(ՆԱԽ)ԸՆՏՐԵ՞Լ…

0 0
Read Time:3 Minute, 30 Second

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

Քանի մը օրէն յայտնի պիտի ըլլայ Սպիտակ Տան յառաջիկայ չորս տարիներու վարձակալը, կամ աւելի պաշտօնական ըլլալու համար՝ Ա.Մ.Ն.-ի 47-րդ նախագահը:

Երկու թեկնածուներն ալ՝ դեմոկրատ Քամալա Հարիս եւ հանրապետական Տանըլտ Թրամփ ոգի ի բռին ընտրարշաւի լծուած են եւ յատկապէս թիրախ ընտրած են անգոյն եւ «փոփոխամիտ», «ճօճուող» նահանգներ (swing states): Ժամացոյցի դէմ մրցում մը՝ որ կը յատկանշուի իր սանձարձակ… տարօրինակութիւններով ու այլանդակութիւններով: Կանխատեսումներն ալ գունաւոր են. ոմանք կը նախատեսեն Հարիսի լայն առաւելութեամբ յաղթանակը, ուրիշներ կը պնդեն, որ մրցակցութիւնը շատ սուր պիտի ըլլայ, մինչեւ իսկ 6 Յունուար 2021-ի ուրուականը սկսած է թռիչք կատարել հոս-հոն…

Քամալա Հարիս, յատկապէս երիտասարդներէ քուէ շահելու միտումով, շրջագայութեան ելաւ հանրածանօթ երգիչ-երգչուհիներու հետ, որոնք ի նպաստ իրեն «երգեցին»: Թրամփ, որ համեմատած Հարիսի՝ իր կողքին չունի արուեստագէտներու շօշափելի թիւ մը, դիմած է տարբեր ոճի: Միլիառատէր այս մարդը, որուն հարստութիւն դիզելու հնարքներուն մասին բազմաթիւ հատորներ լեցուած են, կ’աշխատի ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ ինք պարզ ժողովուրդէն է, զանազան միջոցներով կ՛ուզէ ներգրաւել քուէարկողը: Ան մինչեւ իսկ մտաւ  հանրածանօթ ճաշարանի մը առաքման յատուկ բաժանմունքը, գետնախնձոր տապկեց ու սպասարկողի պաշտօն կատարեց…:

Ամերիկացի քուէարկողը ամէն օր, ամէն ժամ ականջալուր եւ հանդիսատես կ’ըլլայ մրցակիցներու աներեւակայելի յայտարարութիւններուն եւ ցեխարձակումներուն, նաեւ կը տեսնէ, թէ մրցակիցներէն մէկը ինքն իրեն դէմ մրցումի ելած է՝ ստախօսութեան իր վաստակը հարստացնելու համար: Դիմացինն ալ կը փորձէ տարօրինակ ինքնապաշտպանութիւն ընել:

Ընդհանուր պատկերը աչքի առջեւ ունենալով՝ տրամաբանող մարդ էակի մը համար դժուար պիտի չըլլար որոշում տալը, եւ առանց այլեւայլ հարցադրումներու՝ Քամալա Հարիսին ի նպաստ քուէարկելը, մանաւանդ, որ մրցակիցին՝ Թրամփի  անուան դիմաց երկար է շարքը կատարուած ու փաստարկուած՝ բազմաթիւ նիւթաբարոյական մեղքերու եւ դատավարութիւններուն, որոնց ամենէն սադրիչն ու սահմռկեցուցիչը՝ 6 Յունուար 2021-ին, Ուաշինկթընի մէջ, խորհրդարանի շէնքին՝ «Քեփիթըլ Հիլ»-ի վրայ իր վայրենաբարոյ ու տգէտ երկրպագուներուն «անսպասելի» բայց յստակօրէն նախապատրաստուած յարձակումն էր, ամէն օրէնք ոտնատակ ընող արարք, զոր արդարացնելու փորձ կ’ընէ այսօր թեկնածու Թրամփ, յայտարարելով, որ այդ արարքին մասնակիցները անպարտ պիտի հռչակէ Սպիտակ Տան բանալին ձեռլք ձգելու պարագային…

Քուէարկողին համար ընտրութիւն կատարելը այդքան ալ դիւրին չէ: Փաստօրէն, աշխարհի ներկայ պայթուցիկ վիճակը կը նկատուի Հարիսի եւ դեմոկրատականներու «Աքիլլէսի կրունկ»-ը, անոնց ճիտին ծանրացող մեղք մը: Չէր բաւեր Ուքրայինայի մէջ աւելի քան 2.5 տարի առաջ ստեղծուած «անլուծելի անելը», եւ ահա աւելի քան տարիէ մը ի վեր ծայր առած է Իսրայէլ-«Համաս» ճակատումն ու Կազայի քանդումը, աւելի՛ն, անոր վրայ արդէն գումարուած է Իսրայէլ-«Հըզպալլա» պատերազմն ու Լիբանանի (յաւելեալ) քանդումը: Հապա Իսրայէլ-Իրան փոխադարձ յարձակումնե՞րը…: Այս յայտնութենական (apocalyptic) ամբողջ կացութեան անմիջական յանցաւորը՝ բնականաբար կը նկատուի Սպիտակ Տան այժմու ղեկավարութիւնը, որ Հարիսի պատկանած դեմոկրատական վարչակազմն է: Ի վերջոյ, երբ իշխանութեան ղեկին ես, դրական ու բացասական զարգացումներուն պատասխանաուութիւնը ուսերուդ կ’իյնայ եւ չես կրնար ամէն բանի համար ինքնարդարացումի դիմել նախկինները քննադատելով: Այլ բան՝ որ նման զարգացումներու պարագային, իշխանութիւն ըսուածը շարունակականութիւն մը ունի:

Գաղտնիք չէ, որ Ուաշինկթընի կողմէ որդեգրուած, կամ աւելի ճիշդը՝ գործադրուող քաղաքականութիւնը կրնայ շատ սուղ նստիլ Հարիսի խմբակին վրայ:

Նոյնքան ալ յստակ է, որ, դժբախտաբար, ոչ մէկ շօշափելի եւ անկիւնադարձային փոփոխութիւն կարելի է ակնկալել Թրամփի վերադարձով, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, կայ քաղաքական ընդհանուր գիծերու շարունակականութիւն մը: Կարճ ժամկէտի դրուածքով,  վերջինը Սպիտակ Տուն վերադառնալու իր յայտագրին մէջ խոստումներով լեցուն պարկ մը պատրաստած է, նոյնիսկ համոզելով եւ սիրաշահելով Միշիկընի մահմետական համայնքի ներկայացուցիչները: Մե՜ծ հարցականներ կան, թէ արդեօք անոր կամ մրցակիցին խոստումներէն քանի՞ն կրնան իրականանալ, ո՞վ թոյլ կու տայ, որ իրականացնեն…

Պահ մը գանք մեր դիտանկիւնին: Չմոռնալով հայութեան քուէները, Թրամփ յականէ-անուանէ այպանեց Քամալա Հարիսն ու իր գործակիցները, թէ ոչինչ ըրին՝ երբ 120 հազար հայ քրիստոնեաներ սարսափելի կերպով հալածուեցան եւ Արցախէն բռնի տեղահանուեցան: Բայց մենք չենք մոռցած, որ քանի մը տարի առաջ, 2020-ին, երբ Արցախը կ՛այրէր, նոյնինքն Թրամփն էր նախագահը, որ կորուստներու կասեցման համար ոչինչ ըրաւ: Այլ խօսքով, պէտք չէ տարուիլ իր անտեղի եւ յաւելեալ զգացական կացութիւն ստեղծող սին խօսքերով: Ան ամենայն մանկամտութեամբ կը շեշտէ, թէ երբ նախագահ ըլլայ, պիտի պաշտպանէ հալածուած քրիստոնեաները, պիտի աշխատի դադրեցնել բռնութիւնն ու ցեղային զտումը, եւ դեռ, աւելին՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը պիտի վերականգնէ…

Հարիս իր կարգին, նախքան Թրամփի յայտարարութիւնը, բաներ մը խօսած էր ի նպաստ հայութեան…

Մէկ խօսքով, ընտրողը կանգնած է առերեւոյթ անել կացութեան մը առջեւ, չի կրնար որոշել, թէ որո՞ւն պէտք է տայ իր քուէն: Ստեղծուած աղմուկին մէջ, կը մոռցուի, թէ ո՛վ որ ալ ըլլայ ընտրուողը, ստիպուած է հետեւիլ ՊԵՏԱԿԱՆ ԳԼԽԱԳԻՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, որուն տնօրինման մէջ նիւթական հզօրանքի տէրերը կարեւոր խօսք ունին:

Ամերիկահպատակ հայորդին ալ ինկած է նոյն ոլորապտոյտին մէջ…

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles