ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ՀԱ­ՅՈՑ ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄ… ԱԼ­ՃԵՐ­ԻԱ­ՅԷՆ ԽՈ­ՃԱ­ԼՈՒ

0 0
Read Time:3 Minute, 21 Second

“Խաղ“ին ծա­նօթ քա­ղա­քա­գէ­տին հա­մար, յստակ էր թէ թրքա­կան հա­կա­քա­րոզ­չա­կան մե­քե­նան, ինչ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու պի­տի դի­մէր, Ֆրան­սա­յի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէ­ա­կա­նաց­նող օրի­նա­գի­ծի որ­դեգ­րու­մէն ետք:

Այս նիւ­թը այն­քան մը մե­լան հո­սեց­նել տուաւ, որ կրկնու­թիւն պի­տի ըլ­լայ ման­րա­մաս­նու­թեամբ անդ­րա­դառ­նալ Ան­գա­րա­յի որ­դեգ­րած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն մա­սին: Սպա­սե­լի էին ծայ­րա­յե­ղա­կան մօ­տե­ցում­ներ, որոնց կար­գին ֆրան­սա­ցի գոր­ծա­տէր Ռա­շիտ Նէ­քա­զի կա­տա­րե­լիք մէկ միլի­ոն եու­րո­յի նուի­րա­տուու­թիւնը,  որ պի­տի տրա­մադր­ուի այն պա­րա­գա­յին երբ անձ մը Ֆրան­սա­յի մէջ պի­տի դա­տա­պարտ­ուի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ժխտե­լու քրէ­ա­կան յան­ցան­քով:…Հոս նշե­լի է թէ այդ նոյն “նեն­գազգ“` Նէ­քա­զը օրին իր դրա­մա­պա­նա­կը տրա­մադ­րած էր այն կի­նե­րուն, որոնք լոյ­սե­րու քա­ղա­քին մէջ պի­տի դա­տա­պարտ­ուէ­ին, գլխու լա­չակ կրե­լու յան­ցան­քով:

Սա­կայն, ասոր կող­քին տե­ղին է յի­շել Ան­գա­րա­յի մէկ այլ սնո­տին մօ­տե­ցու­մը, որ շա­րու­նակ Ֆրան­սա­յի ղե­կա­վա­րու­թեան վրայ ճնշում բա­նեց­նե­լու հա­մար, կ՛ար­ծար­ծէ Ալ­ճեր­իոյ մէջ ֆրան­սա­կան գա­ղու­թա­տի­րու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, յատ­կա­պէս նա­խա-Տը Կո­լի օրե­րուն, ալ­ճեր­ի­ա­ցի­նե­րու սպա­նու­թեան հար­ցը: Նա­խա­պէս ալ յան­ձին, Թուրք­իոյ վար­չա­պետ Ռե­ճէպ Թա­յիպ Էր­տո­ղա­նի, նմա­նօ­րի­նակ զրպար­տիչ հաս­տա­տում­ներ կա­տար­ուած էին եւ շա­րու­նակ իբ­րեւ հա­կա­դար­ձու­թիւն բեր­ուած էր Պէն Պե­լա­յի Ալ­ճեր­իոյ օրի­նա­կը:

Այս ան­գամ, Ալ­ժէն լուռ չմնաց եւ վար­չա­պետ Ահ­մէտ Ու­յահ­ի­ան կոչ ուղ­ղեց եր­բեք չա­ղա­ւա­ղել եւ չշա­հար­կել Ալ­ճեր­ի­ան եւ իր պատ­մա­կան յե­ղա­փո­խու­թիւնը: Քայլ մըն ալ աւե­լի ան­դին եր­թա­լով, Ու­յահ­իա շեշ­տեց թէ ոե­ւէ անձ իրա­ւունք չու­նի ալ­ճեր­ի­ա­ցի­նե­րու թա­փած ար­եան հաշ­ւոյն իր սե­փա­կան գոր­ծե­րը յա­ռաջ մղե­լու եւ յատ­կա­պէս իր թուրք պաշ­տօ­նա­կի­ցին կոչ ուղ­ղեց որ դադ­րեց­ուի քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­նե­րով, գա­ղու­թա­տի­րու­թեան հար­ցի շա­հար­կու­մը: Նոյ­նիսկ Ալ­ժէի ղե­կա­վա­րու­թիւնը գնդա­կը նե­տեց թրքա­կան կողմ, շեշ­տե­լով թէ այդ նոյ­նինքն Ալ­ճեր­իոյ ազա­տագր­ման օրե­րուն, Թուրք­ի­ան` ՆԱ­ԹՕ-ի ան­դամ էր եւ բնա­կա­նա­բար օժան­դա­կած է Ֆրան­սա­յին…:

Փո­խադր­ուե­լով Ալ­ժէ­էն արե­ւելք… Կով­կաս­եան բարձ­րա­ւան­դակ, Ատր­պէյ­ճան իր կար­գին, ի պա­տաս­խան Ֆրան­սա­յի որ­դեգ­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կը պատ­րաս­տէ…այլ խե­ղա­թիւ­րում մը կա­տա­րե­լու եւ այս ան­գամ Խո­ճալ­ուի դէպ­քե­րու` շին­ծու 1992-ին հա­յե­րու կող­մէ գործ­ուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէ­ա­կա­նաց­նող օրէնք մը որ­դեգ­րե­լու:…Ան­հա­ւա­տա­լի եւ անի­րաւ: 

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Յունուար 10, 2012

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles