Շաբաթ, Նոյեմբեր 16-ին «Hyatt Regency – Cambridge» պանդոկին մէջ պիտի նշուի Սուրբ Ստեփանոս Ամէնօրեայ վարժարանի 40-ամեակը։
Այս առթիւ, պիտի մեծարուի 35 տարի շարունակ ծառայած եւ վերջերս հանգստեան կոչուած տնօրէնուհի Հուրի Պոյամեան։
Հանդիսութիւնը կը կազմակերպէ Նիքոլ Պապիկեան-Հաժժարը, որ հետեւողական ձեւով, իր ներդրումն ու նուիրումը ունեցած է, շարունակ կազմակերպելով նմանօրինակ ձեռնարկներ։
«Երկար տարիներ պաշտօնի վրայ ըլլալով, Հուրի Պոյամեան կրցած է հետեւողականօրէն քայլ պահել այս կրթօճախի բարելաւման եւ մակարդակի բարձրացման։ Յանձնախումբին անունով, կը յայտնեմ, թէ երախտապարտ եւ հպարտ եմ, որ այսպիսի հանդիսութիւն մը կը կազմակերպենք», ըսաւ Պապիկեան-Հաժժար։
Օրուան հանդիսավարն է Քրիսթինա Այանեանը, իսկ բանախօսն է Մէյրի Փափազեանը, որ համալսարաններու ղեկավարող յանձնախումբերու ընկերակցութեան փոխնախագահն է։
Գեղարուեստական յայտագրով, ելոյթ պիտի ունենայ Անժելինա Նազարեանը։
«Կը սպասենք այս յիշատակելի օրուան, մեծարելու համար հսկայ աշխատանք տարած մեր նախկին տնօրէնուհին», նշեց ներկայ տնօրինուհի Կարին Փալանճեան։
Հուրի Պոյամեան իր կարգին յայտնեց, թէ, «Սուրբ Ստեփանոս Ազգ. Վարժարանի տնօրէնութիւնը վարելը պաշտօն մը չէր այլ առաքելութիւն մը, որ ժառանգած եմ, Շանթէն, Աղբալեանէն, մտաւորական հօրմէս եւ ուսուցիչներէս: Անցնող տարիները, հակառակ բորոր դժուարութիւններուն, կեանքիս ամէնէն իմաստալից եւ գոհունակութիւն պատճառող տարիներն էին: Բախտաւոր եղած եմ շրջապատուած ըլլալով աննման պաշտօնակիցներով, որոնց հետ զօրաւոր կապեր հաստատած եմ: Մեծագոյն հաճոյքներէս մէկն եղած է հետեւիլ տարիներու ընթացքին մեր աշակերտներուն յառաջդիմութեանց եւ յաջողութիւններուն, ինչպէս նաեւ անոնց մէջ ազգային ոգիի զարգացման: Առաւել ուրախութիւն էր տեսնել մեր շրջանաւարտներուն գործունեայ դերը հայ կեանքէն ներս»։