Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊՈՍԹԸՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 44 Second

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսը շարունակեց իր այցելութիւնները՝ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմէն ներս։ Մօտաւորապէս շաբթուան մը դրութեամբ, Նորին Սրբութիւնը այցելեց Մասաչուսէցի զանազան շրջաններն ու ծուծերը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 10-ի երեկոյեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Պոսթըն:  Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի, հոգաբարձութեան, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ եւ հայրապետական պատգամ մը տուաւ  Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։

Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ մեծաթիւ հաւատացեալներու, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան եւ համայնքի պատասխանատուներուն կողմէ: Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ «Հրաշափառ»-ի արարողութիւն։ Հուսկ, Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան խօսք առնելով՝ բարի գալուստ մաղթեց Հայրապետին եւ ընդգծեց Պոսթընի պատմական գաղութ ըլլալը եւ անոր ունեցած կարեւոր ներդրումը ու դերակատարութիւնը թեմի հայ կեանքին մէջ։

Ապա, Նորին Սուրբ Օծութիւնը ուղղեց իր հայրապետական ու հայրական պատգամը։ Ան նախ անդրադարձաւ այնտեղ ներկայ միաբան հայրերուն եւ շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ ներկայութիւն եղած է ինչպէս մեր ժողովուրդի կեանքին, այնպէս ալ Պոսթընի հայ գաղութին մէջ: Ան բացատրեց «Հայր մեր» աղօթքին «եկեսցէ արքայութիւն քո» նախադասութիւնը: Նորին Սրբութիւնը կեդրոնանալով յաւիտենական արքայութեան գաղափարին վրայ՝ ըսաւ, որ Քրիստոս իր մարդեղութեամբ երկինքը մօտեցուց երկրին. ան երկիր գալով երկինքի արքայութիւնը բերաւ երկիր եւ մարդուն պարգեւեց Արքայութեան անդամ դառնալու շնորհքը:

«Անթիլիասը սոսկ վայր մը չէ, այլ ծառայութիւն ու առաքելութիւն է», շեշտեց Հայրապետը, որ անդրադառնալով ներկայ աշխարհի դժուարութիւններուն ու տագնապներուն՝ բաղդատական մը կատարեց աշխարհիկ թագաւորութիւններուն եւ Աստուծոյ Արքայութեան միջեւ՝ ըսելով, որ աշխարհիկ թագաւորութիւններուն մէջ կան դժբախտութիւններ, անարդարութիւն եւ մեղք, մինչ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ կան սրբութիւն, երջանկութիւն, սէր եւ արդարութիւն:

Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց «Հայրենիք»-ի խմբագրատուն, ուր յատկապէս կը պահպանուին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արխիւները։ Նորին Սրբութիւնը այցելեց կեդրոնի զանազան բաժանմունքները եւ ապա հանդիպում ունեցաւ Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէին հետ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի, Սփիւռքի եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի առնչուած հարցերուն:

Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս ամենօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարանները, ուր ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ: Յիշեալ վարժարաններուն պատասխանատուները Նորին Սրբութեան զեկուցեցին վարժարանին գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Հայրապետը բարձր գնահատեց վարժարանի տնօրէնութեան ու ուսուցչական կազմին նուիրուածութիւնը եւ շեշտեց անոնց ստանձնած ազգանուէր առաքելութեան կարեւորութիւնը: Ան իր խօսքին մէջ յատկապէս ընդգծեց, թէ․- «Հայ դպրոցը նուիրական այն հաստատութիւնն է, ուր մեր մանուկներուն մէջ կը թրծուի հայկական մեր ինքնութիւնը՝ իբրեւ հայ եւ իբրեւ քրիստոնեայ: Հետեւաբար, այս գիտակցութեամբ պէտք է հայ դպրոցին մօտենանք, որովհետեւ մեր ազգի ապագան կախեալ է հայ դպրոցէն»: Աշակերտները փունջ մը ազգային երգերով հակիրճ յայտագիր մը հրամցուցին Հայրապետին եւ իր շքախումբին, ապա Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց աշակերտներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն:

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ հանդիպում ունեցաւ համայնքին մէջ գործող հայկական կառոյցներու ու մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ։ Նորին Սրբութիւնը իւրաքանչիւր կազմակերպութեան պատասխանատուէն ստացաւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ, գնահատեց մարմիններուն կողմէ տարուող աշխատանքները, իր հայրական յորդորը տուաւ անոնց եւ շեշտեց համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը համայնքի կեանքին մէջ։

Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան։

ՆՈՐԹ ԷՆՏՈՎԸՐ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11-ին, նախագահութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Լօուըլ շրջանի քաղաքապետարանի մուտքին Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող-խաչքարին օրհնութիւնը կատարուեցաւ: Հանդիսութեան հերթաբար խօսք առին կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամները եւ Լօուըլի նախկին ու ներկայ քաղաքապետերը: Համայնքի ներկայացուցիչներու կողքին ներկայ էր յուշակոթող-խաչքարի արուեստագէտ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեան։ Ներկայ քաղաքապետը ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր այցելութիւնը՝ անոր յանձնեց քաղաքի բանալին:

Խօսք առնելով նաեւ Վեհափառ Հայրապետը՝ շեշտեց, որ․- «հայ ազգը իր յիշողութեան մէջ վառ կը պահէ իր նախնիներուն կրած տառապանքն ու դաժան չարչարանքները: Յիշել կը նշանակէ կառչած մնալ արմատներուն ու պատմութեան: Հարկ է յիշել, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է։ Մահուան ենթարկուած հայ ժողովուրդը Ամերիկայի այս ափերուն վրայ վերածնաւ ու վերակազմակերպուեցաւ, կառուցեց իր եկեղեցին ու համայնքի կառոյցները եւ համայնքի կեանքը ծաղկեցուց: Հետեւաբար, այս յուշակոթողը, թէ՛ ներկայ եւ թ՛է ապագայ սերունդներուն համար, մեր պատմութեան յուշարարը պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ՝ կոչ՝ յանուն արդարութեան պայքարի»։

Նոյն օրը երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Նորթ Էնտովըրի մէջ հաստատուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ ծխայիններուն, քահանայ հօր՝ Արժ. Տ. Ստեփան Քհնյ. Պալճեանի, թեմի ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն ու եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ օտար եկեղեցականներու կողմէ:

«Հրաշափառ»-ի արարողութենէն ետք, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան ողջունեց Հայրապետին օրհնաբեր ներկայութիւնը Նորթ Էնտովըրի մէջ եւ ըսաւ, որ 27 տարի ետք ահաւասիկ ան դարձեալ եկած է հոգեւոր վերանորոգութեան նոր էջ բանալու՝ այս եկեղեցւոյ շուրջ բոլորուած հայորդիներու կեանքին մէջ: Ապա հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը՝ իր օրհնութեան խօսքը ուղղելու ներկաներուն։

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամի սկզբնաւորութեան ողջունեց հոգեւորականաց դասը, մասնաւորաբար օտար եկեղեցիներու ներկայացուցիչները եւ շեշտեց, որ եկեղեցին Քրիստոսի խորհրդանշական մարմինն է եւ, հետեւաբար, իր էութեամբ եկեղեցին մէկ ամբողջութիւն կը կազմէ:

Հայրապետին պատգամին յաջորդեց աջահամբոյր, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը առիթ ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու Նորթ Էնտովըրի հայորդիներուն:

Ապա, ի պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ։ Խօսք առին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետը, թեմի ազգային վարչութեան համա-ատենապետը, հոգեւոր հովիւը եւ առաջնորդ սրբազան հայրը: Ճաշկերոյթի ընթացքին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայի աշակերտները երգով ու պարով ամփոփ յայտագիր մը ներկայացուցին Հայրապետին ու ներկաներուն։ Նշենք, որ յանուն Նորթ Էնտովըրի եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, Վեհափառ Կաթողիկոսին նուիրուեցաւ յուշակոթող-խաչքարին մանրապատճէնը։

Իր օրհնութեան փակման խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ իւրայատկութեան: ԱՆ ըսաւ, որ երկար տարիներու միջ-եկեղեցական իր գործունէութեան ընթացքին, այցելած է զանազան եկեղեցիներ եւ մօտէն ճանչցած է անոնց մտածելակերպը, աստուածաբանական մօտեցումները ու աւանդութիւնները եւ, հետեւաբար, առիթ եղած է աւելիով ծանօթանալու մեր եկեղեցւոյ իւրայատկութեան: «Հայ եկեղեցին իր աւանդութիւններով, աստուածաբանական մտածելակերպով, հայ ժողովուրդի կեանքին թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ հոգեւոր բնագաւառներէն ներս ունեցած եզակի դերկատարութեամբ կը պահէ իր ինքնուրոյն դիմագիծը», ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը:

Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց հայ եկեղեցւոյ իւրայատկութիւնը կազմող երեւոյթները։ Վերջապէս, Նորին Սուրբ Օծութիւնը գնահատեց համայնքի կեանքին մասնակիցները եւ կարեւորեց քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութիւնը՝ ամերիկեան այս ափերուն վրայ յատկապէս։

Ճաշկերոյթը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» օրհներգով ու «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգով։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles