ՋԵՐՄԻԿ ԱՆԿԻՒՆ
Լուսանկարներ` ԻՆՆԱ ՄԽԻՐԹԱՐԵԱՆԻ
13 թերաճ պատանի-պարմանուհիներ կ՛ապրին Երեւանի “Ջերմիկ Անկիւն“ տուն-հիմնարկին մէջ, որ իր տեսակին մէջ առաջինն է, հայրենի հողին վրայ:
Միացեալ Նահանգներէն կատարուած ներդրումով մը, 2005-ին հիմնուած է այս “կղզեակ“ը: Փորձառու մասնագէտներ` Նաթալի Ռիզըր եւ Պրիճիթ Անտերսըն կամաւոր կերպով եւ ամենայն նուիրումով, կը ղեկավարեն այս տնակը:
29 տարեկան Գայանէն եւ 28-ամեայ Ռոմանը “Ջերմիկ անկիւն“ի ամենահին բնակիչներն են: Գայանէն, արդէն իսկ կը կատարէ իր սիրած արհեստը` գորգագործութիւնը:
Ամենայն հպարտութեամբ, ան այցելու հիւրերուն կը ներկայացնէ իր աշխատանքը: Իսկ Ռոմանին աշխարհը` լուսանկարչութիւնն է:
“Ջերմիկ անկիւն“ի տնօրէնն է Ելէնա Կիրակոսեանը, որուն փափաքն է ստեղծել քանի մը կեդրոններ, նկատի ունենալով որ, երիտասարդ 150 այլ թերաճներ նոյն վիճակին մէջ կը գտնուին հայրենի հողէն ներս: