Հ.Մ.Ը.Մ. ՏԻԹՐՈՅԹԻ 35-ԱՄԵԱԿԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ

0 0
Read Time:6 Minute, 15 Second
Ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պող­նե­րու եւ ներ­կայ Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րու խմբան­կար

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Մ.Ը.Մ. Տիթ­րոյ­թի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ. Տիթ­րոյ­թի մաս­նա­ճիւ­ղի հիմ­նադ­րու­թեան 35-րդ տա­րե­դար­ձին նուիր­ուած ձեռ­նար­կը, Նո­յեմ­բեր 12, 2011ին երե­կոյ­եան ժա­մը 7:00էն սկսեալ, Տիթ­րոյ­թի Հայ Կեդ­րո­նէն ներս:

Ներ­կայ էին Սուրբ Սար­գիս Հա­յաս­տան­եայց Առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տէր Տա­րօն Աւագ Քա­հա­նայ Ստե­փան­եան, Տիթ­րոյ­թի Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­մայն­քա­պետ Հայր Ան­տոն Ծայ­րա­գոյն Վար­դա­պետ Ադամ­եան, եւ այլ հրա­ւիր­եալ­ներ:

Յա­տուկ յի­շա­տա­կու­թեան ար­ժա­նի էր Հ.Մ.Ը.Մ. Տիթ­րոյ­թի մաս­նա­ճիւ­ղի հիմ­նա­դիր­նե­րէն եւ առա­ջին վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րէն` Հմա­յակ Փա­լանճ­եա­նին ներ­կա­յու­թիւնը, շուրջ 200 ան­դամ­նե­րու և հա­մա­կիր­նե­րու կող­քին:

Ձեռ­նար­կի գլխա­ւոր հան­դի­սա­վարն էր մաս­նա­ճիւ­ղի խմբա­պե­տու­հի Լո­ռի Փի­լի­պոս­եա­նը, որ ձեռ­նար­կը բաց­ուած հա­մա­րե­լով ներ­կա­նե­րուն հրա­ւի­րեց մէկ վայրկ­եան յո­տըն­կայս լռու­թեամբ յար­գե­լու յի­շա­տա­կը  առ­յա­ւէտ բաժն­ուած Հ.Մ.Ը.Մ.ական­նե­րուն յի­շա­տա­կը: Իր բա­րի գա­լուս­տի խօս­քին մէջ Լո­ռի Փի­լի­պոս­եան, առա­ջին հեր­թին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բին ան­դամ­նե­րուն` Կա­րի­նէ Չոփճ­եա­նի, Թա­լին Մար­կոս­եա­նի, Րո­զա­լին Պաս­մաճ­եա­նի եւ Սօ­սի Փա­լանճ­եա­նին. որոնք ոչինչ խնա­յած էին այս գե­ղե­ցիկ երե­կոն յա­ջո­ղց­նե­լու հա­մար. ապա ան, շնոր­հա­ւո­րեց ան­դամ­ներն ու հա­մա­կիր­նե­րը,  միու­թեան այս հպար­տա­ցու­ցիչ տա­րե­դար­ձին առի­թով:

Տէ­րու­նա­կան աղօթ­քէն ետք, Լե­ւոն Սա­հակ­եան կար­դաց Շրջա­նա­յին Վար­չու­թեան խօս­քը:

Արամ Սանի Կաւուր կը ստանայ յուշանուէր

Ընթ­րի­քի սպա­սար­կու­թեան աւար­տին շա­րու­նակ­ուե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան բաժ­նի երկ­րորդ մա­սը, ուր քոյր Լոռի­ին մի­ա­ցաւ եղ­բայր Շանթ Ժամ­կոչ­եա­նը, եւ մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դամ­նե­րուն անու­նով խօսք առ­նե­լով նախ շնոր­հա­ւո­րեց տա­րե­դար­ձը, ապա վեր առաւ մաս­նա­ճիւ­ղի խմբա­պե­տու­հի Լո­ռի Փի­լի­պոս­եա­նին Հ.Մ.Ը.Մ.ակա­նի ար­ժա­նա­վա­յել գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը, եւ մաղ­թեց նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ:

Անդ­րա­դառ­նա­լով միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած ազ­գա­յին մեծ ար­ժէ­քին յատ­կա­պէս սփիւռ­քի տա­րած­քին անոր տա­րած իւ­րա­յա­տուկ գոր­ծու­նէ­ու­թեան, ուր հայ փոք­րիկ­նե­րը կը դաստ­ի­ա­րակ­ուին որ ապա­գա­յին դառ­նան բարձր գի­տակ­ցու­թեան տէր ազ­գա­յին ղե­կա­վար­ներ, օրի­նա­կե­լի հա­յոր­դի­ներ: Եզ­րա­փա­կե­լով, իր խօս­քը, ան ըսաւ.- Վե­րա­նորո­գենք մեր ուխ­տը եւ մի­ա­կամ ան­բիծ պա­հենք մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը:

Մաս­նա­ճիւ­ղը յա­տուկ յի­շա­տա­կի պատ­կեր­նե­րով պատ­ուեց մաս­նա­ճիւ­ղի մար­զա­կան խում­բե­րուն հո­վա­նա­ւոր­ներ Պրն. Մայք Ար­զու­ման­եա­նը, Եղ­բայր Արա Նշան­եա­նը (զա­ւա­կը` մաս­նա­ճիւ­ղի հիմ­նա­դիր­նե­րէն Եղ­բայր Ժագ Նշան­եա­նին) Շանթ Ժամ­կոչ­եա­նի ձե­ռամբ: Մաս­նա­ճիւ­ղի հզօ­րաց­ման հա­մար իր յա­րա­տեւ եւ տքնա­ջան աշ­խա­տան­քին հա­մար յու­շան­ուէր ստա­ցաւ նա­եւ Հրանդ Կիւլ­եա­նը, մաս­նա­ճիւ­ղի նախ­կին ատե­նա­պետ­նե­րէն` եղ­բայր Վար­դան Վար­դան­եա­նի ձե­ռամբ: Միու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս գա­ղու­թիս մէջ, իր ան­սա­կարկ ծա­ռա­յու­թեան հա­մար մաս­նա­ճիւ­ղը պատ­ուեց Շանթ Ժամ­կոչ­եա­նը` Ժագ Տէ­միրճ­եա­նի ձե­ռամբ: Միու­թեան տե­ղա­կան, շրջա­նա­յին եւ հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մա­կար­դա­կի ինչ­պէս նա­եւ Հ.Ե.Դ.ի իր եր­կար տա­րի­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան առ ի երախ­տա­գի­տու­թիւն, մաս­նա­ճիւ­ղը պատ­ուեց եղ­բայր Արամ Սա­նի Կա­ւու­րը, Հո­գե­ւոր Պե­տե­րուն ձե­ռամբ: Այս վեր­ջի­նը, իր սրտի խօս­քը փո­խան­ցեց:

Պաշ­տօ­նա­կան բաժ­նի աւար­տին, ելոյթ ու­նե­ցաւ Ուա­շինկ­թո­նէն այս առ­թիւ յա­տուկ հրա­ւիր­ուած` եր­գիչ Եղ­բայր Զա­րեհ Գաս­պար­եա­նը, որ իր նուա­գա­խում­բին ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ խան­դա­վա­ռեց երե­կոն: Խրախ­ճան­քը տե­ւեց մին­չեւ առա­ւօտ­եան կա­նուխ ժա­մե­րը: Այս առ­թիւ կա­տար­ուե­ցան սրտա­բուխ նուի­րա­տուու­թիւն­ներ:

35-ամ­եա­կի կար­կան­դա­կը կտրե­լու պատիւը տրուե­ցաւ մաս­նա­ճիւ­ղիս եր­կար տա­րի­նե­րու խմբա­պետ Փօլ Մա­խուլ­եա­նին եւ այժ­մու խմբա­պե­տու­հի Լո­ռի Փի­լի­պոս­եա­նին:

Միու­թեան ու­ժե­ղա­ցումն ու հզօ­րա­ցու­մը ամ­րապն­դե­լու նպա­տա­կով, Փի­լի­պոս­եան կա­րե­ւո­րեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դե­րը աշ­խար­հի բո­լոր գաղ­թօ­ճախ­նե­րէն ներս: Ան նշեց թէ Հայ Մարմ­նակր­թա­կան Միու­թեան ող­նա­սիւնը կը հա­մար­ուի սկաու­տու­թիւնը: Անոր ճամ­բով յա­ջոր­դա­կան սե­րունդ­նե­րու դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը կ՛ա­պա­հով­ուի եւ կա­րե­լի կ՛ըլլայ քայլ պա­հել ներ­կայ օրե­րու պա­հանջ­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս յա­ռաջ­խա­ղացք­նե­րուն, որոնք առաջ­նա­հերթ կը նկատ­ուին:

Յայ­տագ­րի վեր­ջին բաժ­նով ներ­կա­յաց­ուե­ցան ազ­գա­յին և յե­ղա­փո­խա­կան եր­գեր: Ներ­կա­նե­րը բաժն­ուե­ցան սրտի մեծ գո­հու­նա­կու­թեամբ, եւ այն հա­մո­զու­մով թէ իրենց գի­տա­կից ներ­կա­յու­թեամբ ներդ­րում բե­րին հա­յա­պահ­պա­նու­մի եւ հա­յա­կեր­տու­մի մեծ պար­տա­կա­նու­թիւնը վեր­ցու­ցած Հ.Մ.Ը.-Մ.ի մեծ ըն­տա­նի­քին յաղ­թա­կան եր­դին: Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին:

 

Թղթա­կից

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles