Հովուապետական այցելութեամբ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․ ժամանած, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. Վեհափառ Հայրապետին շքախումբը, Հոկտեմբեր 8-ին Փրաւիտընսէն ուղղուեցաւ ՍփրինկՖիլտ, ուր Ինտիըն Օրչըրտ շրջանին մէջ կը գործէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Նորին Սրբութեան շքախումբին մաս կը կազմեն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Արեւելեան թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ գնդապետ Արամ Սարաֆեան:
Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ քահանայ հօր եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ: Կատարուեցաւ «Հրաշափառ»-ի արարողութիւն, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը իր հայրական խօսքը ուղղելով ներկաներուն՝ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ երկրորդ անգամ ըլլալով կ՚այցելէ այս եկեղեցին: Ան յիշեց, որ Նիւ Եորք իր ուսանողութեան տարիներուն յաճախակի առիթներով այցելած է այս եկեղեցին ու մատուցած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ եկեղեցւոյ համայնքին իւրայատուկ նկարագրին՝ որպէս Աստուծոյ տունը, իսկ հաւատացեալները՝ որպէս Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը: Հայրապետը թելադրեց, որ այս գիտակցութեամբ մասնակից պէտք է դառնանք եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան: Նորին Սրբութեան պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, եւ ապա ճաշկերոյթ՝ ծխայիններուն մասնակցութեամբ:
Ճաշկերոյթին յաջորդաբար խօսք առին Սփրինկֆիլտի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պետրոս Աւ. Քհնյ. Շիթիլեան, թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ գնդապետ Սարաֆեան եւ թեմի առաջնորդ Անուշաւան Արք. Դանիէլեան:
Իր փակման օրհնութեան խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադրաձաւ առաջնորդարան-ծուխ յարաբերութեան առնչուած շարք մը երեւոյթներու՝ շեշտելով յարաբերութիւնը հետեւողական գործակցութեան վերածելու անհրաժեշտութիւնը: Ապա, ան իր խօսքը ուղղելով ներկայ համալսարանական երիտասարդներուն՝ ըսաւ, որ ուսումը հարկ է արժեւորել ծառայութեամբ եւ եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մասնակցութեամբ: