ԱՆԹՈՆԻԱ ԱՐՍԼԱՆ ՍՏԱՑԱՒ «ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆԸ

1 0
Read Time:1 Minute, 2 Second

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30-ին, Նիւ Եորքի Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մտերմիկ շրջանակի մէջ, տեղի ունեցաւ մեծարանք մը իտալահայ յայտնի գրագէտ, գրականագէտ ու թարգմանիչ Անթոնիա Արսլանի ի պատիւ, իտալացի եւ հայ հրաւիրեալներու մասնակցութեամբ։ Ներկայ էին Հայաստանի Մ․Ա․Կ․-ի դեսպանատունէն եւ տեղւոյն Իտալիոյ հիւպատոսարանէն ներկայացուցիչներ։

Բացման խօսքը կատարեց Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։ Այնուհետեւ, Մանհաթընվիլ գոլէճի փիլիսոփայութեան ամպիոնի վարիչ՝ փրոֆ. Շըպան Նաշ-Մարշալ, ներկայացուց մեծարեալը եւ կարդաց Արցախին նուիրուած անոր մէկ բանաստեղծութիւնը։ Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, յայտարարեց, թէ Մշակոյթի ամսուան առիթով, տիկին Արսլանի գրական, գիտական եւ հանրային գործունէութիւնը գնահատելով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս զինք պարգեւատած է «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։ Սրբազան Հայրը ընթերցեց կոնդակի անգլերէն թարգմանութիւնը եւ շքանշաով զարդարեց անոր կուրծքը։ Վեհափառ Հայրապետը կոնդակին մէջ ի մասնաւորի ըսած է.- «… Երկար տարիներու վրայ ծաւալած ձեր գրական-գիտական վաստակը պերճախօս վկայութիւն մըն է, որ դուք, միշտ հաւատարիմ Ձեր պապենական արմատներուն, Ձեր աստուածատուր շնորհն ու կարողութիւնները ի սպաս դրած էք, ու կը շարունակէք դնել, լուսարձակի տակ բերելու հայ ժողովուրդի պատմութեան թաքուն ու վաւերական ծալքերը։ Բազում հեղինակութիւններու ու թարգմանութիւններու կողքին, Ձեր ստորագրութեամբ լոյս տեսած «Արտոյտներու ագարակը» հատորը ինքնին խտացումն է, եւ միանգամայն՝ «անլռելի զանգակատուն» մը, աշխարհացրիւ բազմահազար հայ ընտանիքներու ապրած ոդիսականին»։

Շքանշանի տուչութենէն եւ տիկին Արսլանի շնորհակալական խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը։

 

Happy
Happy
100 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles