Սեւրի Դաշնագիր 104-ամեակ ԺԶ. Թուրքիոյ Մղձաւանջը, Հոգեսարսափը՝ Սեւրի Դաշնագիրն Է, Կամ՝ Sevres Syndrome-ը՝ Սեւրի Համախտանիշը, Որ 104 Տարի Է Կը Հալածէ Թուրքիան. Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ Հայրենազրկութեան «Շնորհիւ» Է Որ Ստեղծուած է. Գող՝ Սիրտը Դող – 2

2 0
Read Time:7 Minute, 15 Second

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

11 Հոկտեմբեր 2024

Շար. 16/17

haroutchekijian.wordpress.com

          Մինչ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի քարտէսներու փոփոխութեան մասին կը խօսուի, Թուրքիոյ հոգեսարսափին մասին այս երկրորդ եւ եզրափակիչ մասն է, որ յօդուածաշարքիս կարեւորութիւնը կը փաստէ: Այսինքն, մնայուն կերպով հայ մամուլն ու դիւանագիտութիւնը պէտք է արծարծեն Սեւրի դաշնագիրը, այնպէս ինչպէս նշուած է Համահայկական Հռչակագիրին մէջ, որ Բ. Մասին խորագիրն էր. «Համահայկական Հռչակագիրով 2015-ին վերակենդանացաւ Սեւրի դաշնագիրն ու ազգային պահանջատիրութիւնը» (1), որպէսզի թուրքին սարսափը սաստկանայ ու ինք եւ համայն աշխարհը անդադար յիշեն, որ հայ ժողովուրդին իրաւունքը՝ հսկայական հողային եւ նիւթական հատուցում ունին կատարելիք: Կը շարունակեմ այս նիւթը արծարծող կարգ մը յօդուածներէ եւ գիրքերէ հատուածներով:

            Երկրորդը՝ Միր մակազինի մէջ Փարիզ Ճոն Մաւրոքեֆալոսի (Paris John Mavrokefalos Meer magazine) 28 յունուար 2024-ի յօդուածն է, «Սեւրի նոր դաշնագիրը» խորագիրով եւ «Սեւրի դաշնագիրի հնարաւոր վերածնունդը եւ անոր ազդեցութիւնը Թուրքիոյ ապագային վրայ» ենթախորագիրով (2): Ստորեւ անգլերէն բնագիրէն հատուած մը.

Փարիզի Սեւր արուարձանի խեցեղէնի գործարանը, այժմ՝ թանգարան, ուր Սեւրի դաշնագիրը պատրաստուեցաւ

            «…Թէեւ այս դաշնագիրը մոռցուած է Արեւմուտքի մէջ, սակայն զգալի ազդեցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ մէջ ու վերածուած է ազգային մղձաւանջի, որ կարգ մը գիտնականներ կ՚անուանեն «Սեւրի համախտանիշ»: Սեւրը, անշուշտ, Թուրքիոյ ապահովական հարցերուն մէջ դեր կը խաղայ, ինչպիսիք են՝ քրտական անջատողական շարժումը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Աւելին, արտաքին ուժերու դէմ Թուրքիոյ սկզբնական պայքարը ուղղուած էր նախ Անգլիոյ, ապա Պաղ Պատերազմի տարիներուն՝ Ռուսիոյ, իսկ այժմ, վերջին փուլը՝ Ամերիկայի դէմ…»։

«…Սեւրի դաշնագիրը կը ներկայացնէր օսմանցիներուն համար ուժերու բացասական հաւասարակշռութիւն։ Անոր պայմանները դաժան էին: Անգլիան ու Ֆրանսան ստացան ատոր մաս կազմող արաբական նահանգները։ Դաշնագիրը նախատեսած էր հայկական մեծ պետութիւն մը եւ քրտական ինքնավար շրջանի մը ստեղծումը Արեւելեան Անատոլիոյ մէջ»։

Յաջորդը՝ թուրք ընկերաբան, Օքսֆորտ համալսարանի գիտաշխատող դոկտ. Թուրքայ Սալիմ Նեֆեսի «Թուրքիոյ մասնատման անձկութիւնն ու հայերուն մասին ըմբռնումը թրքական քաղաքականութեան մէջ. Հայերուն մասին թրքական քաղաքականութեան անհանգստութեան երեք երանգները», 21 Յունիս 2023-ի յօդուածն է, The dismemberment anxiety and perception of Armenians in Turkish politics (3): (Ան հեղինակն է նաեւ մայիս 2024-ի «Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ թուրք հրէաներու կեցուածքին վրայ ազդող գործօններու ուսումնասիրութիւն»-ին:

Սալիմ Նեֆեսի յօդուածին լուսանկարը, որ թուրք ցեղասպանին պատճառած հայ տարագիր որբեւայրի կանայք եւ որբացած փոքրիկներ կը ներկայացնէ, սակայն նկարին բացատրութիւնը չէ տուած, ո՛չ ալ յօդուածին մէջ նկարը նշուած է

 

«Նախաբան. Այս յօդուածը կ՚ուսումնասիրէ թրքական քաղաքականութեան մէջ երկրին մասնատման վերաբերեալ ընկալուող սպառնալիքներուն կարեւորութիւնը, որ կը կոչուի Սեւրի համախտանիշ: Հիմնուելով թրքական խորհրդարանական արձանագրութիւններու որակական բովանդակութեան վերլուծումին վրայ՝ ան մանրամասն կ՚ուսումնասիրէ, որ ինչպէ՛ս համախտանիշը ազդած է 1983-2018 տարիներու հայերու մասին բանավէճերուն վրայ: Ցոյց կու տայ, որ թուրք քաղաքական գործիչները, 5 օրինակներ տալով, Սեւրի ախտին կը վերաբերին երեք ձեւով. (թէ ինչո՞ւ մինչեւ 2018, յստակ չէ: Արդեօ՞ք այսպէս կոչուած ազգակործան թաւշեայ յեղափոխութեան հետ առնչուած է…).

  1. Հայերը փորձա՛ծ էին մասնատել #:
  2. Հայերը կրնա՛ն պայմաններ ստեղծել, կրկի՛ն մասնատելու Թուրքիան #:
  3. Հայերը աշխուժօրէն կը փորձե՛ն մասնատել #:

«Ուսումնասիրութիւնը կ՚եզրակացնէ. Սեւրի համախտանիշի խոր ազդեցութիւնը թրքական քաղաքականութեան վրայ, ուր արմատացած է հայերը իբրեւ թշնամի նկատելը, քանի որ անոնք յարատեւ Թուրքիան մասնատելու փափաք ունին #: Հետեւաբար, այս ախտը ահռելի խոչընդոտ կը ստեղծէ հայ-թրքական խաղաղ յարաբերութիւններու զարգացման համար՝ յարատեւ անվստահութեան միջավայրի կաղապարի մը մէջ:

# Հակառակ անոր որ յօդուածին լուսանկարը ցեղասպանութեան փաստերէն է, սակայն նկարին տակ եւ յօդուածին մէջ այդ մասին ոչ մէկ խօսք կայ: Ուղղակի պատմութեան խեղաթիւրում եւ չարամտութիւն է ըսել, կամ կարծել, որ հայերը Թուրքիան մասնատելու լծուած են, երբ անոնք իրենց սեփական հողին վրայ, եւ միջազգային դաշնագիրով, ազատ անկախ հայրենիքն է որ կ՚ուզեն վերականգնել: Ոեւէ թուրք, այս հեղինակն ալ, հարցուցած չէ՞, թէ՝ ինչո՞ւ հայերը կուզեն «մասնատել» եւ թէ՝ ատոր պատճառը ի՛նչ է: Հիմնական արմատական հարցերը մի՛շտ կը մոռցուին, այսպէս.

  1. Օսմանեան կայսրութիւնը կեդրոնական ու ծայրագոյն արեւելքէն եկած, քոչուոր, արիւնարբու եւ վայրենի՝ թալանող ու սուրով ջարդող խուժաններն ու ցեղերը ստեղծեցին, իրենց անասելի՝ դաժան վայրագութեամբ, գրաւելով ու թալանելով այլոց երկիրները, ներառեալ Հայաստանը:
  2. Երբ որ 1914-ին, արդէն փտած եւ «Հիւանդ» կոչուած կայսրութիւնը աշխարհի դէմ պատերազմ հռչակեց եւ 1918-ին պարտուեցաւ ու փուլ եկաւ, բնական է, որ բոլոր իր նախապէս գրաւած երկիրները պիտի վերադառնային իրենց նախկին ազատութեան եւ անկախութեան:
  3. Այս պատերազմին ընթացքին թուրք ցեղասպան պետութիւնը եւ ժողովուրդը սպաննեցին ու վտարեցին մէկուկէս միլիոն հայ ժողովուրդ իրենց բնակավայրերէն, եւ անօրէն կերպով տիրացան անոնց կալուածներուն: Ահա այս յանցանքներուն համար է որ Սեւրը կը հալածէ թուրքին, քանի որ տակաւին հարցը փակուած չէ՛ եւ հողային եւ նիւթական հատուցում կատարուած չէ՛:
  4. Յաղթանակող կողմը, Անթանթը՝ 14 երկիրներ, Սեւրի դաշնագիրով, անկախացած երկիրներուն սահմանները որոշեց, որոնց մէջ նաեւ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի սահմանը, որ վստահուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին իրաւարար վճիռին եւ որուն համար Վուտրօ Ուիլսըն Հարպորտ առաքելութիւնը ղրկեց Թուրքիա եւ Հայաստան:

Յաջորդը՝ «Մոռցէք Սայքս-Փիքօն, Սեւրի դաշնագիրն է, որ կը բացատրէ արդի Միջին Արեւելքը» (4) Նիք Տանֆորթին 10 օգոստոս 2015-ի յօդուածը Ֆորէյն Փոլիսի պարբերաթերթին մէջ (Forget Sykes-Picot. It’s the Treaty of Sèvres That Explains the Modern Middle East, By Nick Danforth). Ստորեւ՝ հատուած մը, որ ճշգրիտ կերպով կը բնորոշէ ախտը եւ պատճառը.

«…Սեւրը հիմնականին մէջ մոռցուած է Արեւմուտքին մէջ, սակայն ան ունի հզօր ժառանգութիւն Թուրքիոյ մէջ, ուր վերածուած է ազգային մտախտի մը, որ որոշ գիտնականներ «Սեւրի համախտանիշ» կը կոչեն: Սեւրը, անշուշտ, դեր կը խաղայ քրտական անջատողական շարժումին նկատմամբ Թուրքիոյ զգայնութեան մէջ, ինչպէս նաեւ այն (սխալ*) համոզումին մէջ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ լայնօրէն կ՚օգտագործուի եւրոպացի դիւանագէտներուն կողմէ՝ Անատոլիոյ մէջ  1920-ի իրենց (Սեւրի*) ծրագրերը արդարացնելու համար է, որ միշտ կարծած են իբրեւ հակաթուրք դաւադրութիւն, ԱՅԼ, ՈՉ ԹԷ՝ ԻՍԿԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ»:

Թուրքիոյ ներկայացուցիչները կը ստորագրեն Սեւրի դաշնագիրը, նախորդիւ նշուած Արթէ կայանին Սեւրի համախտանիշին մասին տեսերիզին լուսանկարը (7)

 

Յաջորդը՝ «Թուրքիան Սեւրի համախտանիշը ունի» (5) Մատըրն Տիփլոմասի կայքէջին մէջ Լուիզ Տուրանիի 18 Դեկտեմբեր 2015-ի յօդուածն է (Turkey has the Sevres Syndrome, Luis Durani), որ սակայն նոր հարցի մը կը վերաբերի.

«Թուրքիոյ կողմէ ռուսական հալածիչը կործանելէն ետք, Փոքր Ասիոյ լարուածութիւնը մեծ է: Մինչ Թուրքիան կը պնդէ, որ ռուսական հալածիչը խախտած էր իր օդային տարածքը եւ նկատի չէր առած նախազգուշացումները, ռուսերը հակառակը կը պնդեն (Սուրիոյ օդային տարածքէն ռուսական Սու 24 հալածիչը վար կ՚առնուի թրքական Ֆէնթըմ հալածիչի մը կողմէ 24 նոյեմբեր 2015-ին*):

«Սեւրի համախտանիշը, ըստ երեւոյթին, թրքական արտաքին քաղաքականութեան առանցքն է: Թրքական քաղաքական մշակոյթին վերջին մղումը դէպի նոր օսմանականութիւն՝ Սեւրի համախտանիշին դրսեւորումն է: Թուրքիոյ մէջ Սեւրի դաշնագիրէն այս անտրամաբանական վախն է, որ կը միացնէ ազատականները եւ ազգայնականները:

«Քանի որ քաղաքական գործիչներն ու վերլուծաբանները ռուսական հալածիչին վերաբերեալ Թուրքիոյ հակադարձութիւնը կը շարունակեն քննել, պէտք է պատմութեան նկատմամբ թրքական ընկալումը նկատի առնեն։ Սեւրի համախտանիշին պատճառով, թրքական ինքնիշխանութեան դէմ որեւէ ոտնձգութիւն, միշտ կը հանգեցնէ նման ծայրայեղ պատասխանի»։

Այս նիւթով շատ մը այլ յօդուածներէն վերջինը՝ Լեւոն Յովսէփեանի 68 էջ աշխատասիրութեան եզրակացութենէն է, որ լաւապէս կը բնութագրէ հարցը (6). Թուրքիոյ վախերը՝ «Սեւրի համախտանիշը» (The fears of Turkey: The Sèvres Syndrome).

«… Թուրքիոյ տարածքային մասնատման վախը ինքն իրմէ ահազանգ կը հնչեցնէ, թէ՝ որեւէ պահու կրնայ իրականութիւն դառնալ։ Տագնապին երեւոյթը գոյութիւն ունի թրքական քաղաքական շրջանակներուն դիրքորոշումին մէջ, Հայաստանի եւ մասնաւորապէս, (հայ*) Սփիւռքին հանդէպ, որ կը համապատասխանէ Սեւրի համախտանիշին:

«Այս խորացած տագնապը իր կարգին, կը պատճառէ յարձակողական հակազդեցութիւն: Տագնապին հետեւանքով, Թուրքիոյ վարուելակերպը ոմանց քով, կարգ մը պարագաներու եւ ժամանակներու կրնայ անտրամաբանական դառնալ: Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող այս տագնապին պատճառը, կատարուած յանցանքին (Ցեղասպանութեան*) համար պատիժի ենթարկուելու գիտակցութիւնն է:
«Այս հասարակական-քաղաքական գիտակցութեան մէջ գոյութիւն ունի այն ընկալումը (իրականութիւնը*), որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկութեան «շնորհիւ» է որ ստեղծուած է: Թուրքիոյ բնակիչները ցեղային զտումի ենթարկելու պետական քաղաքականութիւնը, փոքրամասնութիւններու վերացումը եւ օտարացումը ու վերջապէս, պետութեան հիմքերը՝ տարածքային, պատմական, բարոյական եւ իրաւական բաղադրիչները քայքայուած են, որոնք, հետեւաբար, կրնան ցնցուիլ, որեւէ պահու (յարմար*) կացութեան մը պատճառով»:

Գասապեաններուն Անգարայի ապարանքը, իր 195 հեքթար հողով, մէկ միլիոն 950 հազար քարակուսի մեթր, որ Աթաթուրքէն սկսեալ 1923-2014, Թուրքիոյ նախագահական պալատն էր եւ 2014-էն ցարդ փոխ նախագահին նստավայրը: Նոյնիսկ նախագահական պալատը ցեղասպանութեան զոհ հայ ընտանիքի մը կը պատկանէր

Ի՞նչ պատահեցաւ տեղահանուածներու քաղաքներուն, գիւղերուն, բնակարաններուն, գործարաններուն, խանութներուն, եկեղեցիներուն, գերեզմաններուն, դպրոցներուն, պարտէզներուն, մսացու կենդանիներուն, ինչքերուն, գոյքերուն, ունեցուածքին, դրամատան հաշիւներուն, գանձելի գումարներուն, կալուածներուն, ներառեալ՝ Սիսի Կաթողիկոսարանին, Անգարայի Գասապեաններուն ապարանքին, որ անամօթաբար նախագահական պալատի վերածեցիք 1923-2014 ու այժմ՝ փոխ նախագահին նստավայրը, եւ Ինճիրլիք ռազմակայանը, որուն մեծ մասը հայերու պատկանող հողեր են, եւ՝ միլիոնով այսպիսի կալուածներ, մեծ հօրս եւ մեծ մօրս պատկանողներուն նման: Ո՞ւր է այս բոլորին հաշիւը:

Համահայկական հռչակագիրով վերակենդանացած Սեւրի դաշնագիրին գործադրութեան հետապնդումը իւրաքանչիւր հայու եւ մանաւանդ պետական գործիչներուն հետեւողական եւ մնայուն օրակարգին՝ աշխատանքին մաս պէտք է կազմէ:

 


* Լուսաբանութիւններն ու ընդգծումները հեղինակին

  1. https://hairenikweekly.com/?p=60819
  2. https://www.meer.com/en/77902-new-treaty-of-sevres
  3. https://journals.sagepub.com/doi/10.1177/00113921211057603?icid=int.sj-abstract.citing-articles.2
  4. https://foreignpolicy.com/2015/08/10/sykes-picot-treaty-of-sevres-modern-turkey-middle-east-borders-turkey/
  5. https://moderndiplomacy.eu/2015/12/18/turkey-has-the-sevres-syndrome/
  6. The fears of Turkey: The Sèvres Syndrome. Manifestations

of the “Sèvres Syndrome” in Turkey’s socio-political discourse, Levon

Hovsepyan.-Yerevan. “Information and public relation center”,

2012.-144 pages:

  1. https://www.youtube.com/watch?v=hu4fvXNyGJg տեսերիզ

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles