Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Առաջնորդարանի կրօնքի կրօնական կրթութեան Դ. Տարեկան հանդիպում-հաւաքը, տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 7-8-ին, Քանէթիքէթի Սէյնթ Թոմըս հիմնարկին մէջ: Շուրջ քսան երիտասարդներ ժամանած Փենսիլվանիայէն, Նիւ Եորքէն, նիւ Ճըրզիէն, Քանէթիքէթէն եւ Ռոտ Այլընտէն մասնակցեցան այս երկօրեայ հաւաքին:
Կրօնական եւ մանաւանդ հայեցի կրօնական զանազան բնագաւառներու մասին խօսեցան Առաջնորդական Փոխանորդ Անուշաւան Դանիէլեան, Քհնյ.Ստեփան Պալճեան (Կրանիթ Սիթի), Աւագ Քհնյ. Կոմիտաս Պաղսարեան (Փրավիտընս, Ռոտ Այլընտ), Քհնյ. Գարեգին Պետուրեան (Նորթ Էնտովըր, Մասաչուսէց), Հայր Նարեկ Տէրտէրեան (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք):
Հայ եկեղեցւոյ համար հայ երիտասարդին դաստիարակութիւնը` իր կրօնական թէ ազգային տարածքներով, կը շարունակէ մնալ առաջնահերթութիւն: Այս ծիրէն ներս, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Առաջնորդարանի հիմնած այս հաւաքը, բարերար դեր կատարած է ու կը շարունակէ կատարել վերանորոգ թափով: Հայ երիտասարդի հայրենի-կրօնական դաստիարակութեան մօտեցումը անհրաժեշտ է որ դառնայ համապարփակ: Նեղ հայեցակէտով եւ ժամանակավրէպ ձեւերով կատարուող դաստիարակութիւնը կրնայ հակառակ արդիւնքը տալ: Պէտք է գիտնալ հանգրուանային մօտեցումով ու յառաջատուական ընթացքով ի՞նչ փոխանցել երիտասարդին եւ ի՞նչ բանէ հեռու պահել զինք թէ՛ ընտանիքին, թէ՛ դպրոցին եւ թէ ընկերական կեանքին մէջ:
Դժուար է դաստիարակել երիտասարդը, ուր երբեմն կը դիմուի այնպիսի միջոցներու, որոնք համահունչ են կեանքի ներկայ պայմաններուն ու մտահոգութիւններուն ու նաեւ` գրաւիչ եւ ազդու:
Դասախօսները նշեցին թէ Երիտասարդը ապագային բացող ու առաջնորդող յոյսն ու ապաւէնն է: Եթէ կ՛ուզենք պայծառացնել մեր եկեղեցին, հզօրացնել հայրենիքը եւ երաշխաւորել մեր ազգի ապագան, պէտք է դառնանք երիտասարդին ու Քրիստոսի պատգամին հետեւելով բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութիւն ընծայենք անոր` ընտանիքէն ներս, դպրոցէն ու եկեղեցիէն եւ ընդհանրապէս հաւաքական կեանքէն ներս:
Երիտասարդը չի կրնար ճիշդ ու ամբողջական կերպով արտայայտել իր սպասումները, մտահոգութիւնները, կարիքները, նախասիրութիւնները, իր ցաւն ու ուրախութիւնը: Հարկ է մօտենալ անոր եւ գործնապէս ցոյց տալ թէ ան շրջապատուած է զինք սիրող ու հոգացող անձերով եւ գտնել խօսելու, յարաբերելու ու գործակցելու ճի՛շդ կերպերը: Անոնք յայտնեցին թէ անհրաժեշտ է երիտասարդը դաստիարակել` զինք հեռու պահելով վնասաբեր միջավայրերէ, շռայլ կենցաղակերպերէ, շփացած վարուելակերպերէ, այլասերիչ յարաբերութիւններէ, տհաճ խօսակցութիւններէ ու քանդիչ բռնարարքներէ եւ յատկապէս դաստիարակել` իր մէջ սիրոյ ու յարգանքի յարաբերութիւն ստեղծելով ծնողներուն նկատմամբ, ընկերներուն նկատմամբ, հակառակ սեռին նկատմամբ, անծանօթին նկատմամբ ու կենսոլորտին նկատմամբ:
Կատարուեցաւ զրոյց, յատկապէս արծարծուեցան բազմաթիւ հարցեր թէ ինչպէ՞ս կարելի է ներգրաւել երիտասարդութիւնը, հակառակ ներկայ արդի պայմաններուն, որոնք բազմիցս արգելք կը հանդիսանան եւ եզրակացուեցաւ թէ միջոցը կայ, երիտասարդին մէջ սէր ու նախանձախնդրութիւն յառաջացնելու հոգեւոր, բարոյական, մշակութային ու ազգային արժէքներուն ու աւանդութիւններուն. եկեղեցւոյ ու հայրենիքին.համահայկական ձգտումներուն ու երազներուն նկատմամբ: