Ա.Մ.Ն.-Ի ՀԱՅ ՄՇԱ­ԿՈՒ­ԹԱ­ՅԻՆ ՄԻՈՒ­ԹԵԱՆ ՎԻ­ՃԱ­ԿԱ­ՀԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆԸ ԿԱ­ՏԱՐ­ՈՒԵ­ՑԱՒ

0 0
Read Time:2 Minute, 50 Second

Կի­րա­կի, Յուն­ուար 8, 2012-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ կա­տար­ուե­ցաւ Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան վի­ճա­կա­հա­նու­թիւնը: Այս առ­թիւ կազ­մա­կերպ­ուած էր յա­տուկ հա­ւաք մը, միու­թեան ան­դամ­նե­րէն Հրայր Պա­րոն­եա­նի բնա­կա­րա­նին մէջ: Յի­սուն հրա­ւիր­եալ­ներ ժա­մա­նած էին այս հա­ւա­քին, ուր տե­ղի ու­նե­ցան նա­եւ սրտա­բուխ նուի­րա­տուու­թիւն­ներ:

Կազ­մա­կեր­պիչ մար­մի­նի անու­նով, խօսք առին Ան­ժէլ Մա­նուկ­եան եւ Թա­լին Տաղլ­եան, որոնք շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին բո­լոր անոնց որոնք ամէն ճիգ թա­փե­ցին այս աշ­խա­տան­քը, հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կա­տա­րե­լու:

Յատ­կա­պէս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­ցին օր­ուայ նուի­րա­տու­նե­րուն եւ միու­թեան գոր­ծուն­եայ ան­դամ` Հրայր Պա­րոն­եա­նին, որ ամէ­նայն սի­րա­յօ­ժա­րու­թեամբ, իր եր­դի­քէն ներս ըն­դու­նած էր օր­ուան հիւ­րե­րը:

Անոնց կողքին վիճակահանութեան յանձնախումբի անդամ էր նաեւ Յարութիւն Ժամկոչեան:

Ներ­կայ էին նա­եւ Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Բա­րե­ջան Առաջ­նորդ Օշա­կան Արք. Չօ­լոյ­եան եւ Առաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նորդ Անու­շա­ւան Եպս. Դանի­էլ­եան: Հ.Յ.Դ. Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Անդ­րա­նիկ Գաս­պար­եան, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի նախ­կին ան­դամ` Վի­գէն Յով­սէփ­եան, որոնք կարճ պատ­գամ­ներ փո­խան­ցե­ցին, շեշ­տե­լով նմա­նօ­րի­նակ ձեռ­նարկ­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւնը եւ յատ­կա­պէս Սփիւռք – Հայ­րե­նիք ան­քակ­տե­լի կա­պը:

Ներ­կայ եին նա­եւ, “Հա­մազ­գա­յին“ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան նախ­կին ան­դամ` Հրանդ Մար­գար­եան, Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Ու­սում­նա­կան Խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Յա­րու­թիւն Մսըրլ­եան եւ այլ ազ­գա­յին­ներ:

 

Վի­ճա­կա­հա­նու­թեան ար­դիւնք­ներն են.- 

Առա­ջին` թիւ 00210.- Այ­տա Ղա­րիպ­եան (Վուտպ­րիճ, Նիւ Ճըր­զի)

Ոս­կե­ղէն` 14 Kt Gold Earring with 1 large enchanced blue diamond, and 3 small diamonds (տրա­մադր­ուած Դանի­էլ­եան ոս­կեր­չա­տան կող­մէ). 

Երկ­րորդ` թիւ 00277.- Սիր­վարդ Զուռ­նակ­եան (Ռիչ­մընտ, Վըր­ճին­իա 

Եր­կու ան­ձե­րու հա­մար նա­ւապ­տոյտ, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ` Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան.

 Եր­րորդ` թիւ 00253.- Արամ Բար­սեղ­եան  (Սան­նի­սայտ, Նիւ Եորք)

 Թիւ­ֆէնք­եանհաս­տա­տու­թեան կող­մէ տրա­մադր­ուած գորգ

Չոր­րորդ` թիւ 00329.- Նի­քոլ Տատ­եան (Նիւ Պեր­լին, Ուիս­քան­սին 

Ժա­մա­ցոյց մը` Movado վա­ճա­ռա­նի­շով, տրա­մադր­ուած Թո­րոս Չէ­օփճ­եա­նի կող­մէ.

Հին­գե­րորդ` թիւ 00452.- Վա­րու­ժան Վար­դան­եան (Ռիճ­ֆիլտ, Նիւ Ճըր­զի)

Նո­յեան Տա­պա­նի քան­դա­կը` գործ Մայքրլ Արա­մի

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles