Ծանօթ.- Մայքըլ Մենծոյեանի “Ո՞ւր է Մեր Հայրերուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը“ (Where is the ARF of Our Fathers) երկարաշունչ յօդուածը լոյս տեսած է, “Հայրենիք“ի անգլերէն բաժնի “Արմինիըն Ուիքլի“ շաբաթաթերթի 2011-ի Դեկետմբեր 6-ի եւ 13-ի թիւերուն մէջ, յաջորդաբար երկու բաժիններով: Առաջին բաժինով, յօդուածագիրը կը ներկայացնէ համառօտ պատմութիւնը Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջին հարիւր տարուան ազատագրական եւ ազգանուէր գործունէութեան: Այս մասը բաժնուած է երկու շրջաններու` առաջին.- 1890-1923 երկարող տարիներու մասին, եւ երկրորդ` 1923-1991 երկարող տարիներու մասին:
Իսկ յօդուածին Երկրորդ բաժինով ՄայքըլՄենծոյեան կը կեդրոնանայ Հ.Յ.Դ.-ի 1991-էն մինչեւ մեր օրերը երկարող պատմութեան, եւ մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ անոր ունեցած գործունէութեան վրայ: Թարգմանուած է միայն ա՛յս երկրորդ բաժինը, իր շահեկան եւ մասնաւորաբար այժմէական ըլլալուն պատճառով: Կարեւոր եւ տեղին նշուած են, նաեւ թարգմանիչին նօթերը:
Գրեց` ՄԱՅՔԸԼ ՄԵՆԾՈՅԵԱՆ
Թարգմանեց` ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸՍՐԼԵԱՆ
1991-ին հռչակուեցաւ Հայաստանի երկրորդ ազատ հանրապետութիւնը: Այս դէպքը մարտակոչ մը պէտք է եղած ըլլար Հ.Յ.Դաշնակցութեան նոր շրջան մը սկսելու համար: Որովհետեւ կուսակցութիւնը այլեւս կրնա՛ր ազատ Հայաստան վերադառնալ. օր մը` որուն գալուստին կուսակցութեան ղեկավարութիւնը սպասած էր վերջին 70 տարիներուն իր աքսորավայրերուն մէջ: Աչքառու այն յաջողութիւնը որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իրագործած էր Սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ, բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ տեղի ունեցած էր բաղդատմամբ հայրենիքի մէջ ապրող մեր ժողովուրդի պայմաններուն: Հայ ժողովուրդի այս երկու խաւերը տարբեր միջավայրերու մէջ ապրելով եւ յարմարուելով, զգացական ու հոգեբանական իւրայատուկ ձեւերով մօտեցած էին իրենց ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական հարցերուն:
Սակայն նորաստեղծ ազատ Հայաստանին մէջ, ազդու կերպով քաղաքական կեանք վարելու համար, նախ հիմեր պէտք էր դնել: Եւ, այս ընելու փոխարէն, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը հայրենիք վերադառնալուն պէս, անմիջապէ՛ս մխրճուեցաւ Մաքավէլեան քաղաքականութեան մէջ:
1994 -ի Դեկտեմբերին, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը (ընտրուած` 1991-ին, եւ վերընտրուած` 1996-ին), հիմնուելով վարկածական ու շահադիտական ամբաստանութեան մը վրայ, ըսելով որ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը բաղկացուցիչ մաս մը, ուժ մը ունի որը քանդիչ է: Եւ այդ իսկ պատճառով, արգիլեց կուսակցութեան գործունէութիւնը եւ դադրեցուց անոր օրկան “Երկիր“ օրաթերթի հրատարակութիւնը Հայաստանի մէջ: Կուսակցութիւնը թէեւ կնքոց մ՛ունէր, շնորհիւ Սփիւռքի մէջ ունեցած իր փորձառութեան, սակայն Լեւոն Տէր Պետրոսեանը մտահոգուած էր, ու թերեւս` չափազանցած, իր իշխանութեան դէմ մրցակցող Հ.Յ.Դաշնակցութեան ունեցած կարծեցեալ ուժին ու կարողութեան պատճառով: (Սակայն կ՛արժէ յիշել որ կուսակցութիւնը 11 աթոռ շահեցաւ 1993-ի ընտրութիւններուն, դառնալով Ազգային Ժողովին թիւով չորրորդ մեծ խմբակցութիւնը:) Յաջորդող քանի մը տարիներուն, այսպէսով, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը անկարող դարձաւ Հայաստանի մէջ իբր քաղաքական կուսակցութիւն գործելու:
Սակայն երկրին տնտեսական վատթարացող պայմաններն ու Ղարաբաղեան հարցի շուրջ իր հաշտարար եւ զիջողական քաղաքականութիւնը ստիպեցին որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը հրաժարի իր նախագահական պաշտօնէն, 1998-ի Փետրուարին: Հայաստանի վարչապետ Ռոպերդ Քոչարեանը դարձաւ առժամեայ նախագահ եւ թեկնածու` նախագահական յաջորդ ընտրութիւններուն: 1998-ի Մայիսին Քոչարեանը ընտրուեցաւ նախագահ: Իր ընտրութենէն անմիջապէս յետոյ, ան վճիռ արձակեց, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի Հ. Յ. Դաշնակցութեան դէմ առնուած որոշումը ունի ոչ մէկ արժէք եւ ի զօրու չէ այլեւս: Ասիկա Հ.Յ.Դ.-ի վարձատրութիւնն էր Քոչարեանի թեկնածութեան եւ յետոյ անոր իշխանութեան կողմնակից ըլլալուն համար: Ատկէ քանի մը ամիս առաջ, զանազան պատճառներով, Արդարութեան Նախարարութիւնը արդէն վերահաստատած էր Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հայաստանի մէջ գործելու իրաւունքը, քանի որ ան այլեւս գոհացում տուած էր երկրին օրինական պայմաններուն:
Այս օրինական պայմաններուն գոհացում տալով, Հ.Յ.Դ.-ի ղեկավարութիւնը խորհրդանշական փոփոխութեամբ մը *(1) անջատում կատարեց Սփիւռքի իր Կեդրոնական Կոմիտէութիւններէն, որոնց միջոցաւ ան նախապէս կը գործադրէր քաղաքական իր որոշումները: *(2) Հարց կը ծագի, թէ Հայաստանի օրինական պայմաններուն գոհացում տալու այս արարքը որեւէ վնասակար հետեւանք ունեցա՞ւ կուսակցութեան գործունէութեան վրայ, քանի որ ան իր կեդրոնը փոխադրած էր Երեւան, եւ ղեկավարութիւնը ձեւով մը մեկուսացուցած էր ինքզինքը սփիւռքեան իր կազմակերպութենէն, երկրին միւս քաղաքական կուսակցութիւններուն հետ մրցակցելու եւ անոնց ղեկավարներուն սադրանքներուն զոհ չդառնալու համար: Այս նոր պայմաններուն գոհացում տալու գործընթացին չնախատեսուած հետեւանքն եղաւ երկճիւղութիւնը` միացուլ կուսակցութեան, Հայաստանի Հ.Յ.Դ.-ի եւ Սփիւռքի Հ.Յ.Դ.-ի ճիւղաւորումով:
Այս երկուքին համար ալ կուսակցութեան ծրագիրին կեդրոնացումը մնաց Հայ Դատի հետապնդումը, Ցեղասպանութեան ճանաչումը, եւ նուազ կարեւորութեամբ` գործաւոր դասակարգին իրաւունքներուն պաշտպանման հանդէպ ըրած իր ուխտը: *(3) Իսկ հաշտարարութիւնը այսպիսի այլազան նպատակներուն դեռ կը մնայ լուծելի:
Այսօր, թէեւ դիւրին է ըսել թէ սխա՛լ էր Քոչարեանին զօրավիգ ըլլալը, բայց գոնէ նախազգուշութեան. . . նշանները պէտք էր որ յայտնաբերուած ըլլային: Հարց կը դառնայ, թէ Հ.Յ.Դ.-ն ինչո՞ւ զօրավիգ եղաւ իշխանութեան մը որը լիովին չէր նուիրուած իր` Հ.Յ.Դ.-ի հաւատացած պատմական, ընկերայինևժողովրդավարական սկզբունքներուն: Դեռ աւելին` Հ.Յ.Դ.-ի ղեկավարութիւնը ծանօթ էր Հայաստանի դիմագրաւուած անյաղթահարելի դժուարութիւններուն: Ան գիտէր նաեւ թէ ժողովուրդը ինչպիսի ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ դատարանային իրավիճակներու մէջ կ՛ապրէր նախկին 70 տարիներուն:
Խորհրդային Միութեան քաղաքական ներպայթումը պատկերացուց ամբողջական ձախողութիւնը Պոլշովիկեան ընկերային-տնտեսական փորձարարական կառոյցին: Ձախողութիւն մը` որը պատճառ դարձաւ նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան անմիջական եւ ամբողջական փլզման, յառաջացնելով ընկերային եւ քաղաքական քաոս երկրին մէջ:
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իբր քաղաքական կազմակերպութիւն մօտաւորապէս եօթը տարի Հայաստանի մէջ հաստատուած ըլլալով հանդերձ, եւ թեկնածու Քոչարեանին ու անոր իշխանութեան զօրավիգ գտնուելէն առաջ իսկ, դեռ վստահելի ծրագիր մը չէ՛ր մշակած որը կը քննարկէր գործաւոր դասակարգի դիմագրաւուած տնտեսական եւ ընկերային խնդիրներն ու վտանգները: Եւ հայրենիքին մէջ առանց շօշափելի ևզօրաւոր ժողովրդականութիւն ունենալու, կուսակցութիւնը ո՛չ կրնար նախայարձակ ջատագովն ըլլալ փոփոխութեան, եւ ո՛չ ալ կրնար ազդեցութիւն ունենալ փոփոխութիւն յառաջացնելու ուրիշ որեւէ կուսակցութեան մը մէջ որուն հետ ինք որոշած էր գործակցիլ:
Վերջին 70 տարիներուն Հ.Յ.Դ.ը ըլլալով օտար երկիրներու մէջ գործող հակահամայնավար քաղաքական կուսակցութիւն մը, անոր ղեկավարները հայրենիքի՛ն մէջ նաեւ օտարնե՜ր էին: Իսկ անոնք որոնք Խորհրդային Միութեան շրջանին կառավարական պաշտօններու վրայ եղած էին, բնականաբար քաղաքական եւ տնտեսական ա՛լ աւելի առաւելութիւններ պիտի ունենային: Հետեւաբար` ստեղծուած այսպիսի նոր պայմաններուն բերումով, իրաւացի՞ է հաւատալ, թէ այս մարդիկը, յանկա՛րծ, կրնան անհետանալ քաղաքական ասպարէզէն: Եւ կամ մտածել, թէ արդեօք Հ.Յ.Դ.-ն իր յեղափոխական գաղափարախօսութեամբ ընդունելի պիտի ըլլա՞յ հայրենիքին մէջ: Եւ կամ` ընդունելի՞ է Հ.Յ.Դ.-ի բնական կերպով մրցակցութեան ասպարէզ մտնալը: Խիստ քննադատակա՞ն եղած կ՛ըլլանք, եթէ ըսենք որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան սկզբունքները չէին համապատասխաներ սկզբունքներուն այն իշխանութեան որուն Հ.Յ.Դ.-ն ընտրած էր իբր գործակից:
Զօրավիգ կանգնելով նախ Քոչարեանին եւ յետոյ նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հանրապետական Կուսակցութեան, ընկերային արդարութեան յեղափոխական գաղափարախօսութիւնը կարծես դրուեցաւ ընկերային-քաղաքական մեղմ եւ աննշան մակարդակի մը վրայ: Այս ժամանակաշրջանին, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը թերացա՛ւ գործաւոր դասակարգի կարիքներուն հետ հնչականութիւն ունեցող ծրագիրներ մշակելու գործին մէջ: Եւ վերջին ժամուն էր միայն, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը քաշուեցաւ իշխանութենէն փրոթոքօլի պատճառով:
Վճռականօրէն կարելի չէ հաստատել թէ հայ-թրքական մերձեցման գործընթացի ձախողութիւնը արդիւնք էր Հ.Յ.Դ.-ի (թէ՛ հայրենիքիևթէ՛ Սփիւռքի մէջ) ստեղծած հանրային ընդդիմութեա՞ն, թէ` Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի սկսած ճատրախաղին ընթացքը ակնկալուած արդիւնքը չունենալու՞ն համար, թէ` նախագահ Սերժ Սարգսեանի զարգացող պայմաններու հետեւանքով որդեգրած կեցուածքի սրամիտ հակադարձութեան պատճառով:
Այս երեքն ալ իրենց հաւանական դերերը կրնան ունեցած ըլլալ փրոթոքօլի ստորագրման ձախողութեան գործընթացին մէջ: Սակայն մինչեւ որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը հրաժարեցաւ կառավարութենէն, վնասը իրականութիւն դարձած էր արդէն: Հ.Յ.Դ.-ը չէր կրնար պատասխանատուութենէ զերծ մնալ երկրի տնտեսական վիճակին պատճառած աղէտալի աւերէն: Իբր յեղափոխական կուսակցութիւն, ան թերացած էր մասնաւորաբար պատմական իր գաղափարախօսութիւնը յառաջացնելու գործին մէջ: Անհրաժեշտ է մատնանշել, թէ կուսակցութիւնը հրաժարեցաւ Սերժ Սարգսեանի կառավարութենէն արտաքին քաղաքականութեան խնդրի մը պատճառով: Արդեօք չկայի՞ն ներքին այլ լուրջ հարցեր որոնք կրնային նոյնանման քայլ մը պարտադրել:
Այնքան ատեն որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը զգալիօրէն չի տարածեր իր ազդեցութիւնը երկրին գործաւոր խաւին մէջ, ան պիտի մնայ իբր լուսանցքային քաղաքական կուսակցութիւն մը: Ներկայիս Հ.Յ.Դ.-ը կը գրաւէ Ազգային Ժողովի 131 աթոռներէն 16-ը: Վահան Յովհաննիսեանը` Հ.Յ.Դ.-ի նախագահական թեկնածուն, 2008-ի ընտրութիւններուն ստացաւ քուէներուն հարիւրէն վեց տոկոսէն քիչ մը աւելին: Եթէ Հ.Յ.Դ.-ն պիտի ընդլայնէ իր ազդեցութիւնը, ապա ան պէտք է մշակէ օրէնսդրական կիրարկելի այնպիսի յարմար մէկ ծրագիր որը համոզիչ ևազդու կերպով կարելի է փոխանցել հայրենաբնակ քուէարկուին: Քուէարկողը ոչ միայն պէտք է հասկնայ թէ ինչ է որ Հ.Յ.Դ.-ն կը փորձէ իրականացնել, այլեւ` պէտք է ան հաւատայ որ կուսակցութիւնը կրնայ իրականացնել այն ինչ որ կը խոստանայ:
Անուրանալի են Հ.Յ.Դ.-ի դիմագրաւուած հսկայական դժուարութիւնները: Բայց նախկին վիճակ մը փոխել ուզող եւ յեղափոխական գաղափարախօսութեան տէրն եղող ո՞ր մէկ քաղաքական կուսակցութիւնը լուրջ ընդդիմադրութեան եւ քուէարկուներու վարանութեան դէմ չէ գտնուած:
Երկրին ներկայ դժուարութիւններուն հոգատարութեան եւ անոնց լուծման անբաւարար յառաջադրութիւններու ձախողութիւններուն մասին Հ.Յ.Դ.-ն ուժգնապէս պէտք է քննադատէ կառավարութիւնը թէ՛ Ազգային Ժողովէն ներս, եւ թէ` դուրսը: Տեղական մտահոգութիւնները ա՛լ աւելի կարեւոր դեր պիտի խաղան յառաջիկայ ընտրութիւններու ընթացքին (Ազգային Ժողովի ընտրութիւն` 2012-ն, Նախագահական ընտրութիւն` 2013-ն) քան թէ արտաքին քաղաքական հարցերը: Այսօր, Հ.Յ.Դ.-ը Հայաստանի մէջ այլեւս չի կրնար բաւարարուիլ լոկ սփիւռքահայութեան մէջ ունեցած իր ուժով: Հիմա, ան պէտք է ապահովէ նաեւ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին քուէներն ու անոր աջակցութիւնը:
Հ.Յ.Դ.-ի ղեկավարութիւնը պէտք է ըմբռնէ, որ յառաջիկայ ընտրութիւններու ընթացքին, արտաքին քաղաքական հարցերը (Հայ Դատ) շարունակաբար շեշտելը ոչ միայն կը տկարացնէ իր “հաւասարութիւն, պատեհութիւն եւ արդարութիւն“ հետապնդող յեղափոխական գաղափարախօսութիւնը, այլեւ` ատիկա վնասակար իսկ կրնայ դառնալ Հ.Յ.Դ.-ի հեղինակութեան, իբր տեղական եւ մրցակից քաղաքական կուսակցութիւն:
Հայաստանի ներկայ կացութեան փոփոխութեան կարիքը ո՛չ մէկու մտքին մէջ հարցական պէտք է ըլլայ: Հարցական պէտք չէ ըլլան նաեւ այս փոփոխութեան մէջ Հ.Յ.Դ.-ին կատարելիք ազդու դերակատարութիւնն ու աշխատանքը: Սակայն խիստ քննադատո՞ղ մը կ՛ըլլանք եթէ ըսենք, կը թուի թէ` Հայաստանի մէջ գործող այսօրուան Հ.Յ.Դ.-ն չունի այն եռա՛նդը, այն կի՛րքը եւ այն կեդրոնացո՛ւմը որոնցմով ան իրաւացիօրէն կրնայ պնդել թէ ի՛նքն է իր նախնիներուն յեղափոխական կուսակցութիւնը:
Կուսակցութիւնը Հայաստանի ներկայ սակաւապետական դրութիւնը շարունակական քննադատութիւններու եւ յարձակումներու թիրախ պէտք էր դարձուցած ըլլար: Թերացա՛ծ է Հ.Յ.Դ.-ն այս մարզին մէջ: Հայաստանի ներկայ սակաւապետական դրութենէն կ՛օգտուին քիչեր միայն, մինչ հեղձամահ կը դառնայ երկրի բնակչութեան մեծամասնութիւնը:
Անգործութեան պատճառով ժողովուրդին արտագաղթը ընկերային աղէտ յառաջացուցած է Հայաստանի մէջ: Կառավարութեան ժողովուրդին գործ հայթայթելու եւ երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու անկարողութիւնը ձախողութիւններ են որոնք ուրիշներուն կարելի չէ՛ փոխանցել: Երկրին բնական աղբիւրներն ու մարդուժի կարողականութիւնն իսկ լիովին չեն զարգացուած: Եւ երկրին սակաւապետական մթնոլորտին մէջ յայտարարուած տնտեսական յառաջացումները պատրանք են դարձած արդէն:
Երիտասարդութեան արտագաղթը եւ ծննդաբերութեան թիւերու տոկոսին նուազումը ահազանգային կացութիւն ստեղծած են երկրին մէջ, ուր տարեցներու թիւը կը բազմանայ, բարդացնելով անոնց հոգատարութեան խնդիրները: Ասոնք ազգային կարեւոր հարցեր են որոնք կ՛անտեսուին: Եւ ոմանք հայրենիքի տնտեսական խնդիրներու դժուարութիւնները Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանի փակման կը վերագրեն:
Հայաստանի ազատ եւ անկախ երկրորդ հանրապետութեան հիմնադրութեամբ արդիւնաբեր եւ շինիչ շրջան մը պէտք է որ սկսեր Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան մէջ: Վերջերս տօնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 20-ամեակը: Սակայն Ղարաբաղի ազատագրման շրջանին իր օրինակելի դերակատարութեան կողքին, վերջին 20 տարիներուն, Հ.Յ.Դ.-ը իր ո՞ր մէկ տեղական նախաձեռնութեան յաջողութեան 20-ամեակը կրնայ տօնել:
Այսօ՛ր, կուսակցութիւնը ինքզինքը դրած է այնպիսի դրութեան մը մէջ որը բանադրանք դարձած է Դաշնակցութեան սկզբունքներուն եւ փիլիսոփայութեան:
Ո՞ւր է այն տեսիլքը որ կրնայ որոշել կուսակցութեան ապագայի նպատակները: Եւ ո՞ւր է այն կիրքը որ կրնայ իրականացնել այդ նպատակները:
Ո՞ւր է այն անձնուրացութիւնը որ առաքելութիւնը կը գերադասէ անձնական շահերէն: Եւ ո՞ւր է այն յամառ վճռականութիւնը որ կրնայ մարտահրաւէր ուղղել իշխանութեան` տեղական այն խնդիրներուն շուրջ որոնց լուծումը քաղաքական խոցելի հետեւանքներ կ՛ենթադրէ:
Ո՞ւր է այն յանձնառութիւնը որ կրնայ ստեղծել այնպիսի մէկ կացութիւն, որը օգտակար կրնայ դառնալ բոլո՛ր, բոլո՜ր հայերուն … անկախ անոնց ունեցած տարիքի, տկարութեան, տաղանդի եւ իմացականութեան:
Եւ… ո՞ւր է մեր հայրերուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:
Յ.Մ.
*(1) Փոփոխութիւնը կանոնագրայի՛ն էր, եւ ո՛չ թէ “խորհրդանշական“:
*(2) Անջատում տեղի չունեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ղեկավարութեան, այսինքն` Բիւրոյի (գերադաս մարմին) եւ Կեդրոնական Կոմիտէութիւններու (ստորադաս մարմին) միջեւ:
Հ.Յ.Դ.-ի Կանոնագրութեան մէջ աւելցուեցաւ “Հայաստանի Գերագոյն Մարմին“-ի բաժինը: Մարմին մը, որ պիտի վարէր Հ.Յ.Դ.-ի գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: Ըստ կանոնագրին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոն կը մնար իբր գերադաս մարմին, իսկ կազմակերպութեան “Կեդրոնական Կոմիտէութիւն“ներն ու “Հայաստանի Գերագոյն Մարմին“ը կը մնային իբր ստորադաս մարմիններ:
*(3) Հ.Յ.Դ. կանոնագրութեան մէջ, ազատ Հայաստանի երկրորդ հանրապետութեան հիմնադրութենէն յետոյ, պէտք է հաստատել որ գործաւոր դասակարգի իրաւունքներու մասին եղած ընդգծումները ո՛չ փոխուած` եւ ո՛չ ալ “նուազ կարեւորութիւն“ ստացած են: