ՆԻՒ ԵՈՐ­ՔԻ ՄԷՋ.- ՀԱՅ ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԿՐԹԱ­ԿԱՆ ԽՈՐ­ՀՈՒՐ­ԴԻ ԿԱԶՄԱ­ԿԵՐ­ՊՈՒ­ԹԵԱՄԲ ՀԱ­ՅԵ­ՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒ­ՍՈՒ­ՑԻՉ­ՆԵ­ՐՈՒ ԳԻ­ՏԱ­ԺՈ­ՂՈՎ

0 0
Read Time:6 Minute, 18 Second

Շա­բաթ Հոկ­տեմ­բեր 1-ին, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ա.Մ.Ն. Արե­ւել­եան շրջա­նի Հայ  Ազ­գա­յին Առաջ­նոր­դա­րա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւնը վա­յե­լող Հայ Ազ­գա­յին Կրթա­կան Խոր­հուր­դին, տե­ղի ու­նե­ցաւ մի­օր­եայ հա­ւաք-գի­տա­ժո­ղով, մաս­նակ­ցու­թեամբ շրջա­նի կրթօ­ճախ­նե­րէն (ամէ­նօր­եայ թէ մի­օր­եայ) ժա­մա­նած ու­սու­ցիչ­նե­րու, որոնց կար­գին Նիւ Եոր­քէն` Սուրբ  Լու­սա­ւո­րիչ Ամէ­նօր­եայ Վար­ժա­րան, Ամե­նայն Սրբոց Նա­հա­տա­կաց, Սուրբ Սար­գիս եկե­ղեց­ւոյ Սիւ­զան եւ Յով­սէփ Յա­կոբ­եան Շա­բա­թօր­եայ, Նիւ Ճըրզի­էն` Նա­րեկ Շա­բա­թօր­եայ Վար­ժա­րան, Ֆի­լա­տելֆ­իա­յէն` Հայ Քոյ­րե­րու Ամէ­նօր­եայ Վար­ժա­րանն ու Հայ­կազ­եան Շա­բա­թօր­եայ Վար­ժա­րա­նը, Տիթ­րոյ­թէն  Հ.Օ.Մ.-ի Զա­ւար­եան Վար­ժա­րա­նը եւ Շի­քա­կո­յի Շա­բա­թօր­եայ Դանի­էլ Վա­րու­ժան դպրո­ցը:

Ժո­ղո­վը բաց­ուած հա­մա­րեց Հայ Ազ­գա­յին Կրթա­կան Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Յա­րու­թիւն Մսըրլ­եան, որ բեմ հրա­ւի­րեց Առաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նորդ Անու­շա­ւան Դանի­էլ­եա­նը, կա­տա­րե­լու բաց­ման աղօթքն ու փո­խան­ցեց իր սրտի խօս­քը:

Միայն հա­յե­րէնն ու Հա­յոց Պատ­մու­թիւնը չէ որ կը փո­խան­ցէ  հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցի­չը, այլ նա­եւ հայ­կա­կան ոգին ու շուն­չը“, ըսաւ ան որ աւ­ել­ցուց թէ ամէն դա­սա­տու ու­նի իր իւ­րա­յա­տուկ ոճը, որ կրնայ տպա­ւո­րել պա­տա­նի աշա­կեր­տը:

Արե­ւել­եան Ա.Մ.Ն.-ի Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Քա­րո­լին Շմա­ւոն­եան խօսք առ­նե­լով, շնոր­հա­ւո­րեց ներ­կայ ժո­ղո­վա­կան­նե­րը: Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւնը թի­կունք կը կանգ­նի ձեզ: Շա­րու­նա­կե­ցէ՛ք ձեր սուրբ եւ խիստ կա­րե­ւոր աշ­խա­տան­քը սոր­վեց­նե­լու հա­յե­րէ­նը, հա­յոց պատ­մու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը ըսաւ ան:

Ապա բեմ հրա­ւիր­ուե­ցաւ Հայ Ազ­գա­յին Կրթա­կան Խոր­հուր­դի ղե­կա­վար Վար­դան Մա­թէ­ոս­եա­նը, որ հե­տաքրք­րա­կան փո­խան­ցում­ներ կա­տա­րեց թէ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է ներգ­րա­ւ­ել աշա­կեր­տը, որ սի­րէ եւ կառ­չած մնայ հա­յե­րէն լեզ­ուին: Ան նա­եւ մատ­նան­շեց ար­դի ձե­ւե­րը, յատ­կա­պէս հա­մա­կար­գի­չի եւ անոր ըն­ծա­յած դիւ­րու­թիւն­նե­րուն (armenianeducation.blogspot.com) մի­ջո­ցաւ հե­տաքրքր­քա­կան դարձ­նե­լու հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցու­մը:

Ապա խօսք առաւ Դոկտ. Ար­սի­նէ Օշա­կան, որ իր փոր­ձա­ռու­թե­նէն եւ տե­սան­կիւ­նէն դիտ­ուած ներ­կա­յա­ցուց.-Ու­սում­նա­կան նոր տա­րաշր­ջաննոր թի­րախ նիւ­թը: Իր խօս­քի աւար­տին, ան կոչ ուղ­ղեց ու­սու­ցիչ­նե­րուն, որ­պէս­զի լա­ւա­պէս կեդ­րո­նա­նան եւ քննեն իրենց դէմ յան­դի­ման գտնուող խոչն­դոտ­նե­րը:

Հայ Ազ­գա­յին Կրթա­կան Խոր­հուր­դի ան­դամ դոկտ. Աս­պետ Վա­սիլ­եան կա­րե­ւո­րեց կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կում­նե­րը, եւ այդ գծով ալ ներ­կա­նե­րուն մղեց, որոնք յա­ւել­եալ զե­կու­ցում­նե­րով, մաս­նա­կից դառ­նան այս հա­ւա­քին:

Սօ­սի Էսա­ճան­եան, իր կար­գին պատ­մեց ամէ­նօր­եայ եւ շա­բա­թօր­եայ վար­ժա­րան­նե­րէն ներս ձեռք բե­րած փոր­ձա­ռու­թեանց մա­սին:

Փակ­ման խօս­քին մէջ, Հայ Ազ­գա­յին Կրթա­կան Խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Յա­րու­թիւն Մսըրլ­եան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց մաս­նակ­ցող ու­սու­ցիչ­նե­րուն, որոնք իրենց մաս­նակ­ցու­թեամբ, մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծած էին:

Հոս տե­ղին է ան­գամ մը եւս նշել թէ, երբ հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան մա­սին,  յա­ճա­խա­կի առիթ­նե­րով անդ­րա­դարձ կը կա­տար­ուի, միշտ ալ կը յի­շեց­ուի կրթա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն թէ` հայ դպրո­ցին կո­չու­մը սոսկ ծա­նօ­թու­թիւն փո­խան­ցել չէ, գի­տու­թիւն ջամ­բել չէ, այլ հայ մա­նու­կին հո­գե­ւոր ու բա­րո­յա­կան կրթու­թիւնն է: Հո՛ս է հայ դպրո­ցին գո­յու­թեան պատ­ճա­ռը, անոր նպա­տա­կը: Հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար հայ կրթօ­ճա­խը կը մնայ, ապառնիի տի­պար հայ մար­դը հա­յե­ցի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեամբ շա­ղա­խե­լու կոչ­ուած առաջ­նա­հերթ առա­քե­լու­թիւն: Հե­տե­ւա­բար, անըն­դու­նե­լի է այս գծով, բո­լոր պայ­ման­նե­րուն մէջ, որե՛­ւէ նա­հանջ կամ զի­ջում: Միշտ ալ գնա­հա­տե­լի է հայ դպրո­ցին ցու­ցա­բե­րած հո­գա­ծու խնամ­քը հայ մա­նու­կին նկատ­մամբ: Յատ­կա­պէս ներ­կայ օրե­րուն երի­տա­սար­դը կրթե­լը դիւ­րին չէ. սա լուրջ մար­տահ­րա­ւէր մըն է: Հայ պա­տանի­ին ան­մի­ջա­կան մի­ջա­վայ­րը լե­ցուն է ախ­տա­վա­րակ երե­ւոյթ­նե­րով, եր­բեմն անոր աչ­քե­րուն դի­մաց կը պարզ­ուին այն­պի­սի տե­սա­րան­ներ ու ականջ­նե­րուն կը հաս­նին այն­պի­սի ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ, որոնք մա­նու­կին կող­մէ սպուն­քի նման ծծուե­լով` իրենց ժխտա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը կ՛ու­նե­նան անոր նկա­րագ­րի կազ­մա­ւոր­ման մէջ: Հե­տե­ւա­բար, չի՛ բա­ւեր միայն ման­կա­վար­ժա­կան նոր մի­ջոցնե­րու դի­մել կամ միայն ծնո­ղա­կան ժո­ղով­նե­րու ճամ­բով յի­շե­ցում­ներ կա­տա­րել: Անհ­րա­ժեշտ է ճի­գը կրկնա­պատ­կել հայ աշա­կեր­տին կրթու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ: Միւս կող­մէ, հայ ու­սուց­չին առաջ­նա­հերթ պար­տա­ւո­րու­թիւնն է հայ դպրո­ցա­կա­նին դաստ­ի­ա­րա­կու­թիւնը: Ու­սու­ցի­չը հայ աշա­կեր­տին երկ­րորդ ծնողքն է: Ման­կա­պար­տէ­զի փոքր դա­սա­րան­նե­րէն սկսեալ մա­նու­կը իր ծնող­քին կող­քին իր դի­մաց կը տես­նէ իր ու­սուց­չու­հին եւ կը հե­տե­ւի անոր` եւ նո՛յ­նիսկ անոր խօ­սե­լա­կեր­պին ու շար­ժում­նե­րուն: Արդ, ու­սուց­չու­հին տի­պարն է մա­նու­կին: Անոր դե­րը մա­նու­կի դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան մէջ այն­քան ազ­դե­ցիկ է, որ երբ մա­նու­կը մեծ­նայ, նոյ­նիսկ իր յա­ռա­ջաց­եալ տա­րի­քին մէջ չի մոռ­նար դպրո­ցի իր ու­սուց­չու­հի­նե­րը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles