ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՍՈՒՐԲ ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ…ԿՈԹՈՂԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑ ՄԸ

0 0
Read Time:4 Minute, 37 Second

 Կիրակի Հոկտեմբեր 23, 2011-ին, Տիգրանակերտի մէջ վերաբացուեցաւ Հայաստանեայց Աառաքելական եկեղեցւոյ Միջին Արեւելքի մեծագոյն կալուածը` Սուրբ Կիրակոսը:

1915-էն ետք Սուրբ Կիրակոսը կիսաւեր վիճակի մատնուած է եւ դադրած` գործելէ: Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն օգտագործուած է որպէս զինանոց, իսկ պատերազմէն ետք` իբրեւ մթերանոց: 1960-ին եկեղեցին վերադարձուած է Տիգրանակերտի հայութեան, սակայն նիւթական անբաւարար պայմաններու տակ գտնուելով` տարիներով մնացած է անխնամ վիճակի մէջ:

Տիգրանակերտի աքքատական սեպաձեւ արձանագրութիւններու մէջ Ք. Ա. 2¬րդ հազարամեակի վերջաւորութեան, կառոյցը կը յիշուի Ամեդու անունով:

Նախապէս, Յունիս 19-ին, , խումբ մը հայ հոգեւորականներու եւ աշխարհականներու մասնակցութեամբ, կրօնական յատուկ արարողութեամբ, Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ Աթէշեան սուրբ պատարագ մատուցեց վերանորոգուած եկեղեցւոյ մէջ, սակայն անցեալ շաբաթավերջին է, որ տեղի ունեցաւ պաշտօնական պարարագը:

Տիգրանակերտի քիւրտ քաղաքապետ Օսման Պայտեմ անցեալին պատահած դառնութիւններն ու անողոք արարքները դատապարտելով, յայտնեց թէ  նոր հանգրուանի մը սկիզբը դրուեցաւ Տիգրանակերտի մէջ:

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ անուան առաջին անգամ կը հանդիպինք հայազգի ճանապարհորդ Սիմէոն Լեհացիի (1584-1637) “Ուղեգրութիւն“ (Ուքրայինայի Լվով քաղաքին մէջ գրի առած 1619-1625 թուականներուն) անունով հատորին մէջ: Սիմէոն Լեհացի 1608-1619 տարիներուն ճամբորդած է դէպի  Հայաստան, Իտալիա, Ռումանիա, Պուլկարիա, Յունաստան, Թուրքիա, Սուրիա, Պաղեստին, Եգիպտոս եւ շարք մը այլ երկիրներ եւ գրի առած ու տեղ տուած է ժողովուրդներու սովորութիւններուն, կենցաղին, բարքերուն, կրօնին, ծէսերուն, ճարտարապետական յուշարձաններու նկարագրութեան: Ըստ Լեհացիի, օսմանացիներ Տիգրանակերտը 1515¬ին գրաւելէ յետոյ, քաղաքի մայր եկեղեցին` Սուրբ Թէոդորոսը,  1515¬1518 թուականներուն կը վերածեն մզկիթի` զայն կոչելով  Գուրշունլու Ճէմի: 629-ին կառուցուած եւ Բագրատունեանց Աշոտ Ա.ի (885-890) նորոգած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին ալ կ՛ըլլայ քաղաքի գլխաւոր մզկիթը` Ուլու Ճամի: Մզկիթի վերածուած են նաեւ Սուրբ Գէորգ, Սուրբ Երրորդութիւն եւ Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիները:

Երբ Ֆաթիհ փաշա մզկիթի մօտակայ Սուրբ Թէոդորոս եկեղեցին 1515¬1518 թուականներուն, իր կարգին մզկիթի կը վերածէ, եկեղեցապատկան գերեզմանատան հողին վրայ կը կառուցուի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին, որուն շինութեան տարին ճշգրտութեամբ յայտնի չէ: Եկեղեցին 1722-ին կ՛ենթարկուի նորոգութեան եւ 1729-ին ալ կ՛ընդարձակուի, Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի պատրիարքի օրով (1715-1741): Եկեղեցւոյ համալիրին մէջ կը գտնուին Սուրբ Սարգիս եկեղեցին ու Սուրբ Յակոբ մատուռը:

Յունիս 1881-ի մեծ հրդեհ մը բաւական կորուստ կը պատճառէ, որմէ ետք 1883-ին կը վերաշինուի ներկայ կառոյցով` հինգ մեծ եւ երկու փոքր խորաններով, որոնցմէ գլխաւոր խորանը բացառիկ նրբաճաշակ կառուցուածք ունի: Ան ունի չորս դռներ եւ երեք հազար հաւատացեալներ  պարփակելու տարողութիւն:  Եկեղեցւոյ տարածքը 1400 քառ. մեթր է, իսկ համալիրինը` 3500, ուր կը գտնուի  հոգեւորականի բնակավայր, դպրոց, աղքատներու կերակուր սպասարկող ճաշարան, հաւաքման սրահ:  Տաճարի եօթ խորանները կը խորհրդանշեն եկեղեցւոյ եօթ խորհուրդները` մկրտութիւն, դրոշմ, ապաշխարութիւն, սուրբ հաղորդութիւն, ձեռնադրութիւն, պսակ-ամուսնութեան եւ կարգ հիւանդաց, իսկ  չորս դռներն ալ` չորս աւետարանիչները` Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս:

Աւագ շաբաթ օր մը…1913-ին, սարսափելի կայծակ մը կը հարուածէ սոխաձեւ գմբէթն ու  զանգակատունը եւ ասոր արդիւնք միեւնոյն տարին կը կառուցուի կոթական ոճով 29 մեթր բարձրութեամբ նոր զանգակատուն մը, ուր կը զետեղուի քանդուած զանգակատան Զիլճեաններու (ցայսօր հանրածանօթ Պոլսահայ մականուն մը` հարուածային գործիքներու բնագաւառէն ներս) շինած զանգակը եւ ոսկեխաչ մը: Դժբախտաբար, տարագրութեան դաժան օրերուն, եկեղեցւոյ զանգակատունը  թնդանօթաձգութեամբ փուլ կու գայ…Մայիս 28, 1915-ին, շրջակայ մզկիթներու մինարէներէն բարձր ըլլալու պատճառաբանութեամբ:

Ա. Աշխարհամարտի օրերուն  եկեղեցին գործածուեցաւ որպէս գերմանական սպաներու զօրանոց եւ հանրապետութեան սկզբնական շրջանին ալ` որպէս կտաւի մթերանոց:

1950-ին, պայմաններու մասամբ բարելաւումով, Սուրբ Կիրակոս սկսաւ գործել: Հայութեան  արդէն սակաւաթիւ  ներկայութիւնը  տարուէ տարի բոլորովին  նուազեցաւ: Երիտասարդութիւնը ուսանելու, չափահասներն ալ տնտեսական պատճառներով, նաեւ անհանդուրժելի  դարձող շրջապատի ճնշման պատճառով իրենց ծննդավայրէն հեռացաւ` կորսնցնելով, պետականօրէն ճշդուած, եկեղեցւոյ վարչութեան անդամ ընտրուելու իրաւունքը: 1990-ին քաղաքը արդէն իսկ հայաթափուած է: Եկեղեցւոյ հոգատարութեան ծանր բեռը ինկաւ քանի մը տարեց տիգրանակերտցիներու ուսերուն վրայ, որու արդիւնք` եկեղեցին ու շրջապատող  շէնքերը մնացին անխնամ, գրեթէ փլատակ վիճակի մէջ:

2008-ին, նոր օրէնքներու թոյլտւութեամբ,  Տիգրանակերտէն հեռու ապրողներու ալ վարչական ընտրուելու արտօնութեամբ, Պոլսոյ մէջ կը կազմուի Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնարկը: Վարչութիւնը պատրիարքարանին հետ խորհրդակցելէ ետք, որոշԵՑ 1992¬ին տանիքն ալ փուլ եկած  եկեղեցին վերանորոգել եւ զայն կորսուած մօտաւորապէս երկու հազար եկեղեցիներուն ցանկին վրայ չաւելցնել: Այս գծով, առնուեցան համապատասխան քայլեր եւ կազմուեցաւ շինութեան ծրագիրը` ամբողջութեամբ պահպանելով կառոյցի նախկին տեսքը: Շուտով գրանցուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ յուշարձաններու խորհուրդին կողմէ: Եկեղեցւոյ շինութեան արժէքն է երկու միլիոն չորս հարիւր հազար տոլար, իսկ զանգակատունը` երկու հարիւր յիսուն հազար տոլար:

Պայտեմիր անդրադառնալով քաղաքի պատմութեան` յայտնած է. “Տիարպեքիրը ( այսինքն Տիգրանակերտը) բազմակրօն, բազմամշակութային եւ բազմալեզու քաղաք է: Ան որքան իսլամներուն կը պատկանի, նոյնքան ալ քրիստոնեաներուն կը պատկանի: Ժամանակին հայերն ու ասորիները մեր հայրենակիցները եղած են: Թէեւ այսօր անոնք սփռուած են աշխարհի չորս կողմը, սակայն ես յոյս ունիմ, որ օր մը անոնք կը վերադառնան“:

Քաղաքապետ Պայտեմիր յայտնած էր, որ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ անպայման խաչ պիտի զետեղուի: Ան ըսած էր. “Եթէ մզկիթ մը մինարեթ չունի, չի կրնար մզկիթ համարուիլ: Նոյնպէս, եկեղեցի մը չի կրնար ամբողջական կրօնական կառոյց դառնալ` առանց խաչի: Հետեւաբար Սուրբ Կիրակոսը խաչ պիտի ունենայ իր գմբէթին“:

Օրին, երբ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնարկի ատենապետ Վարդգէս Այըք մօտեցած էր քաղաքապետութեան, թաղապետութեան,  անոնց խոստացուած էր  համագործակցութիւն եւ շինութեան ծախսերու մասնակցութիւն` 660 հազար տոլարով: Նաեւ խոստացուած էր եկեղեցւոյ վերադարձնել գրաւեալ եկեղեցապատկան հողերն ու կալուածները, որոնց եկամուտով պիտի հոգացուին եկեղեցւոյ ընթացիկ ծախսերը: Ըստ Թուրքիոյ կարգ մը օրէնքներուն, փոքրամասնութիւնները իրենց դպրոցները, եկեղեցիները, համայնքային շէնքերը նորոգելու համար յատուկ արտօնութեան կը կարօտին: Վարդգէս Այըք իր յարատեւ ջանքերով, անցած էր իւրաքանչիւր հանգրուանէ եւ ստացած` վերաշինութեան արտօնագիր:

Քաղաքի բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը` 90 առ հարիւրը, քիւրտ է: Ժողովուրդին 73 առ հարիւրը քրտերէն կը խօսի: Քաղաքապետն ու թաղապետներէն շատեր  ալ քիւրտ են: Հասկացողութիւնը այն է, թէ իւրաքանչիւր ազգի անհատ պէտք է իր մայրենի լեզուով կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն ունենայ եւ ժողովրդավարութեան հաստատման համար ալ պէտք է յարգուի ուրիշներու մշակոյթը:  Այս ըմբռնումով քաղաքի աւագանին կը փափաքի քրտական մշակոյթի ծաղկման զարկ տալ: Այդ ալ կարելի է քաղաքը դարձեալ վերածելով բազմամշակութային միջավայրի մը:  Առ այդ, թաղապետարանի ծառայութիւնները կը կատարուին  քանի մը լեզուներով, ի մէջ այլոց` հայերէնով: Կը հրատարակուի եռամսեայ ուսանողական թերթ` վեց լեզուներով, որոնց կարգին հայերէն: Հրատարակուած է Տիգրանակերտի մասին հայերէն գրքոյկ, նաեւ` երեխաներու համար հայերէն ու թուրքերէն հեքիաթներու գիրք:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles