Լուիզա Ճանպազեան
ԱՀԱԸ-ի Հանրային Կապերու Համակարգող
Փըրամըս – Նիւ Ճըրզի
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 105-րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ Հոկտեմբեր 19-ին, Մոնրէալի (Գանատա) «Շերաթըն – Լաւալ» պանդոկին մէջ։ Հանդիսավարներ՝ Ռաֆֆի եւ Արփի Շնորհօքեանները ջերմօրէն ողջունեցին ներկաները եւ բարի գալուստ մաղթեցին հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։
«Մեր հանգուցեալ Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան փափաքած էր այս տարուայ Ճաշկերոյթը նուիրել մեր երիտասարդութեան (Celebrate Our Youth)։ Ոմանք կրնան պնդել, որ նման տօնակատարութիւն յարմար չէ այս գիշեր, նկատի առնելով Պր. Խանճեանի անսպասելի եւ անժամանակ մահը քանի մը ամիսներ առաջ։ Այսուամենայնիւ, ես համոզուած եմ, որ լաւագոյն միջոցը, որով մենք կրնանք յարգել զինք, անոր տեսլականը պահպանել է եւ շարունակել այն ճանապարհը, որ ան վարած էր վերջին 10 տարիներու ընթացքին։ Աւետարանչականը ներդրումներ կատարած է բազմաթիւ ծրագիրներու, աջակցելու եւ խրախուսելու երիտասարդերը՝ ըլլայ այդ կրթաթոշակներով, ամառնային ճամբարներով, կամ երիտասարդաց առաջնորդներու միջոցով։ Այսօր մենք այստեղ հաւաքուած ենք նշելու մեր ձեռքբերումները եւ շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ այն ամէն բանին համար, ինչ որ Պր. Խանճեան ըրած է Աւետարանչականի միջոցով», ըսաւ Պր. Շնորհօքեան իր բացման խօսքին մէջ։
Գանատայի եւ Հայաստանի ազգային քայլերգներէն ետք, Մոնրէալի Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցիի Հովիւ՝ Վեր. Ճորճ Տապպօ մատուց բացման աղօթքը։ Ապա, Հ․Հ․ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանը ողջունեց ներկաները եւ բարձր գնահատեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան իր ստեղծման օրուընէ իվեր աշխարհասփիւր Հայութեան եւ յատկապէս մեր Հայրենիքի քոյրերուն եւ եղբայրներուն մատուցած ծառայութեան եւ առաքելութեան համար։
«Ներդրումներ Երիտասարդութեան» (Investing in Youth) թեմայով տեսահոլովակի մը ներկայացումէն ետք Երգչուհի Սիլվի Տեմիրճեան, դաշնակահարուհի Անահիտ Սիմոնեան եւ ջութակահարուհի Եւա Շահպազեան հրամցուցին սիրուած հոգեւոր երգերու փունջ մը։
Ընթրիքէն ետք, երաժիշտները շարունակեցին յայտագիրը հրամցնելով Հայկական սիրուած երգերու եւ երաժշտութեան փունջ մը, որմէ ետք Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գանատայի Ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան «Երիտասարդութիւնը Վեր Բարձրացնող Անսասան Նուիրում» (Unwavering Dedication to Elevating the Youth) տեսաերիզով ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւր՝ Վեր. Յակոբ Մանճըլըքեանը՝ գնահատելու անոր լայնածաւալ եւ նուիրուած ծառայութիւնը, որ հարստացուցած է բազմաթիւ երիտասարդներու կեանքեր։
Վեր. Մանճըլըքեան երկար տարիներ ծառայած է որպէս քրիստոնէական դաստիարակութեան Առաջնորդ Լոս Անճելըսի (Քալիֆորնիա) Միացեալ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին։ «Որպէս երիտասարդներու առաջնորդ, ան բազմաթիւ երիտասարդներ առաջնորդած է դէպի Քրիստոս, եւ խրախուսած զանոնք ապրիլ Աստուածաշունչի ուսուցմունքներուն համաձայն՝ ընելով իրենց լաւագոյնը։ Ան ոգեշնչեց յուսալքուածները, առաջնորդեց շփոթուածները, բարձրացուց ինկածները եւ յուսադրեց յուսալքուածները։ Անոնք որոնք վստահուած էին իր խնամքին, զգացած էին անոր անկեղծ սէրը եւ նուիրուածութիւնը իրենց բարեկեցութեան եւ հոգեւոր աճի նկատմամբ։ Վեր. Մանճըլըքեանի հաւատքի վրայ հիմնուած քաջութիւնն ու առանձգականութիւնը ներշնչանք է բոլորիս համար», ըսաւ Ներսէսեան։
Ապա բեմ բարձրացաւ Վեր. Մանճըլըքեանն ու իր կողակից՝ Գոհարը, անոնց ներկայացնելու Աւետարանչականի գնահատանքի նուէրը։ Վեր. Մանճըլըքեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս առանձնայատուկ պատուին համար։ «Յունիս 22, 2023-ին ես աշխարհի ամենաերջանիկ մարդն էի, երբ ձեռնադրուեցայ ծառայելու Ռոտ Այլէնտի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին որպէս հովիւ։ Սակայն այդ երջանկութիւնը կարճ տեւեց՝ հինգ ամիս։ Ես մեծ կաթուած ստացայ։ Սակայն ես երբեք չբողոքեցի իմ հիւանդութեան համար։ Ընդհակառակը, ես երախտապարտ եմ Աստուծոյ, որ փկեց զիս որպէս պատասխան իմ մօրս եւ տիկնոջս աղօթքներուն՝ վերադառնալու գործունեայ կեանքիս եւ ծառայելու Աստուծոյս», » ըսաւ ան։
Յայտագրի երկրորդ կէսը յատկացուեցաւ Յարգանքի տուրք մատուցանելու
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր Տնօրէն՝ հանգուցեալ Զաւէն Խանճեանին։ «Այն տասը տարիներու ընթացքին, երբ ես եւ Զաւէնը միասին ծառայեցինք Ընկերակցութեան, մենք մասնակցեցանք բազմաթիւ իրադարձութիւններու եւ ուրախ առիթներու, ինչպէս Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն, » ըսաւ ընկերակցութեան Նախագահ՝ Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեան։ «Բայց մենք ականատես եղանք նաեւ այնպիսի մեծ ողբերգութիւններու, ինչպիսին են Արցախեան պատերազմը եւ անոր յաջորդող Արցախի բնակիչներու բռնի տեղահանութիւնը։ Զաւէնը անյապաղ զօրաշարժի ենթարկեց Ընկերակցութեան բոլոր միջոցները, հասնելու հազարաւոր անօթեւան Արցախցիներուն՝ ապահովելով անոնց սնունդ եւ կացարան, մինչեւ անոնք կարողանան գտնել աւելի մշտական բնակարաններ։ Զաւէնի կարեկցանքն ու հայրենասիրութիւնը անսահման էր։»
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանի (2014-2024) մասին յատուկ տեսաներկայացումէ մը ետք Տոքթ. Տարագճեան բեմ հրաւիրեց անոր կողակից՝ Սօնա Խանճեանը եւ անոր շնորհեց յատուկ գնահատանքի նուէր մը։ Տիկին Խանճեանի խօսքերը յուզիչ էին, երբ ան նշեց թէ որքան երախտապարտ է որ հնարաւորութիւնը ունեցած է իր կեանքը կիսելու Զաւէնի հետ, ինչպէս նաեւ Աւետարանչականին եւ անոր Նախագահ Տոքթ Տարագճեանին ու անոր տիկնոջ Տօքթ. Անի Տարագճեանին իրենց ցուցաբերած քաջալերութեան եւ բարոյական աջակցութեան եամար։
Յիշարժան երեկոն եզրափակուեցաւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Տնօրէն՝ Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի Օրհնութեան Աղօթքով։