ԽՈՀԵՐ.- ՊԱՏՈՒՀԱՆԷՆ ԴԻՏՈՒԱԾ

0 0
Read Time:6 Minute, 39 Second

ՊԱՅԾԱՌ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Պոս­թըն

Սեպ­տեմ­բեր 21, 2011, առա­ւօտ կա­նուխ, զի­նուո­րա­կան փո­ղե­րա­խում­բը, մար­տա­կան հնչո­ղու­թեամբ, իր շուրջ հա­ւա­քած էր ար­դէն հա­զա­րա­ւոր մարդ­կանց:

Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման քսա­նամ­եա­կի տա­րե­դար­ձը կը յի­շա­տակ­ուէր անե­րե­ւա­կա­յե­լի շքե­ղու­թեամբ:

Պան­դո­կի պա­տու­հա­նին եզ­րին թա­ռած, կը դի­տէի մեծ յափշ­տա­կու­թեամբ, զի­նուո­րա­կան տո­ղանցք Երե­ւա­նի սրտին մէջ, եռա­գոյն դրօշ­նե­րու առաջ­նոր­դու­թեամբ, ջո­կատ­նե­րը, խումբ առ խումբ, իրենց յա­տուկ մակ­դիր­նե­րով, ան­կախ հայ­րե­նի­քի փառ­քը կը հիւ­սէ­ին, խրոխտ ու հպարտ, վճռա­կան քայ­լե­րով: Յու­զու­մը կը խեղ­դէր կո­կորդս, ու­րա­խու­թեան եւ ափ­սո­սան­քի խոր զգա­ցու­մը կը փո­թոր­կէր հո­գիս:

Աստ­ուած իմ, մեր ու­սու­ցիչ­նե­րուն երա­զանքն ու մար­գա­րէ­ա­ցած խօս­քե­րը կը կեն­դա­նա­նա­յին հրաշ­քի հա­մազօ­րու­թեամբ: Նայ­ուածքս սե­ւե­ռած զի­նուո­րա­կան շքեր­թին, մտքով կը փո­խադր­ուիմ Պէյ­րու­թի Նշան Փա­լանճ­եան Ճե­մա­րա­նի երկ­րորդ յար­կի ծայ­րա­մա­սի դա­սա­րա­նը:

Կա­րօ Սա­սու­նին` հա­յե­րէ­նի գրա­կա­նու­թեան եւ պատ­մու­թեան մեր ու­սու­ցի­չը կը խօ­սի հա­մա-թու­րա­նա­կան քա­ղա­քա­կան ան­մարդ­կա­յին ծրա­գիր­նե­րու մա­սին, Արեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը վերջ­նա­կա­նա­պէս պար­պել, քրիս­տոն­եայ հայ ժո­ղո­վուր­դէն:

Վեց հա­րիւր տար­ուայ ստրկու­թե­նէն սպա­ռած հա­յը, գե­րու­թեան ճի­րան­նե­րէն դուրս գա­լու վճռա­կա­մու­թեամբ, կ՛որո­շէ կի­րար­կել “մեռց­նե­լով մեռ­նե­լու“ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը… Ազա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը ծայր կու տայ: Հե­րո­սա­կան կռիւ­ներ, առե­ւան­գում­ներ, մա­հեր, ար­տա­գաղթ, աւա­զախռ­ուած մար­մին­ներ, մէ­կու­կէս միլի­ոն նա­հա­տակ… եւ աշ­խար­հաց­րիւ հա­յու­թիւն:

Մա­յիս 28, 1918 ան­կախ հայ­րե­նի­քի երա­զը կ՛իրա­կա­նա­նայ:

1921-ին Հա­յաս­տա­նի խոր-հրդայ­նա­ցու­մով, տա­պա­նա­քա­րը կը դրուի ազա­տա­տենչ ժո­ղո­վուր­դի հո­գի­նե­րուն վրայ:

Դա­սա­րա­նը լուռ է ու ճնշուած. լռած է նա­եւ պրն. Սա­սու­նին, որուն դէմ­քի ծա­մած­ռու­թիւն­նե­րը կը դրսե­ւո­րեն իր փո­թոր­կոտ նե­րաշ­խար­հը. հա­մա­մարդ­կա­յին քա­ղա­քա­կան այ­լա­զան երե­ւոյթ­ներ կը խրա­խու­սեն իր երե­ւա­կա­յու­թիւնը եւ յան­կարծ մա­տը ցցե­լով.- Ես չեմ տես­ներ, բայց դուք պի­տի տես­նէ՛քԵռա­գոյ­նը պի­տի ծա­ծա­նի հան­րա­պե­տու­թեան շէն­քին վրայ“:

Այս ահա­ւոր ող­բեր­գու­թեան ական­ջա­լուր, դա­սա­րա­նը կը մնայ անդրդ­ուե­լի:

Քա­ղա­քա­կան այն­պի­սի վե­րի­վայ­րում­ներ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան, որ Հա­յաս­տանն ալ իր կար­գին պի­տի ստա­նայ վե­րան­կա­խա­նա­լու իր իրա­ւուն­քը կը շա­րու­նա­կէր ան:

Յու­սալք­ուած մեր հո­գի­նե­րը կը վե­րաշ­խու­ժա­նան պա­տա­նե­կան գե­րա­գոյն ըն­կա­լու­մով:

Լե­ւոն Շանթ Ճե­մա­րա­նի տնօ­րէն, իր հրա­պա­րա­կա­յին դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, ինք­նավս­տահ եւ հա­մո­զու­մով կը յայ­տա­րա­րէ.-Կա­րե­լի չէ, մարդ­կու­թիւնը վե­րա­ծել լուցկիի տու­փե­րու, հա­ւա­սար չա­փով կտրուած փայ­տիկ­նե­րը քով քո­վի շա­րե­լով: Հա­մայ­նա­վա­րու­թիւնը կեղ­ծիք է, պի­տի տա­պա­լի՛, չի կա­րե­լի այն­պէս շա­րու­նա­կելպի­տի տա­պա­լի՛“:

“Քա­ղա­քաց­ի­ա­կան Պատ­մու­թեան“ պահն է, Սի­մոն Վրաց­եան` Լե­ւոն Շան­թի յա­ջոր­դը հան­դի­սա­ցող մեր տնօ­րէ­նը կը խօ­սի Խորհր­դա­յին վար­չա­կար­գի ապազ­գայ­նա­ցած բռնա­տի­րու­թեան մա­սին եւ վեր­լու­ծե­լով ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հո­գե­վի­ճա­կը կ՛եզ­րա­կաց­նէ.- Ես ժո­ղո­վուր­դիցս չե՛մ վախ­նար, քա­րէն իր հա­ցը կը ճա­րէ, բայց հայ ժո­ղո­վուր­դին դի­մա­գի­ծը պի­տի փոխ­ուի“:

Քսա­նամ­եա­կի շքեր­թը կը շա­րու­նակ­ուի, որուն իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը կը բե­րեն նա­եւ երի­տա­սարդ կղե­րա­կան­ներ, Վար­դա­նանց պա­տե­րազ­մը յի­շեց­նող Ղե­ւոնդ Երէց­նե­րու ժա­ռան­գորդ­ներ, խա­չով եւ զէն­քով եկե­ղե­ցին ու հայ­րե­նի­քը պաշտ­պա­նե­լու գի­տակ­ցու­թեամբ:

Ցա­մա­քա­յին եւ օդա­յին զրահ­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւնը ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան յոյ­սը կը ներշն­չէ բո­լո­րիս:

Քսա­նամ­եա­կի առի­թով տե­ղի կ՛ու­նե­նան նա­եւ մշա­կու­թա­յին եւ մար­զա­կան միջո­ցա­ռում­ներ, ինչ­պէս նա­եւ հա­մա­հայ­կա­կան ժո­ղով­ներ, Սփիւռ­քի կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու անխ­տիր մաս­նակ­ցու­թեամբ:

1915ի Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ողջ մնա­ցած որ­բե­րու հսկայ փա­ղանգ մը, ան­տէր անօգ­նա­կան, իր նախ­նի­նե­րէն ժա­ռան­գած նկա­րագ­րա­յին ար­ժա­նիք­նե­րով, օրէ օր դժուա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լով կը կազ­մէ ներ­կա­յի ազ­գա­սէր եւ հայ­րե­նա­սէր բար­գա­ւաճ Սփիւռ­քը: Քսան տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, ան­կախ Հա­յաս­տա­նի դժգոհ ժո­ղո­վուր­դը, քա­ղա­քա­կան ապազ­գայ­նա­ցած պե­տու­թեան վե­րա­բեր­մուն­քէն, կը լքէ հայ­րե­նի­քը, խոր ընդվ­զու­մի են­թար­կե­լով հայ­րե­նա­սէր Սփիւռ­քը: Ժո­ղո­վը առիթ կը ստեղ­ծէ դժգո­հու­թիւնն ու ընդվ­զու­մը պաշ­տօ­նա­պէս ար­տա­յայ­տե­լու, թրքա­մէտ եւ շա­հագր­գիռ իշ­խա­նու­թեան կի­րար­կած քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հան­դէպ: Երկ­րին գլխա­ւոր ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւն­նե­րը սե­փա­կա­նա­ցու­ցած, անձ­նա­կան եւ նիւ­թա­կան շա­հե­րով տար­ուած, հարս­տու­թե­նէ յղփա­ցած փոք­րա­մաս­նու­թիւնը, պատ­ճառ կը հան­դի­սա­նայ հայ մար­դուն, սե­փա­կան հո­ղը լքե­լով մեկ­նե­լու…իր առօր­եայ հա­ցը ճա­րե­լու:

Զի­նուո­րա­կան շքեր­թը կը հաս­նի իր լրու­մին, ան­կախ Հա­յաս­տա­նի դրօ­շը կը ծա­ծա­նի հան­րա­պե­տու­թեան շէն­քին վրայ…

Հա­յաս­տա­նը կը պարպ­ուի:

Մտա­հո­գու­թիւնն ու տխրու­թիւնը դարձ­եալ կը ճնշեն գի­տա­կից հա­յու հո­գի­նե­րուն:

Պան­դո­կի պա­տու­հա­նին եզ­րին թա­ռած, ու­րա­խու­թեան ար­ցունք­նե­րով, զգաս­տա­ցու­մի եւ նոր զար­թօն­քի ոտ­նա­ձայ­նը լսե­լու լա­ւա­տե­սու­թեան յոյ­սով …կը հե­ռա­նամ պա­տու­հա­նէն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles