Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2-ին, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Առաջին Կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Արեւելեան Ա․ Մ․ Ն․-ի թեմ։ Նիւ Եորքի օդակայանին մէջ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի, Ազգային Իշխանութեան ատենապետ Արամ Սարաֆեանի եւ թեմի խումբ մը հոգեւոր հայրերուն կողմէ։ Յիշենք, որ անցեալ տարի Վեհափառ Հայրապետը այցելած էր արեւելեան թեմի Միջին Ատլանտեան շրջանի ծուխերը։ Ներկայ հովուապետական այցելութիւնը պիտի ընդգրկէ Նիւ Ինկլընտի եւ Միջին Ամերիկայի ծուխերը՝ Փրաւիտընս (Ռոտ Այլընտ), Ինտիըն Օրչըրտ, Ուստըր, Ուայթընզվիլ, Պոսթըն, Նորթ Անտովըր (Մասաչուսէց), Կրանիթ Սիթի, Կլենվիւ, Ուոքիկըն (Իլինոյ), Ռէյսին (Ուիսքանսին) եւ Տիրպորն (Միշիկըն)։
Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանան Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի տնօրէն Հոգեշնորհ Տէր Յովակիմ Վարդապետ Բանճարճեան եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական ու քրիստոնեայ-իսլամ բաժանմունքի վարիչ Հոգեշնորհ Տէր Սարգիս Վարդապետ Աբրահամեան։
Նիւ Եորք ժամանման առաջին օրը, 3 Հոկտեմբեր 2024-ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի ներկայութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ունեցաւ հետեւեալ հանդիպումները.-
— Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին շրջանի քահանայ հայրերը եւ զեկուցեցին իրենց կատարած հովուական աշխատանքներուն մասին: Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց քահանայ հայրերուն եւ շեշտեց մեր եկեղեցւոյ ու ազգին արժէքները ու աւանդութիւնները առաւելագոյն չափով մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կենսագործելու հրամայականը:
— Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, քահանայ հօր՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լաքիսեանի գլխաւորութեամբ: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Նորին Սրբութեան զեկուցելու եկեղեցւոյ աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին: Այս առթիւ, հոգաբարձութիւնը Դպրեվանքին նուիրատուութիւն մը կատարեց՝ առ ի զօրակցութիւն հոգեւոր սպասաւորներու կազմաւորման առաքելութեան:
— Նորին Ս. Օծութեան այցելեց Կաթողիկոսարանի երկար տարիներու բարերար Ռիչըրտ Գարոլան: Յայտնենք, որ Գարոլան ընտանիքը Կաթողիկոսարանի մէկ բաժանմունքին շինութեան բարերարը եղած է, հրատարակչական ֆոնտ հաստատած է Կաթողիկոսարանին մէջ եւ զանազան առիթներով օժանդակած Արեւելեան թեմի ծրագիրներուն եւ Կաթողիկոսարանի ընկերային ծառայութեան առնչուած աշխատանքներուն: Վեհափառ Հայրապետը իր խոր գնահատանքը յայտնեց Ռիչըրտ Գարոլանին՝ իր գլխաւորած հիմնարկին կողմէ կատարուող շարունակական օժանդակութեանց համար: Իր կարգին, ազնուահոգի բարերարը Հայրապետին խոստացաւ շարունակել իր զօրակցութիւնը թէ՛ Կաթողիկոսարանի եւ թէ՛ թեմի ծրագիրներուն:Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը անցեալ տարի Ռիչըրտ Գարոլանը պարգեւատրած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով։ Առ այդ, Հայրապետը տիար Ռիչըրտ Գարոլանին փոխանցեց իր սրբատառ կոնդակը։
Նշենք, որ բարերարը ճաշի հիւրը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին: