մըն ալ կեղծ տեսակէն… Իսրայէլի: Անոնց աչքերը ուղղուած են Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Եւրոպա, որուն կայսերական Վիեննային դուռները թակեցին քանի մը դար առաջ…
Հա՛, չմոռնանք ուրիշ խաղաղասէր մը՝ Հայաստանի ՔՊ-ապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Ան ալ վերստին ուսապարկին մէջ նետած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը (չէ, հիմա ՔՊ-ականները առանձին չեն ուսապարկին մէջ) եւ իր կարգին ճամբայ ելած է զայն ծախելու, հոգ չէ թէ ո՛չ իրեն հաւատացող կայ, ո՛չ ալ կարեւորութիւն տուող: Չարենցի «աշխա՛րհ անցիր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ» պատգամին առաջին երկու բառերուն նոր մեկնաբանութիւն տալով (Արարատը որո՞ւն է պէտք: Շուշին ալ մեզի պէտք չէր), հեծիկը քաշեր է եւ Նիւ Եորքէն մինչեւ Ֆրանսա ու Գերմանիա, յետոյ նաեւ Ռուսիա ոտքի տակ առած է, հեւալով-հեւալով խաղաղութիւն կը քարոզէ պատերազմի նոր թմբուկներ հնարող-արդիականացնող աշխարհի մը մէջ:
Նոյն տրամաբանութեամբ, կրնանք իսկական թեկնածուներու ցանկը երկարել, սակայն կը կարծեմ, որ միտքս բացատրելու համար այսքանն ալ բաւարար է:
***
Սխալ չհասկնաս զիս, ազնի՛ւ ընթերցող: Ես ալ, քեզի պէս, մաս կը կազմեմ այն ջախջախիչ մեծամասնութեան, ի Հայաստան թէ աշխարհի տարածքին, որոնք խաղաղութիւն եւ ապազինում կը ցանկան: Հիասթափուած չեմ, որ Նոպէլեան մրցանակը դատակազմը, հոգ չէ թէ աչքերը աշխարհիս պարտադրուած դաժան իրականութիւններէն պահիկ մը կտրեր է եւ արդար որոշում մը տուեր է, պատուելով կորիզային ապազինումի ի խնդիր պայքարողներ, անո՛նք, որոնք գիտեն, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «կրակը ինկած տեղը կ’այրէ» առածը: Մեր ցաւը ա՛յն է, որ հակառակ ջախջախիչ մեծամասնութիւն ըլլալնուս, մեր ձայը կը խեղդուի, անլսելի կը մնայ, ինչպէս որ անլսելի կը մնայ Մ․Ա․Կ․-ի պէս ա՛յլապէս արդարութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու առաքելութիւնը ունեցող կազմակերպութեան մը ձայնը, որուն խաղաղարար ուժերուն Լիբանանի մէկ կեդրոնն ալ իսրայէլեան ռումբերէն բաժին կը ստանայ: Սակայն ատիկա ուրիշ պատմութիւն է:
Եզրակացնենք: Կա՞յ տխմար մը, որ խաղաղութիւն չի ցանկար: Կա՞յ բանական մարդ, որ խաղաղութիւնը մերժէ եւ պատերազմ հրահրէ (Կրնա՞նք ըսել՝ Աստուած թող հոգին լուսաւորէ Ներոն կայսեր): Երանի պիտի չտա՞նք, որ խաղաղասէրներուն փորձերը յաջողին, եւ աշխարհը վերադառնայ, օրինակի համար, յետ-աշխարհամարտեան, յետոյ՝ 70-ականներու եւ յետ-90-ականներու այն տարիները, երբ ապազինման, խաղաղութեան հնոցը հրահրելու ճիգերը համեմատաբար աւելի՛ ազդու էին:
Ուրեմն, եկո՛ւր, սիրելի՛ ընթերցող, մեղքը չփաթթենք Նոպէլեան մրցանակի դատակազմին ճիտին, իր իր այս ճի՛շդ որոշումով (գիտե՛ս որ գինովութեան ակնարկութիւնս կատակ էր), խաղաղութեան հնչե՛ղ պատգամ մը կու տայ աշխարհի խելագարներուն, առանց բառերը գործածելու կը դատապարտէ թէ՛ կորիզային զէնք գործածողը, թէ՛ այդ զէնքով սպառնացողները եւ թէ զինարշաւներու հնոցին վառելանիւթ հասցնողը: