ԼրահոսՀայաստան

ԱՐՑԱԽԻ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏ ՇՐՋԱՆԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՊԵՂՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆԸ ՏՐՈՒԵՑԱՒ

p1 main3

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Արցախի արշաւախումբի ղեկավար Համլետ Պետրոսեան յայտնեց թէ, Արցախի Տիգրանակերտ շրջանի այս տարուան պեղումները սկսան Յունիս 15-ին եւ պիտի տեւեն եօթանասուն օր, իսկ այս աշխատանքին իրագործման համար Արցախի կառավարութիւնը յատկացուցած է 35 միլիոն դրամ: Պեղումներուն զուգահեռ, այս տարի կը նախատեսուի իրականացնել նաեւ՝ հնագիտական նիւթերու վերականգնում:
Հայոց արքայից արքայի՝ Մեծն Տիգրանի կողմէ կառուցուած Տիգրանակերտ քաղաքը հայ հնագէտները յայտնաբերած են 2005-ին: Պեղումներուն իբրեւ արդիւնք յայտնաբերուած են քաղաքի Միջնաբերդի պարիսպներուն կեդրոնական թաղամասի պազիլիք եկեղեցւոյ մէկ մասը, ամրացուած թաղամասի պարիսպներուն ժայռափոր հիմքերը, նոյն թաղամասի դարաւանդներէն մէկուն յենապատը: Հետազօտուած են նաեւ՝ ամրացուած ու կեդրոնական թաղամասերու քանի մը հատուածներ, քաղաքի մերձակայքը գտնուող պաշտամունքային քարայրային համալիրը, անոր քովէն անցնող ժայռափոր ջրանցքը, Խաչենագետի ձախ ափին գտնուող վաղմիջնադարեան ամրոցը: Ըստ Պետրոսեանի, կը նախատեսուի մինչեւ տարեվերջ գիրք մը Տիգրանակերտի պեղումներուն մասին:
Անցեալ տարուան պեղումներու կարեւորագոյն յաջողութիւններէն է նաեւ Արցախի Միջնաբերդի աւելի քան 8 մեթր տրամագծով շրջանաձեւ աշտարակի յայտնաբերումը: Հարուստ ու հզօր քաղաքի՝ Տիգրանակերտի, օրը-օրին ամբողջացնող պատկերը կþուրուագծէ նաեւ անոր ռազմավարական նշանակութիւնը:

Hairenik Media Hairenik Media

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button