ՊԱ­ՂԱ­ՐԻՒՆ ՊԱ­ՂԸ­ՇԻ ՊԱՂ ԵՒ ՄԻ­Ա­ՊԱ­ՂԱՂ ԺԽՏՈՒ­ՄԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 19 Second

Յա­ջո­ղու­թիւնը, այն կա­րո­ղու­թիւնն է, որ կը փո­խադր­ուի ձա­խո­ղու­թե­նէ ձա­խո­ղու­թիւն, առանց կորսնց­նե­լու խան­դա­վա­ռու­թիւնդ“:

Խօսք` Սըր Ուինս­թըն Չըրչի­լի

 

Թուրք­իոյ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան հար­ցե­րով զբա­ղուող պե­տա­կան նա­խա­րար Էկե­մեն Պա­ղըշ իր վրայ կեդ­րո­նա­ցու­ցած է բո­լո­րին ու­շադ­րու­թիւնը…Կամ աւե­լի ճիշ­դը, պա­հած է իր ան­հիմն եւ ան­հե­թեթ ու­րաց­ման խան­դա­վա­ռու­թիւնը, որ զինք կրնայ փո­խադ­րել ան­յա­ջող թե­րա­ցում­նե­րու կա­ցու­թեան մը մէջ:

Ար­դա­րեւ, Ֆրան­սա­յի կող­մէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէ­ա­կա­նաց­նող օրի­նա­գի­ծի որ­դեգ­րու­մին լոյ­սին տակ, ան Ֆրան­սա­յի սահ­մա­նա­կից Զուի­ցեր­իոյ մէջ, ամէ­նայն պա­ղա­րիւ­նու­թեամբ կա­տա­րեց Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ժխտող պաղ եւ մի­ա­պա­ղաղ հաս­տա­տում մը:

Պա­ղըշ, նա­եւ Գեր­ման­իոյ, Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու, Ֆրան­սա­յի, Ռու­սաս­տա­նի, Բրի­տան­իոյ եւ ան­շուշտ Հա­յաս­տա­նի կոչ ուղ­ղեց որ­պէս­զի իրենց տրա­մադ­րու­թեան տակ ու­նե­ցող ար­խիւ­նե­րը բա­նան, ինչ­պէս նա­եւ բո­լոր պատ­մա­բան­նե­րէն խնդրեց որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցին շուրջ ակա­դե­մա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կա­տա­րեն, ան­շուշտ փաս­տե­լով որ այդ­պի­սի բան գո­յու­թիւն չէ ու­նե­ցած:

Այս յայ­տա­րա­րու­թիւնը ձեռ­նա­ծա­ւալ ու ան­տար­բեր չձգեց տեղ­ւոյն հայ գա­ղութն ու ընդ­հան­րա­պէս մարդ­կա­յին ար­դար իրա­ւունք­նե­րուն հա­մար պայ­քա­րող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ: Բնա­կա­նա­բար, Ոչ-կա­ռա­վա­րա­կան հիմ­նարկ­նե­րու, Բա­րե­սի­րա­կան ու Օժան­դա­կու­թեան Կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ամ­րոց` Զուի­ցեր­ի­ան ու­նէր իր խօսքն ու հա­կազ­դե­ցու­թիւնը Պա­ղըշ­եան այս պա­ղա­րիւն ար­տա­յայ­տու­թեան մէջ: Այս­պէս, նա­հան­գա­յին դա­տա­րա­նը դի­մում մը ստա­ցաւ, որուն մէջ, յստա­կօ­րէն կը բա­ցատր­ուէր թէ Պա­ղըշ Զուի­ցեր­իոյ մէջ քրէ­ա­կան օրէնս­գիր­քի 261-րդ յօդ­ուա­ծին մէջ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան օրէն­քին դէմ մե­ղանչ­ուած է: Այս բո­ղոք նա­մա­կին լոյ­սին տակ, բնա­կա­նա­բար հիմ­նա­ւո­րու­մէ ետք, քննու­թեան առա­ջին քայ­լե­րը առն­ուե­ցան, այն­քան մը որ, լրջօ­րէն քննար­կու­մի տակ է, Պա­ղը­շի դիւա­նա­գի­տա­կան ան­ձեռնմ­խե­լիու­թեան հետ կապ­ուած հար­ցը:

Ամէ­նայն յո­խոր­տան­քով, Պա­ղըշ յայ­տա­րա­րեց թէ ո՛չ մէկ եր­կիր կրնայ իր պե­տու­թեան մարդ­կա­յին իրա­ւանց, ազատ ար­տա­յայ­տու­թեան կամ անց­եա­լին ապր­ուած ցա­ւե­րու մա­սին դա­սեր տալ եւ թէ զուի­ցեր­ի­ա­ցի այդ դա­տա­խա­զը պար­զա­պէս ան­տե­ղի ժա­մա­նակ է, որ կը վատ­նէ:

Պա­ղը­շի յեր­իւ­րա­ծոյ խօս­քե­րուն մէջ, հե­տաքրք­րա­կան է այն հաս­տա­տու­մը թէ “իւ­րա­քան­չիւր ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան մէջ մութ պա­հեր կան“:

Այո՛…Պա­րոն Պա­ղըշ, կրցած էք պու­մը­րէնկ մը ստեղ­ծել, որ կրնայ ան­ձեռնմ­խե­լիու­թեան պատ­եանն ան­գամ պատ­ռել:

 

“ՀԱՅՐԵՆԻՔ“

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles