ԾԱՂԿԱՁՈՐ…ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿԻՆ ԱՆԿԻՒՆԸ
Երեւանէն հազիւ յիսուն քլմ. հիւսիս, կը գտնուի հռչակաւոր Ծաղկաձորը, որ կը հաշուէ 1700 բնակիչ: Անոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը զբաղուի զբօսաշրջիկութեան գործերով: Քաղաքին մէջ պանդոկներու եւ իջեւաններու թիւը կը գերազանցէ երեսունը:...